ՀՀ Սփիւռքի Նախարարը Վրաստանի ՄԷջ Է
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/05/նախարար-2.jpg)
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնն այսօր երկօրեայ պաշտօնական այցով մեկնած է Վրաստան: Պատուիրակութեան կազմին մէջ է նաեւ Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան:
ՀՀ սփիւռքի եւ մշակոյթի նախարարները հանդիպած են Վրաստանի մշակոյթի նախարարին եւ Թիֆլիսի Պետրոս Ադամեանի անուան հայկական թատրոնի դերասաններուն հետ:
Նախարարները ծանօթացած են թատրոնի հիմնանորոգման աշխատանքներու ընթացքին:
Լուսանկարը` Արսէն Խառատեանի ֆէյսպուքեան էջէն