Պարսիկներու Ներկայութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան 103-րդ Տարելիցին Նուիրուած Երեկոյ Նոր Ջուղայի ՄԷջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/05/իրան.jpg)
Նոր Ջուղայի Հայ դատի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ եւ Հայոց ցեղասպանութեան 103-րդ տարելիցի ոգեկոչման յանձնախումբի հովանաւորութեամբ մայիս 16-ին Նոր Ջուղայի Հայ մարզամշակութային «Արարատ» միութեան սրահին մէջ դասախօսական-գեղարուեստական ձեռնարկ մը իրականացուեցաւ` Հայոց ցեղասպանութեան 103-րդ տարելիցը ոգեկոչելու համար: Այս մասին «Ալիք»-ին կը տեղեկացնէ Նոր Ջուղայի թղթակիցը:
Ծրագիրին ներկայ էին Սպահանի քաղաքային խորհուրդի անդամ դոկտոր Շարիաթինիան, պետական պաշտօնեաներ, համալսարաններու դասախօսներ, ուսանողներ, արուեստագէտներ եւ այլ հիւրեր:
Երեկոյի մեկնարկը տրուեցաւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան օրհներգով: Դասախօսական ելոյթով հանդէս եկաւ Սպահանի «Ազատ» համալսարանի դասախօս դոկտոր Շահինը, որ անդրադարձ ունենալով Հայոց ցեղասպանութեան իրողութեան, վերլուծական ակնարկ ունեցաւ Թուրքիոյ նախկին եւ ներկայ կառավարութիւններուն կողմէ որդեգրուած երկակի քաղաքականութիւններուն` որպէս հակասութիւններ: Այս ծիրէն ներս նշեց սահմանադրականութեան եւ յառաջադիմութեան ձգտող երիտ-թրքական կառավարութիւնը, որ ծրագրեց եւ իրագործեց Հայոց ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ ներկայ կառավարութիւնը, որ ժողովրդավար երկիր կոչուելով, ժխտողական քաղաքականութիւն կը վարէ Հայոց ցեղասպանութեան կապակցութեամբ եւ անտեսում երկրի փոքրամասնութիւններու` ի մսանաւորի հայերու իրաւունքներն ու ազատութիւնները:
Երեկոյի գեղարուեստական կատարումներն իրականացուեցան Թեհրանի «Ակունք» պարախումբի, Ս. Ամենափրկիչ վանքի «Կոմիտաս» երիտասարդական եւ աւագ երգչախումբերու եւ Ն. Ջ. Հայ մարզամշակութային «Արարատ» միութեան մշակութային միաւորի «Կռունկ» ասմունքի խումբի անդամներուն միջոցով:
Ծրագիրի հաղորդավարն էր Մարտունի Խաչիկեան: