Վստահ Եմ` Մեր Ցանած Սերմերը Եւ Բացած Ճամբաներն Առաւել Կը Խորանան. Հրանոյշ Յակոբեան
Սիրելի Աշխարհատարա՛ծ Հայեր,
2008թ. հոկտեմբերէն ես իմ համախոհներով Ձեր անմիջական աջակցութեան շնորհիւ ստեղծեցինք եւ կայացուցինք ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը: Հայաստանի անկախացումէն յետոյ սփիւռքահայերու ոգեւորութիւնը, Հայրենիքին ծառայելու ցանկութիւնը շատ պարագաներու կը մնար չհամակարգուած, եւ այդ պատճառով ալ Դուք յաճախ կը հիասթափուէիք, երբ չէինք կրնար գտնել Ձեր հարցերուն պատասխանները:
Սփիւռքի նախարարութիւնը դարձաւ այն դուռը, այն կեդրոնը, ուր լսեցին Ձեզ, գործակցեցան Ձեզ հետ, քննարկուեցան բազում-բազում հարցեր Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան վերաբերեալ, մշակուեցան եւ իրականացուեցան մեծաթիւ հայանպաստ ծրագիրներ:
Տարիներու ընթացքին այցելեցի շատ համայնքներ, զգացի Ձեր ազգային ոգին, հայրենասէր տեսակը եւ երիտասարդութիւնը հայ պահելու հերոսական քայլերը ու ձգտումը: Ձեզմէ ես շատ բան սորվեցայ, Դուք եղաք իմ խորհրդատուն ու աջակիցը, բարեկամն ու ընկերը:
Աւելցաւ վստահութիւնը մեր նկատմամբ, ստեցծուեցան ամուր գործակցութիւն եւ ամուր կապեր, Սփիւռքն առաւել մօտեցաւ Հայրենիքին` շնորհիւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ տքնաջան աշխատանքին:
Վստահ եմ` մեր ցանած սերմերը եւ բացած ճամբաները ու ակօսները առաւել կը խորանան եւ նոր ու առատ պտուղներ կու տան:
Խորապէս շնորհակալ եմ, զգացուած եմ, հպարտ եմ, որ առիթ ունեցած եմ Ձեզ հետ աշխատելու, վայելելու Ձեր ջերմ ու մարդկային վերաբերմունքը: Համոզուած եմ, որ նոր Հայաստանի մէջ երիտասարդական աւիւնով առլեցուն կառավարութիւնը կը շարունակէ սիրով եւ նուիրումով կերտել մեր երկրի ապագան:
Համոզուած եղէք, ուր ալ ներդրուի իմ ծառայութիւնս, այն պիտի նուիրուի ժողովուրդիս եւ Հայրենիքիս բարօրութեան:
Միշտ Ձեր` մասնագիտական եւ մարդկային նուիրումով
Հրանոյշ Յակոբեան