ՀՀ Սփիւռքի Նախարարը Ընդունեց Ֆրանսահայ Երգիչ Եսայի Ալթունեանը

Փետրուար 12-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հ. Յակոբեան ընդունեց ֆրանսահայ երիտասարդ երգիչ, երաժշտահան, արտադրող, գործիքաւորող Եսայի Ալթունեանը:

Ալթունեան տեղեկացուց, որ արմատներով Արեւմտեան Հայաստանի Խարբերդ գաւառէն է, մեծհայրը ցեղասպանութեան ականատեսներէն  եղած է, որուն հարազատներէն շատերը զոհ  գացած են թրքական եաթաղանին, եւ Եսային իր մէջ կը կրէ մեծհօր յիշողութիւններն ու ցեղասպանութեան ցաւը:  Ան միշտ սերտ կապեր  պահպանած է ֆրանսահայ համայնքին հետ, համագործակցած է Միշէլ Լեկրանի եւ այլ նշանաւոր ֆրանսահայերու հետ: Առաջին անգամ Հայաստան  եկած է 1997-ին` «Երկիր եւ մշակոյթ» կազմակերպութեան միջոցով եւ մասնակցած է Գոգարանի եկեղեցւոյ վերանորոգման: Ներկայիս ֆրանսական հեռուստաալիքներէն մէկուն երաժշտական տնօրէնն է: Ունի իր անձնական արուեստանոցը Ֆրանսայի մէջ: Երաժշտութիւն  գրած է ֆրանս-ալժիրեան համատեղ արտադրութեան ֆիլմին համար, որ պիտի ցուցադրուի Քաննի ֆիլմի փառատօնին: Աշխատած է նաեւ հայկական հեռուստաալիքներու հետ, «Էրեբունի-Երեւան» տեսահոլովակի սենարի հեղինակն է:

Ողջունելով հիւրը` նախարարն իր ուրախութիւնն ու հպարտութիւնը յայտնեց արուեստի մէջ անոր ունեցած յաջողութիւններուն, մասնաւորապէս, Հայոց ցեղասպանութեան  100-րդ տարելիցին նուիրուած  «Չեմ մոռնար» երգի ստեղծման առիթով, որուն նկարահանումները իրականացուած են Հայաստանի եւ Ֆրանսայի մէջ:

Երգիչը մեծ ոգեւորութեամբ ու զգայնութեամբ պատմեց  տեսահոլովակի ստեղծման մասին` շեշտելով, որ այնտեղ ինքը ներդրած է իր բոլոր զգացումներն ու ցանկութիւնները. «Այս երգով ես փորձած եմ աշխարհին ըսել, որ այն, ինչ պատահեցաւ մեր նախնիներուն հետ, երբե՛ք չի մոռցուիր: Ես կ’ուզեմ երաժշտութեան եւ երգի միջոցով մեր յաջորդ սերունդներուն փոխանցել ոչ միայն այդ ցաւն ու յիշողութիւնները, այլեւ պայքարի եւ հաւատքի ոգին: Կ’ուզեմ, որ  Թուրքիան հասկնայ, թէ անհնար է այդպէս շարունակել, եւ վերջապէս, ներողութիւն խնդրէ հայ ժողովուրդէն: Ատիկա ես կը համարեմ իմ առաքելութիւնը»:

Նախարար Հ. Յակոբեան երգիչին ծանօթացուց վերջերս ՀՀ նախագահի կողմէ հրապարակուած Ցեղասպանութեան համահայկական հռչակագիրի հիմնական դրոյթներուն, խօսեցաւ յետագայ համագործակցութեան հնարաւորութիւններուն մասին: Հանդիպման աւարտին նախարարը երիտասարդ երգիչին նուիրեց տարուան խորհրդանիշը` Անմոռուկը, ինչպէս նաեւ նախարարութեան կողմէ հրատարակուած «Ցաւի, յիշողութեան եւ պայքարի կոթողներ» ալպոմը:

01 02 03 04

Scroll Up