Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ Քուէյթի Մէջ
Քուէյթի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Եպս. Զօպույեանի հովանաւորութեամբ եւ Քուէյթի Ազգային Վարչութեան նախաձեռնութեամբ՝ նշուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան ծննդեան 100-ամեակը։ Այս մասին կը տեղեկանանք Լիլիթ Գալստեանի դիմատետրի էջէն։
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Ազգային վարժարանի փոխտնօրէն՝ Պրն. Կարօ Արսլանեան՝ նշելով, որ Սարդարապատը կերտողներուն առջեւ պարտքը կը պարտադրէ հաւաքական ճիգով ու հաւաքական աւիւնով մասնակից դառնալ մեր պետականութեան յետագայ զօրացման։
Հանդիսութեան մասնակիցներուն իր ուղերձը փոխանցեց նաեւ Քուէյթի մէջ ՀՀ դեսպան Մանուէլ Բադէյեան։ Իր խօսքին մէջ դեսպանը մասնաւորապէս նշեց. « Հարիւրամեակի յոբելինական այս պատասխանատու հանգրուանին պարտաւոր ենք արժեւորելու մեր ժառանգութիւնը, վերահաստատելու մեր արժէքներն ու սկզբունքները, ի վերջոյ փնտռելու ուղիները, որոնք մեր պետութիւնն ու հայրենիքը կը դարձնեն առաւել արդիական ու մրցունակ, կ’ապահովեն Հայաստանի Հանրապետութեան քազաքացիի մշակութային, կրթական ու քաղաքական իրաւունքները: … Բոլորս համոզուած ենք, որ կայացած եւ մրցունակ Հայաստանն է համահայկական հարցերու լուծման միակ երաշխիքը. իրաւունք չունինք արդիւնաւէտօրէն չօգտագործելու այնպիսի բնական եւ անփոխարինելի ներուժ, ինչպէս է Սփիւռքը։ Սփիւռքի քաղաքական ու տնտեսական մասնակցութեան ընդլայնումը Հայաստանի արագ բարեփոխման հրամայականներէն է։
Արդարութիւնը, բարեկեցութիւնը, անկախութիւնը, մէկ խօսքով ուժեղ ազգային պետութիւնը իւրաքանչիւր հայու երազանքն է։ Մեր նպատակը՝ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ, ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ կառուցելն է։
Այս ամէնը երկարատեւ նուիրում կը պահանջէ եւ իրագործելի է միայն համայն հայութեան գործուն ու միասնական համախմբումով»։
Օրուան բանախօս Արթուր Եղիազարեան, իր հերթին, շեշտեց, որ այսօր Հայաստանի մէջ ստեղծուած նոր իրավիճակին յաջողութեան համար՝ պատասխանատու են բոլորը։
Երեկոն եզրափակուեցաւ մշակութային ձեռնարկով։