Սբ․ Պատարագ Եւ Հանրապետական Մաղթանք Իրաքի Մէջ՝ ՀՀ 100 Ամեակի Առիթով
Սոյն թուականի Մայիս 25-ին, Սբ․Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, Հանդիսապետութեամբ Հոգեշնորհ Տ․Գաբրիէլ վարդապետ Սարգսեանի մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ պատարագ նուիրուած Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100 ամեակին։ Պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանք, ապա հայր սուրբը ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակը՝ նուիրուած Հայաստանի առաջին Հանապետութեան եւ մայիսեան հերոսամարտերու 100 ամեակին:
Պատարագին ներկայ էին հոգեւորականաց դասը, ՀՀ դեսպան Պր․Կարէն Գրիգորեանը, կեդրոնական ազգային վարչութեան անդամներ եւ թեմիս հաւատաւոր զաւակներ։