Լիբանանահայ արուեստագէտ եւ հաւաքորդ Յարութիւն Թորոսեան պարգեւատրուեցաւ «Արշիլ Գորկի» մետալով

Յուլիս 27-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան հիւրընկալեց լիբանանահայ արուեստագէտ եւ հաւաքորդ Յարութիւն Թորոսեանն ու անոր կինը:

 Յարութիւն Թորոսեան ծնած է 1933թ. Պէյրութ: Կրթութիւն ստացած է Փարիզի Ազգային բարձրագոյն գեղարուեստի դպրոցէն ներս, ապա յաճախած` Ժիւլենի ակադեմիա: Ան կը ստեղծագործէ գրաֆիկի, գեղանկարչութեան եւ քանդակագործութեան ժանրերով: Անոր աշխատանքները տեղ գտած են նաեւ Հայաստանի ազգային պատկերասրահէն ներս:

Օրերս Յարութիւն Թորոսեան Արցախի պետական պատմաերկրագիտական թանգարանին  նուիրած էր հայկական դրամներու իր բացառիկ հարուստ հաւաքածուն, որ բաղկացած է հին մետաղադրամներու եւ թղթադրամներու 168 նմուշներէն որը յատկանշական է Տիգրան Մեծի, Արտաւազդ Երկրորդի եւ Կիլիկեան թագաւորութեան ժամանակաշրջաններու հազուագիւտ դրամներով, ինչպէս նաեւ Տիգրան Մեծի մատանիի ագաթէ քարը` արքայի դիմաքանդակով:

 Ողջունելով հիւրերը` Հրանոյշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց Յարութիւն Թորոսեանին իր  հայրենանուէր քայլի համար եւ  հաւաստիացուց, որ սփիւռքահայերու կողմէն Հայրենիքի  համար իրականացուող իւրաքանչիւր գործ ըստ արժանւոյն կը գնահատուի նախարարութեան կողմէն: “Այս իմաստով մեծապէս գնահատելի է Ձեր նուիրատւութիւնը, եւ ան կրնայ օրինակ դառնալ ու ոգեւորել այլ սփիւռքահայեր”, – նշեց նախարարը եւ տեղեկացուց, որ գեղանկարչութեան ասպարէզէն ներս ունեցած նշանակալի աւանդի եւ հայրենանուէր գործունէութեան համար  Յարութիւն Թորոսեանը պարգեւատրուած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան “Արշիլ Գորկի” մետալով:

 Յուզումով ու երախտագիտութեամբ ընդունելով նախարարութեան պարգեւը` Յարութիւն Թորոսեան ըսաւ. “Մենք դժբախտութիւն ունեցած ենք ապրելու Հայաստանէն հեռու, սակայն մեր մտածումները մշտապէս կապուած եղած են Հայրենիքի հետ: Վերջին տարիներուն ակնդէտ հետեւած ենք Արցախի ազատագրական պայքարին, ոգեւորուած եւ հպարտացած ենք, միեւնոյն ժամանակ մեծ ցաւ ապրած ենք, որ այդ պայքարի մէջ բազմաթիւ երիտասարդներ զոհուած են: Մշտապէս զիս կը հետապնդէր այն հարցը` թէ ես ի՞նչ կրնամ ընել Արցախի համար: Եւ մտածեցի երկար տարիներու ընթացքին  հաւաքած դրամներու հարուստ հաւաքածուն նուիրել Արցախին` իբրեւ անոր հանդէպ մեծ սիրոյ եւ գուրգուրանքի վկայութիւն”:

 Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան լիբանանահայ մշակութային կեանքին, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեանն առնչուող հարցեր:

Scroll Up