«Գերմանական Միջազգային Համագործակցութիւն» Ընկերութեան Պատուիրակութիւնն Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն
Յունիս 26-ին սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան ընդունեց «Գերմանական միջազգային համագործակցութիւն» ընկերութեան պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ էին Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան փոխդեսպան Քլաուս Վենդելբերգերը, ԳՄՀԸ հայաստանեան գրասենեակի տնօրէն Աննէ Քեմփան, «Հարաւային Կովկասի մէջ ներքին տեղահանուած անձանց եւ բնակչութեան խոցելի խումբերու տնտեսական եւ ընկերային մասնակցութիւն ընդունող համայնքներուն մէջ» ծրագիրի տարածաշրջանային տնօրէն Ֆրեդերիկէ Ռոխովանսկին, մասնաւոր հատուածի զարգացում միջին մասնագիտական կրթութիւն եւ վերապատրաստում ծրագիրի հայաստանեան խումբի ղեկավար Վիլհելմ Հիւգոն, ծրագիրի փորձագէտ Կարինէ Սիմոնեան:
Հանդիպման նպատակն էր ներկայացնել Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ ֆինանսաւորուող եւ ԳՄՀԸ-ի կողմէ իրականացուող` Սուրիահայերու տնտեսական համարկման ուղղուած ծրագիրը, ինչպէս նաեւ քննարկել ծրագիրի ծիրէն ներս սփիւռքի նախարարութեան եւ ԳՄՀԸ-ի միջեւ շարունակական համագործակցութեան հետ կապուած հարցեր:
Ողջունելով հիւրերը` նախարար Մխիթար Հայրապետեան կարեւոր համարեց համագործակցութիւնը միջազգային, բարեգործական, համահայկական կառոյցներու հետ, անոնց մասնակցութիւնը սուրիահայերու հիմնախնդիրներու լուծման:
Աննէ Քեմպան շնորհաւորեց եւ յաջողութիւն մաղթեց նախարարին, ներկայացուց կազմակերպութեան աշխատանքի ուղղուածութիւնը, յառաջիկայ ծրագիրներն ու յետագայ համագործակցութեան հեռանկարները: Պատուիրակութեան միւս անդամները խօսեցան սուրիահայերուն ցուցաբերուող աջակցութեան տարբեր ոլորտներու մասին, կարեւոր համարելով յատկապէս կրթական ծրագիրներն ու տնտեսական համարկան հարցերը:
Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ սուրիահայերու ընկերային, տնտեսական հարցերու լուծման ուղղութեամբ իրականացուած քայլերուն, առաջնահերթութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն: Կարեւոր համարուեցաւ բոլոր կազմակերպութիւններու միասնական ռազմավարութիւնը, համակարգուած աշխատանքը, աշխոյժ համագործակցութիւնը: