ՀՀ Հիմնադրման 100-ամեակին Նուիրուած Դասախօսական Երեկոյ Նոր Ջուղայի ՄԷջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/05/ջուղա-1-300x225.jpg)
Նոր Ջուղայի Հայ կանանց գթութեան միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ Սպահանի Հայոց թեմի ՀՀ հիմնադրման 100-ամեակի նշման Կեդրոնական յանձնախումբի հովանաւորութեամբ մայիս 15-ին հայ դատի յանձնախումբի կեդրոնատեղիի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ` նուիրուած ՀՀ հիմնադրման 100-ամեակին:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին նոր Ջուղայէն կը յայտնէ Երանուշ Թահմազեանը, ներկաները ողջունեց երեկոն կազմակերպող միութեան անդամուհի Գայեանէ Եղիազարեան, որմէ յետոյ օրուան բանախօս, վաստակաւոր ուսուցիչ, պատմաբան Վարուժ Մովսիսեանը հանդէս եկաւ«Հայկական պետականութեան ակունքներէն» թեմայով դասախօսական ելոյթով:
Բանախօսը թեմատիկ պատկերներու զուգորդութեամբ ներկայացուց հին աշխարհի սկզբնաաղբիւրներուն մէջ` հիմնական շումերական դիւցազնավէպերուն եւ իրանական արձանագրութիւններուն մէջ տարբեր անուանումներով նշուած հայկական լեռնաշխարհի եւ հայոց պետականութեան գոյութեան մասին հետաքրքիր վկայութիւններ ու տեղեկութիւններ եւ անդրադարձաւ Սուրբ Աստուածաշունչին մէջ յիշատակուած Եդեմ-դրախտին, ուր յիշատակուած 4 գետերու ակունքը կը հանդիսանայ հայկական լեռնաշխարհը: Ապա կեդրոնացաւ 1918- թուականին ՀՀ կերտման:
Վարուժ Մովսիսեան իր ելոյթն աւարտեց Հայաստանի առաջին հանրապետութեան ժամանակաշրջանին հայ կանանց տրուած` ընտրելու եւ ընտրուելու նախադէպը չունեցող իրաւունքներուն մասին արտայայտութիւններով, որ կը վկայէր` Հայաստանը որպէս յառաջադէմ երկիր ըլլալու մասին:
Աւելցնենք, որ սա Կանանց գթութեան միութեան կազմակերպած երկրորդ ձեռնարկն էր` նուիրուած ՀՀ հիմնադրման 100-ամեակին:
Լուսանկարները` հեղինակին