ՀՀ Սփիւռքի Նախարարը Մասնակցեցաւ Թորոս Թորանեանի Ծննդեան 90-ամեակին Նուիրուած Ցերեկոյթին
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայաստանի Գրողներու միութեան նախաձեռնութեամբ մարտ 27-ին Հայաստանի Գրողներու միութեան մէջ տեղի ունեցաւ արձակագիր, բանաստեղծ, հրապարակախօս Թորոս Թորանեանի ծննդեան 90 ամեակին նուիրուած ցերեկոյթ:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան` նշելով, որ մեծանուն գրողին կը ճանչնայ ու անոր գործունէութեան տեղեակ է դեռեւս 1980-ական թուականներէն: «Լինելով սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական` Թորոս Թորանեանը անգամ Խորհրդային Հայաստանի տարիներին մեծ անուն էր վայելում Հայրենիքում, ընդունուած ու սիրուած էր: Ուրախ եմ, որ երբեմնի դրախտային Հալէպը պատկերացրել եմ հէնց Թորոս Թորանեանի կերպարով: Ծնուելով Հալէպում, եկաւ Հայաստան բժշկական կրթութիւն ստանալու, սակայն իր յետագայ կեանքն ու գործունէութիւնն ուղղեց մարդկանց հոգիների բուժմանը, նուիրուեց հայ համայնքին ու Հայ դատի արդարացի լուծմանը»,-նշեց Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:
Նախարարն ընդգծեց նաեւ, որ սուրիահայ մտաւորականն անցաւ աշխարհի միջօրէականներով, եղաւ Սփիւռքի հայ համայնքներու մէջ, եւ ինչպէս ինք ձեւակերպած է, հրաժարեցաւ «թափառական կեանքէն» իր ողջ գերդաստանով վերջին տարիներուն հաստատուեցաւ Հայաստանի մէջ` վայելելով Հայրենիքի ջերմութիւնն ու սէրը:
Սփիւռքի մէջ հայանպաստ գործունէութեան, հայապահպանութեան, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման գործին մէջ ունեցած նշանակալի աւանդի համար Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Թորոս Թորանեանին յանձնեց ՀՀ վարչապետի յուշամետալը:
Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ անգամ այս պատկառելի տարիքին գրող-հրապարակախօսն իր գրիչը վար չի դներ, կը շարունակէ իր աւանդն ունենալ Հայրենիք-Սփիւռք կապերու սերտացման գործին մէջ:
ՀԲԸՄ Հայաստանի ներկայացչութեան փոխտնօրէն Յովիկ Եորդեկեան կարեւոր համարեց Թորոս Թորանեանի գործունէութիւնը Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան մէջ` որպէս երկարամեայ անդամ, եւ պարգեւատրեց միութեան յուշանուէրով:
Այնուհետեւ ելոյթներ ունեցան «Հայկական Հանրագիտարան» հրատարակչութեան տնօրէն Յովհաննէս Այվազեան, յայտնի գրականագէտներ, արձակագիրներ: Ընթերցուեցան հատուածներ գրողի ստեղծագործութիւններէն:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն` Թորոս Թորանեան նշեց, որ իր ամբողջ կեանքին մէջ , գրական ստեղծագործութեան առանցքին մէջ եղած է Հայրենիքը, եւ եթէ հնարաւորութիւն ունենար կրկին լոյս աշխարհ գալու, կը ցանկար ծնիլ եւ ապրիլ միայն Հայաստանի մէջ: