Մայիսեան Յաղթանակներուն Նուիրուած Երգահանդէս

Հովանաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի Սուրիոյ Կեդրոնական Մարմնին, Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը կազմակերպեց երգահանդէս մը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Հալէպ ժամանած նախկին ՍԵՄ-ական Ռաֆֆի Հալէպլեան` հանդիսատեսին հրամցնելով փունջ մը յեղափոխական եւ հայրենասիրական երգեր, «Սպիտակ» նուագախումբին ընկերակցութեամբ: Ինչպէս կը յայտնէ «Գանձասար»-ը:

Իր խանդավառ ու ոգեւորիչ ելոյթով, Հալէպլեան մեներգեց մեր  ժողովուրդին  պայքարի,  տառապանքի, հոգեվարքի եւ յաղթանակի ապրումները նկարագրող երգեր՝ ազգային զարթօնքի շրջանէն անցնելով ֆետայական շարժում, ցեղասպանութեան արհաւիրքի պահերէն հասնելով մինչեւ Մայիսեան յաղթանակ ու զինեալ պայքարէն մինչեւ արցախեան շարժում եւ ժամանակակից Սուրիոյ պատերազմ:

«Գ.Եսայեան» սրահը կը թնդար հայկական եռագոյնն ու ՀՅԴ դրօշը բարձրացուցած երիտասարդութեան երգերով ու կանչերով:

Ձեռնարկին բեմավարութիւնն ու բացման խօսքերը եւս վստահուած էին երիտասարդներու:

Հայերէն բացման խօսք արտասանեց Սարօ Ղազարեան, իսկ արաբերէն՝ Սարին Թաթոյեան:

Օրուան բեմավարն էր Ժագի Մահսերէճեան: Ընդմիջումով մը առիթ ընծայուեցաւ նաեւ ՍԵՄ-ի անդամներուն՝ Կասիա Պաղտիկեանին եւ Մարիա Չիչեանին, որպէսզի յաջորդաբար մեկնաբանեն «Զինուորի մօր երգը» եւ «Զոհուածներին» երգերը : Աւարտին, բեմ հրաւիրուեցաւ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան՝  իր սրտի խօսքը յայտնելու:

Վերապատուելին լուսարձակի տակ առնելով  ՀՅԴ-ի դերը ազգային գաղափարախօսութեան պահպանման մէջ՝ գնահատեց յատկապէս երիտասարդութեան գործունեայ գործուն ներկայութիւնը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ  Տ. Արշակ Քհնյ. Ալաճաճեանի «Պահպանիչ» աղօթքով:

 

Scroll Up