Սարդարապատի Զանգերու Ղօղանջով. Ձեռնարկ Օդեսայի Հայկական Կիրակնօրեայ Դպրոցին ՄԷջ

Զանգերու յաղթական ղօղանջի ներքոյ բեմ բարձրացան «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի թոռներ» գրական-ազգագրական արուսետանոցի սաներէն երեքը` կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն հանդերձներով, պատկերելով «Համանուագ մի եռագոյն»`
Արհաւիրքներ բազում տեսած`
Իմ Հայաստան երկրի ոգի,
Արեան գնով դու ձեռք բերուած`
Հեւքը անկախ Հայաստանի:
Այսպէս մեկնարկեց «Սարդարապատ-100» խորագիրը կրող ձեռնարկը, որ նուիրուած էր համաժողովրդական մեծ հերոսամարտին եւ հայոց պետականութեան վերականգման մէկդարեայ յոբելեանին: Այն կազմակերպած էր Մեսրոպ Մաշտոցի անուան կիրակնօրեայ կրթօճախի տնօրէն, վերոյիշեալ արուեստանոցի գեղարուեստական ղեկավար Էլեն Պօղոսեան` երգչուհի, երգուսոյց Սիրանոյշ Մինասեանի աջակցութեամբ:
Ներկայ էին համայնքի ղեկավարութիւնը, հոգեւոր դասի ներկայացուցիչները, եկեղեցական վարչութեան ատենապետն ու անդամները, պարզապէս հայրենասէր օդեսահայեր:
Ոգեւորող, խանդավառող` հայրենասիրական այս ձեռնարկը յագեցուած էր բեմականացուած դրուագներով, որոնց մէջ առկայ էր տուեալ ժամանակաշրջանի շունչը, ոգին: Կարծես, ներկայ էինք ոչ թէ ձեռնարկի, այլ` փաստավաւերագրական ֆիլմի ցուցադրման:
Ինչպէս 100 տարի առաջ` ղօղանջեցին կոչնակները եւ կենաց ու մահու կռուի ահազանգ տուին, քանզի վերստին`
Արարատ լերան հայեացքի տակ ծեր`
Բիրտ եաթաղանն էր վայրի շառաչում…
Արուեստանոցի սաները հանդիսատեսին վարպետօրէն ի ցոյց դրին տեղի ունեցած դէպքերն ու իրադարձութիւնները` ներկայացնելով հայ ժողովուրդի խիզախութիւնն ու միասնականութիւնը, հոգեւոր դասի, ռազմական ու պետական գործիչներու` հայրենիքին նուիրուածութիւնն ու տաղանդը:
Արթուր Սեդրակեան ընթերցեց զօրավար Մովսէս Սիլիկեանի կոչը, որուն արձագանքը եղաւ «Զարթի՛ր, լաօ»՛ երգը: Անոր տագնապալից, բայց խրոխտ ելեւէջներու ներքոյ մուտք գործեցին արուեստանոցի կրտսեր սաները: Բեմահարթակին վրայ պատկերուեցաւ ժողովրդական համախմբուածութեան տեսարան, չէ՞ որ մայիսեան այս օրերուն տեղի ունեցած հերոսամարտերուն. կը կռուէին բոլորը` զինուորները, աշխարհազօրայինը, կանայք, տղամարդիկ: Ժողովուրդը կը կռուէր` վերստին հաւաստելով Աւարայրի խորհուրդը` «Մահ իմացեալ անմահութիւն է, մահ ոչ իմացեալ` մահ»:
Գարեգին եպիսկոպոս Յովսէփեանի դերով էր Վահան Պօղոսեան: Ըստ իս` ան յաջողեցաւ իրաւացի, անթերի մատուցել աձնազոհութեան պատրաստ Սրբազանի գործունէութիւնը, որուն խօսքերը միախառնուելով զանգերու ղօղանջներուն` դարձած էին յորդոր, սուրբ մղում, կռուի երգ ու հայրենականչ:
Ձեռնարկի մասնակիցներէն իւրաքանչիւրը կը ձգտէր հնարաւորինս ճշմարտացի ներկայացնել` ժողովուրդը յանուն հայրենեաց պայքարին տանող, անոր ըմբոստացումը խանդավառող առաջնորդներու կերպարները, վասնզի հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարը ծնած է ազգային հերոսներու` հոգեւոր ու պետական այրերու, տաղանդաւոր ռազմական գործիչներու վառ աստղաբոյլ մը` Գարեգին Սրբազան, Մովսէս Սիլիկեան, Պօղոս եւ Դանիէլ Բեկ- Փիրումեաններ, Թովմաս Նազարբէկեան, Անդրանիկ Օզանեան, Գարեգին Նժդեհ, Արամ Մանուկեան, Յովհաննէս Քաջազնունի.․․
Ինչպէս Սարդարապատի զանգերու մեղեդիները կը յուշեն`
Երբ չի մնում ելք ու ճար,
Խենթերն են գտնում հնար…
Տհոլահար Արսէն Գրիգորեանի կատարմամբ հնչեց «Յաղթանակ» երաժշտական ստեղագործութիւնը եւ ազդարարուեցաւ յաղթութեան աւետիքը.
Ստորագրում եմ` զօրավար Սիլիկեան:
Թուրքը հեռացաւ: Հայ ազգը մնաց:
Եւ նրա գլխին բորբ արեւ շողաց,
Շողաց եռագոյն դրօշի բոցով,
Նոր ուժով ծաղկեց հողը Հայաստան:
Քաջ զօրավարի դերը հպարտօրէն կը կատարէր Արտեոմ Զակունցը:
Սարդարապատի յաղթական զանգերուն նման ղօղանջեց Արեւիկ Արմենակեանի ձայնը. «Մենք միշտ երգով ենք յաղթել»:
Մեկնաբանութեան, ասմունքի, համահունչ երգ ու երաժշտութեան միահիւսմամբ` վառ ու տպաւորիչ պատկերուեցաւ հայ ժողովուրդի մաքառումներու, ընդվզումներու ու մեծագոյն յաղթանակներու պատմութիւնը, 1918թ. մայիս 28-ին հայոց պետականութեան վերականգման` համայն հայութեան բազմադարեայ, նուիրական երազանքի իրականացումը:
Էրիկ Յակոբեանի երգը` «Այստեղ եմ ծնուել եւ այստեղ մեծացել», ներբող էր Երեւանին, որ դարձաւ նորակերտ պետութեան մայրաքաղաքը:
Կրտսեր խումբի կատարմամբ հնչեց` «Արիւնոտ դրօշ սուրբ ազատութեան», եւ ներս բերուեցան Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան դրօշն ու զինանշանը:
Մերօրեայ հանրապետութիւնը ժառանգեց մէկ հարիւրամեակ առաջ ընդունած խորհրդանիշները, հետեւաբար, հնչեց ՀՀ օրհներգը: Այնուհետեւ «Երազ իմ երկիր հայրենի»-ի մեղեդիները ողողեցին մեծ ու լուսաւոր սրահը:
Ձեռնարկի աւարտին «Լուսաւորչի թոռներն» իրենց ակնածանքն ու խոնարհումը արտայայտեցին մայիսեան փառապանծ յաղթանակները եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը կերտող հերոսներուն․
-Փա՜ ռք, յաւերժ փա՜ ռք:
Մեր ժողովուրդի հերոսութիւնն ու հերոսներու անմահութիւնը կը յաւերժացնէ «Սարդարապատ» յուշարձան-կոթողի վեհասքանչ զանգերու յաւիտենական ղօղանջը․
Զանգերն են զնգում Սարդարապատի…
Յանգեր են ասես,
Երգի, Հաւատի, Յարութեան յանգեր..
Սարդարապատում հնչում են զանգեր…
Նարինէ Մուրադեան, ք. Օդեսա