ՀՀ Հիմնադրման 100-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներ Նոր Ջուղայի Եւ Շահինշահրի ՄԷջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/05/ջուղա-2.jpg)
Նախաձեռնութեամբ Սպահանի Հայոց թեմի ՀՀ հիմնադրման 100-ամեակի կեդրոնական յանձնախումբի, Հայոց նորագոյն պետականութեան հիմնադրման եւ հայրենիքի վերանկախացման տօնի 100-ամեայ յոբելեանը նշուեցաւ ժողովրդական հանդիսաւոր տօնախմբութեամբ մայիս 22-ի երեկոյեան, Նոր Ջուղայի Հայ մարզամշակութային «Արարատ» միութեան մարզասրահին մէջ:
Ծրագիրի մեկնարկը տրուեցաւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան օրհներգով: Նոր Ջուղայի Հայ մարզամշակութային «Արարատ» միութեան Սկաուտական միաւորի անդամներու միջոցով դահլիճ բերուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եռագոյն դրօշը, որմէ ետք իրականացուեցաւ Հանրապետական մաղթանք` Սպահանի Հայոց թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Սիփան եպս. Քեչեջեանի նախագահութեամբ եւ Շահինշահրի հայ համայնքի հոգեւոր տեսուչ գերապատուելի Տ. Անանիա ծ. վրդ. Գուջանեանի ու եկեղեցական դասի մասնակցութեամբ: Յաջորդիւ հնչեց ՀՀ օրհներգն ու ծածանեցաւ հայկական դրօշը: Արարողութեան երգեցողութիւնը կատարեց Ս. Ամենափրկիչ վանքի «Կոմիտաս» երգչախումբը` Արմէն Ամիրխանեանի ղեկավարութեամբ:
Այնուհետ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան երեկոյի հանդիսավար Անի Ղազարեան: Այնուհետեւ թեմակալ առաջնորդ Սրբազան Հայրը, հոգոր տեսուչ Հայր Սուրբը, թեմի Պատգամաւորական ժողովի թեմական ու կրօնական խորհուրդներու ատենապետեր Թաթուլ Օհանեանը, Վարուժ Մինասեանն ու Վարուժ Մովսիսեանը, շրջանի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Վահէ Թորոսեանն ընդունեցին աւանդոյթ դարձած հանդիսաւոր շքերթը` մասնակցութեամբ թեմի ազգային մարմիններու, շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի, միութիւններու ու երգչախմբերու վարչութիւններու, երիտ-պատանեկան միութիւններու անդամներու, Հայոց ազգային դպրոցներու աշակերտութեան ու անձնակազմերու, ՀՀ հիմնադրման 100-ամեակի տօնակատարութեան ենթայանձնախումբի նոր Ջուղայի Հայ մարզամշակութային «Արարատ» միութեան Սկաուտական միաւորի անդամներու:
Երեկոյի դասախօսն էր Պատգամաւորական ժողովի, միեւնոյն ժամանակ ՀՀ հիմնադրման 100-ամեակի Կեդրոնական յանձնախումբի ատենապետ Թաթուլ Օհանեան, որ իր ելոյթին մէջ անդրադառնալով անկախութեան գաղափարին` ընդգծեց, թէ հայ ժողովուրդն անկախութեան համար իր պայքարը մղած է հետեւեալ ուղղութիւններով` մշակութային, դիւանագիտական, զինեալ գործողութիւններ: Ան նշեց, որ հայ ժողովուրդն իր բազմադարեան պատմութեան ընթացքին միշտ եղած է ազատատենչ անկախութեան ձգտող ազգ, յիշատակեց ազատութեան ճանապարհին հայ ժողովուրդի առաջին կռիւներէն` Հայկ Նահապետի պայքարը բռնակալ Բէլի դէմ:
Դասախօսը յանուն անկախութեան հայ ժողովուրդի մղած մշակութային պայքարի շարանին մատնանշեց յատկապէս տառերու գիւտն ու ազգային եկեղեցւոյ` Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ ստեղծումը, իսկ դիւանագիտական պայքարի շարքին մէջ` Ստեփանոս Է. Սալմաստեցի, Միքայէլ Սեբաստացի ու Յակոբ 4-րդ Ջուղայեցի կաթողիկոսներու, Իսրայէլ Օրիի ծաւալած դիւանագիտական գործողութիւնները:
Օհանեան թուարկելով մեր պատմութեան մէջ իրագործուած զինեալ պայքարներէն` հռոմէացիներու դէմ կռիւները, Վարդանանց, Վահանանց պատերազմները, Սարդարապատի, Ղարաքիլիսայի, Պաշ-Ապարանի, Արցախի գոյամարտերն ու ֆիդայական շարժումները` ըսաւ. «Թէեւ կարճատեւ եղաւ Առաջին Հանրապետութեան կեանքը, սակայն ֆիդայական կռիւներու ու ատոր շարունակութեան մէջ իրականացուած մայիսեան հերոսամարտերուն շնորհիւ թուրքը չյաջողեցաւ հայաթափ ընել Արեւելեան Հայաստանը: Մայիս 28-ը փշրեց հայ ժողովուրդի ստրկութեան շղթան, Սփիւռքի հայութեան հայեացքն ուղղեց դէպի մէկ հայրենիք: Մայիս 28-ի գաղափարի շնորհիւ կերտուեցան մեր յետագայ հանրապետութիւններն ու տեղի ունեցաւ Արցախեան ազատամարտը»:
Ներկաներուն իր հայրական պատգամը փոխանցեց թեմակալ առաջնորդ Սրբազան Հայրը: Ան նշեց, որ 1918 թուականի Մայիսեան դէպքերն անջնջելի են իւրաքանչիւր հայու մտքէն, որ Ցեղասպանութեան տառապանքը, թշնամի ուժերու յարձակումներն ու շրջափակումները մեր ժողովուրդին, յատկապէս` հայ քաջարի մարտիկներուն, դարձուցին ադամանդեայ անձնաւորութիւններ, որոնք բախուելով Սարդարապատի պատին` ինչպէս նաեւ Մայիսեան հերոսամարտին, վերածուեցան բեղմնափոշիի, վերակենդանացուցին հայ ժողովուրդի գոյութեան ծառը: Ծառ, որ աճեցաւ, դարձաւ պատուանդանն ու հիմնասիւնը Մայիս 28-ի պետականութեան յարատեւման:
Գերշ. Տ. Սիփան եպիսկոպոս Քեչեջեան իր խօսքի եզրափակիչ բաժինին մէջ Մայիս 28-ն անուանեց հայ ժողովուրդի հպարտութեան պարծանքի յուշակոթողն ու խորհրդանիշը. մէկ խօսքով` հայ ազգի էութիւնը:
Գեղարուեստական բաժինին մէջ խանդավառ երգերու կատարմամբ հանդիսատեսի տօնական տրամադրութիւնը բազմապատկեց «Արցախի ձայներ» երաժշտական համոյթը: Բոլոր կատարումներն արժանացան ներկաներու բուռն ծափողջոյններուն:
Տօնական ձեռնարկը աւարտեցաւ հրավառութեամբ:
Յատկանշական է, որ վերոնշեալ յայտագիրով տօնախմբութիւն կայացաւ նաեւ Շահինշահրի մէջ` մայիս 21-ին, Նոր Ջուղայի Հայ մարզամշակութային «Արարատ» միութեան Շահինշահրի մասնաճիւղի «Արամ Մանուկեան» սրահին մէջ: Իւրաքանչիւր համայնքի տօնական երեկոյի կազմակերպական գործն ի կատար ածուած էր պատկան ենթայանձնախումբի միջոցով: Շահինշահրի ձեռնարկը վարեց Մարիա Խուդաւերդեան:
Նոր Ջուղայի թղթակից
Լուսանկարիչ` Գեւիկ եւ Անդրէ Խաչատրեաններ