Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 100-ամեակին Առիթով՝ Մշակութային Միացեալ Հրաշալի Հանդիսութիւն Լիբանանի Մէջ
Հայատրոփ Պուրճ Համուտի սրտին մէջ երէկ` հազարաւոր հայորդիներ վայելեցին մշակութային հրաշալի պահեր: Զանազան միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու պատկան խումբեր հերթաբար բեմ բարձրանալով ներկայացուցին հայ երգ, հայ երաժշտութիւն, հայ պար: Հայ նոր սերունդի ներկայացուցիչները իրենց ելոյթներով անգամ մը եւս հաստատեցին, որ իրենք տէրն ու պահապանն են հայ մշակոյթին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ»-ը։
Երէկ` Կիրակի, 20 Մայիս 2018-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին կազմակերպած` մշակութային միացեալ հանդիսութիւնը, մասնակցութեամբ Համազգային, Նոր սերունդ, Թէքէեան եւ ՀԲԸՄ «Անդրանիկ» մշակութային միութիւններուն:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ներսէս Պաղտոյեան: Ան ըսաւ, թէ «Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի ոգեկոչման Լիբանանի կեդրոնական մարմինին անունով կ՛ուզեմ յարգանքի տուրք մատուցել Սարդարապատով սկսած եւ անկախութեամբ պսակուած մեր ժողովուրդի մղած պայքարի ընթացքին ինկած բոլոր նահատակներուն»:
Ան կատարեց հետեւեալ մէջբերումը այս առիթով Արամ Ա. կաթողիկոսին արտասանած խօսքերէն. «Պէտք է հաւատարիմ մնալ արիւնով եւ քրտինքով կերտուած հայրենքի անկախութեան եւ զայն պաշտպանել ամէն գնով»: Ան նշեց, որ մեր ներկայ ազգային իրավիճակին մէջ մեր կարեւորագոյն պաշտպանութեան միջոցներէն են մեր միասնակամութիւնը հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ, ինչպէս նաեւ պէտք է ամէն գնով պաշտպանել հայ դպրոցը, հայ ընտանիքը, հայ երիտասարդը, այս բոլորին հարազատ թարգմանը` հայ մշակոյթը: Փա՛ռք ու պատիւ մեր անցեալի ու ներկայի նահատակ հերոսներուն, փա՛ռք ու պատիւ մեր ազատ ու անկախ Հայաստանին:
Ելոյթ ունեցաւ «Թէքէեան» մշակութային միութեան երիտասարդական նուագախումբը եւ ներկայացուց փունջ մը ազգային-հայրենասիրական երգեր: Ապա ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Տաւիղ» նուագախումբը, որ նոյնպէս նուագեց երաժշտական գեղեցիկ կտորներ: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Համազգայինի «Կարկաչ» երգչախումբը, որ երգեց «Երեւան դարձած իմ Էրեբունի», «Ելէք հայեր» եւ հայրենասիրական երգերու շարք մը:
«Նոր սերունդ» մշակութային միութեան «Արեգ» պարախումբը գեղեցիկ պարերով ճոխացուց մթնոլորտը: Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ ՀԲԸՄ ՀԵԸ «Արին» պարախումբը` ներկայացնելով պարային հիասքանչ կտորներ: Ապա բեմ բարձրացաւ Համազգայինի «Գայեանէ» պարախումբը եւ բեմականացուց հայկական հրաշալի պարեր:
Ուշագրաւ էր Համազգայինի տհոլի խումբը իր ճկուն ելոյթով: Մշակութային ձեռնարկը փակուեցաւ ՀԲԸՄ ՀԵԸ-ի շեփորախումբին նուագած «Սարդարապատ» յաղթերգով: