ՀՀ Սփիւռքի Նախարարը Պարգեւատրեց Պերճ Ճամպազեանը

Յունիս 26-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան վերապատուելի Պերճ Ճամպազեանը պարգեւատրեց «Պօղոս Նուպար» մետալով:

Պերճ Ճամպազեան ծնած է Երուսաղէմ, 1966թ.-ին Զուիցերիոյ մէջ  աւարտած է Պիթենպըրկ դպրոցի առաքելութիւններու եւ աստուածաբանութեան բաժինը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական դպրոցը: 1981թ.-ին ստանձնած է Հոլիւուտի մէջ Միացեալ հայկական ժողովական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ պաշտօնը եւ որոշ ժամանակ անց դարձած է աւագ հովիւ Միացեալ հայկական ժողովական եկեղեցւոյ եւ ծառայած է այնտեղ շուրջ տաս տարի:

1984թ.-ին Ճամպազեան ստեղծած է հոգեւոր մշակութային հեռուստաժամ հայ համայնքին համար: Ան մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէ համայնքի գործերուն:

Ճամպազեան հանդիսացած է Glendale Memorial Hospital-ի տնօրէններու խորհուրդի անդամ, ինչպէս նաեւ երիտասարդական քրիստոնէական միութեան տնօրէններու խորհուրդի անդամ: 2006թ.-էն  Սուրբ Երրորդութիւն Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադիր հովիւն է: Հայրենիքի հետ կապերը սկսած են դեռեւս 1988 թուականին, երբ վերապատուելի Ճամպազեան  մարդասիրական օգնութիւն  կազմակերպած է Սպիտակի երկրաշարժի տուժածներուն համար:

Բարձր  գնահատելով Պերճ Ճամպազեանի ներդրումը Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան ամրապնդման եւ զարգացման գործին` նախարար Հրանուշ Յակոբեան մասնաւորապէս նշեց. «Որպէս մարդ եւ քաղաքացի Պերճ Ճամպազեանը մեծ  ներդրում ունի հայապահպանութեան  գործում` իր որակով, իր տեսակով, իր արժեհամակարգով կարողանում է շրջապատին ոգեւորել, հաւատ ներշնչել հայի, հայութեան եւ Հայաստանի նկատմամբ: Վերապատուելին աւետարանական եկեղեցու հովիւ լինելով մեծարում է Հայ առաքելական եկեղեցուն եւ Մեծ գործընկերն է Մայր Աթոռ սուրբ եկեղեցու»:

Շնորհակալութիւն յայտնելով բարձր պարգեւի համար` պարոն Ճամպազեան
խոստովանեցաւ, որ պարգեւն իրեն համար անակնկալ էր. «Ես չէի կրնար ակնկալել նման բարձր պարգեւ, քանի որ Հայրենիքի հանդէպ իմ  ծառայութիւնը եղած է բացառապէս  որպէս ծառայ: Շատ ուրախ եմ, որ այս ոսկէ առիթը եղաւ: Որպէս հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ իմ նուիրումը, զօրակցութիւնը մշտապէս բերած եմ Հայրենիքին եւ Մայր եկեղեցւոյ: Հայրենասիրութիւնը պէտք է ունենայ նկարագիր` հոգեւոր եւ բարոյական, առանց նկարագրի` այն վնաս կը բերէ հայրենիքին», – ըսաւ ան:

Scroll Up