Հալէպի Մէջ Հանդիսաւոր Պաշտամունք՝ Նուիրուած Հ.Հ. 100 Ամեակին

Հովանաւորութեամբ Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքի Համայնքապետ՝ Վեր. Յարութիւն Սելիմեանի, Կիրակի 27 Մայիս 2018 առաւօտեան ժամը 10:00-ին Հայ Աւետ. Բեթէլ եկեղեցիին մէջ, տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր պաշտամունք նուիրուած՝ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100 ամեակին:
Պաշտամունքին ներկայ էին Հալէպի Հ.Հ. գլխաւոր Հիւպատոսը, Հայ Աւետ. Համայնքի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, Հայ Աւետ. դպրոցներու տնօրէններ, ուսուցչակազմեր եւ հոծ բազմութիւն:
Պաշտամունքը սկսաւ Պատ. Սիմոն Տէր Սահակեանի աղօթքով, ան Աստուծոյ փառք եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ազատ եւ անկախ հայրենիք ունենալուն համար:
Պաշտամունքին իրենց մասնակցութիւնը բերին Տիկ. Լենա Պաղտոյեան-Աշըգեան «Երազ իմ երկիր» մեներգով, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի, ապա Տեսիլ Սարեան եւ Անժելլա Տաղլեան ջութակով իսկ Ռուզան Պարսումեան դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ նուագեցին «Տեսնեմ Անի» երաժշտական կտորը:
Օրուան պատգամը մատուց Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքի Համայնքապետ՝ Վեր. Յարութիւն Սելիմեան հիմնուելով Աւետարանի Գործք Առաքելոց գիրքին 17:26-30 համարներուն վրայ:
Ան ըսաւ. «Այսօր եզակի օր է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան անկախութեան, Հայ ժողովուրդին կորսնցուցած արժանապատուութիւնը վերագտնելուն: Սոյն հերոսական թուականը արձանագրուեցաւ մեր պատմութեան մէջ, հերոսներու սխրագործութեամբ եւ նահատակներու արեամբ եւ այսօր Հայ ժողովուրդը հայրենիքէն մինչեւ սփիւռք կը յիշատակէ, կը գովաբանէ եւ ազատ անկախ հայրենիք մը ունենալու պետական համակարգին հաւասարակշրուած հասարակարգով կը դիմէ մեր ժողովուրդին եւ արար աշխարհինե: Ան շեշտեց Աստուծոյ խօսքին դերակատարութիւնը մեր պատմութեան, ազգութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքներու ուղիին մէջ: Վերապատուելին ընդգծեց, թէ Աստուածային նախաձեռնութիւն է, որ բոլոր ազգերը նոյն արիւնէ կ’ընէ եւ կը հաւասարացնէ զանոնք արդար գահին ու դատաստանին առաջ: Երբ հաւասար կը դիտենք զիրար, յարգանք կ՛ունենանք իրարու հանդէպ: Մարդոց յարաբերական կեանքին մէջ կը պակսի յարգանքը՝ մեր անձին եւ այլոց արժանիքներուն հանդէպ: Վերապատուելին շարունակեց ըսելով, թէ յարգանքը մարդոց կեանքին մէջ հաւասարակշրութիւն ստեղծելու եւ երաշխաւորելու միակ տուեալն է:
Դարձեալ Աստուծոյ խօսքին հիմնուելով, ըսաւ թէ Աստուած ծրագիր ունի իւրաքանչիւր ազգի համար եւ որոշուած ժամանակներու: Ուրեմն 1918 մայիս 28-ի պետականութիւն ունենալու ձգտումով պայքարը Աստուծոյ վճիռն է, պէտք է համագործագցինք Աստուծոյ վճռորոշ ծրագիրներուն հետ: Մեր սահմանները ճշդուած են Աստուծոյ կողմէ եւ որեւէ փոփոխութիւն խոցելի տուեալ է: Ահա թէ ինչո՞ւ հայրենիքը սուրբ է: Ան շարունակեց ըսելով, թէ Հայ ժողովուրդը պէտք է գիտակցի իրեն փոխանցուած աւանդին եւ արժանիքին, նպատակ ունենալով զԱստուած փնտռել իր որոշած սահմաններուն մէջ: Փնտռել բարին եւ նախանձախնդիր ըլլալ բարիք գործելու: Հայրենիքը մեր արժանապատուութիւնն է, պէտք է զայն պահպանենք չկորսնցնելու
մեր դարաւոր իրաւունքը: Այս տօնակատարութիւնը կազմակերպելու համար թուական մը չէ, հապա մեր ժողովուրդին արհաւիրքէն ծնած, համաշխարհային տագնապալից պայմաններուն ներքոյ, ազգի մը արժանապատւութեան հետ խառնուած, անոր արեան ու անոր քրտինքին հետ խառնուած, անոր խօսքով ու գրիչով, գործով ու ծառայութեամբ կերտուեցաւ անկախութիւնը: Այսօր տէր պէտք է կանգնինք մեր հարիւրամեայ պետութեան խոստումին, որպէսզի իրագործենք ազատ անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կտակը:
Վերապատուելին աւարտեց ըսելով.- «Աստուծոյ օրհնութիւնը մեր պետութեան եւ մեր ժողովուրդին հետ ըլլայ, բարի երթ ազատ անկախ Հայաստան»:
Պատգամէն ետք Արամ Խաչատուրեան մեներգեց «Հայաստան» երգը, որմէ ետք Կիրակնօրեայ դպրոցներու փոքրիկները ներկաները խանդավառեցին «Գետաշէն» եւ «Երեւան դարձած» երգերով:
Վեր. Համայնքապետը ողջունելով Հ.Հ. Հալէպի գլխաւոր Հիւպատոս Տիար Արմէն Սարգիսեանը հրաւիրեց զայն փոխանցելու պաշտօնական խօսքը: Հիւպատոսը հակիրճ ձեւով անդրադարձաւ
1918-ի պատմականին, ապա մէջբերումներ ըրաւ Արամ Մանուկեանի խօսքէն: Հիւպատոսը նշեց, թէ ամէն տարի Մայիսի 28-ին Սարդարապատի յուշակոթողին մօտ կը զետեղուին 3600 թարմ ծաղիկներ ի յիշատակ այն զոհերուն որոնց արեամբ կերտուեցաւ Մայիսեան հրաշափառ յաղթանակը: Անցած է 100 տարի եւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնը հիմքը դնրձաւ յաջորդ հանրապետութիւններուն: Հիւպատոսը, նշեց թէ մայիսեան նահատակներուն պէտք է միացնել նաեւ Արցախի նահատակները:
Հիւպատոսը խօսքը աւարտեց Գէորգ Էմինի «Յաւերժի ճամբորդը» ստեղծագործութեան վերջին տողերով.- «Սարդարապատից եմ ես գալիս, որը նոր Աւարայր դարձաւ ինձ համար եւ որտեղ ես թէեւ արիւնաքամ, կասեցի թուրքին դահիճներին, կասեցի նրանց յաղթարշաւը եւ իմ սեփական հողում մի թիզ հող նուաճեցի, մի բուռ որբերիս եւ գաղթականներիս համար»:
Պաշտամունքը վերջ գտաւ Տէրունական աղօթքով եւ Վեր. Համայնքապետին Առաքելական օրհնութեամբ:
Յետ պաշտամունքին ներկաները ուղղուեցան եկեղեցւոյ շրջափակը, ուր Հ.Մ.Ը.Մ.-ի փողերախումբը հայրենասիրական եւ ազգային երգերով թնդացուց ամբողջ շրջանը: