Ախալցխայի Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչները Հիւրընկալուեցան Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ

Յունիս 26-ին Ախալցխայի հայ համայնքի  խումբ մը ներկայացուցիչներ՝ akhaltskha.net կայքի գլխաւոր խմբագիր Էդուարդ Այվազեանի եւ հոգեւոր տեսուչ Տէր Յակոբ աբեղայ Սահակեանի ուղեկցութեամբ հիւրընկալուեցան սփիւռքի նախարարութեան մէջ: Հանդիպման ներկայ էր Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի խորհրդական Արսէն Խառատեան:

Ողջիւնելով հիւրերը` սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան նշեց, որ դեռեւս 1918 թուականին տեղի ունեցած Ախալցխայի հերոսամարտը հայ ժողովուրդի հպարտութիւններէն մէկն է, իսկ Ծուղրութի հազարամեայ աւետարանը` հայկականութեան խօսուն խորհրդանիշը: Սփիւռքի նախարարը անդրադարձ կատարեց առկայ կրթական, մշակութային խնդիրներուն` ընդգծելով, որ ատոնք մշտապէս պիտի ըլլան ուշադրութեան կեդրոնին մէջ: Մխիթար Հայրապետեան խօսեցաւ նաեւ նախարարութեան նոր` «Քայլ դէպի տուն» ուսումնաճանաչողական ծրագիրին մասին, որ այս տարի կ’ընթանայ անցումային փուլով օգոստոս 10-24:

Վարչապետի խորհրդական Արսէն Խառատեան նշեց, որ վիրահայութիւնը կամուրջի դերակատարութիւն ունի հայ-վրացական յարաբերութիւններուն համար:

Ախալցխայի հոգեւոր տեսուչը ներկայացուց առկայ մտահոգութիւնները` յոյս յայտնելով առաւել սերտ համագործակցութեան:

Հանդիպման ընթացքին հնչեցին հայալեզու ուսումնամեթոտական գրականութեան, հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչներու վերապատրաստման առնչուող հարցեր: Նախարար Մխիթար Հայրապետեան շեշտեց, որ վրացի գործընկերներու հետ համագործակցութեամբ առկայ խնդիրները լուծումներ կը ստանան:

Scroll Up