Հայու Տեսակը` Ծովինար Յովհաննիսեան
Ժամանակի վարագոյրը կը թանձրանայ` կը դառնայ խիտ, երբեմն անթափանց, անհասկնալի: Ամէն ինչ կը պարզուի ու կը զուլալուի, երբ կը հնչէ մեղեդին`սարերու հովին խառնուած, հովուական շուիի պարզ ու անմշուշ այգաբացով, քանոնի նուրբ, կանացի ելեւէջներով ու ցորեն-հասկի նազանքով:
«Հայերն այսօր»-ի զրուցակիցը Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի դասախօս, փրոֆէսոր, խմբավար, ստեղծագործող քանոնահարուհի Ծովինար Յովհաննիսեանն է:
ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան «Նարեկացի» մետալ, միջազգային կարգի «Մանկավարժական փառք» մրցանակի մրցանակակիր, շքանշանշանակիր: Բազմաթիւ պատուոգիրներ, շնորհակալագիրներ` ՀՀ գիտութեան եւ կրթութեան, մշակոյթի նախարարութիւններուն կողմէ:
– Ինչպէ՞ս եւ ինչու՞ ընտրեցիք քանոնը, ե՞րբ այն դարձաւ ոչ միայն մասնագիտական գործիք, այլ նաեւ` ապրելակերպ:
– Առաջին երաժշտական գործիքը, որ նուագած եմ` դաշնամուրն է: Երեք տարեկանէս լսողութեամբ կը վերարտադրէի որեւէ մեղեդի` գործիքով, այնուհետեւ ընդունուեցայ Գիւմրիի` Շերամի անուան թիւ 5 երաժշտական դպրոց: Տասնմէկ տարեկան էի, երբ ծանօթացայ քանոնիս ուսուցչուհիին: Գուցէ այդպէս նախանշուած էր ի վերուստ. զգացի, որ քանոնը իմն է, անշուշտ, մեծ դեր ունեցաւ վաստակաշատ ուսուցչուհիս` Լաուրա Մելիքեանը, որ առ այսօր նոյն եռանդով ու նուիրումով կ՛աշխատի:
Դաշնամուրը չմղուեցաւ երկրորդ տեղ, երաժշտական դպրոցն աւարտելուս, քանոնին զուգահեռ, մենահամերգով հանդէս եկայ որպէս դաշնակահար, ուսուցիչիս` Անահիտ Յովհաննիսեանի ղեկավարութեամբ:
Այնուհետեւ ուսումս շարունակեցի Գիւմրիի Կարա-Մուրզայի անուան երաժշտական ուսումնարանին մէջ. քանոնը` Ռուզաննա Գէորգեանի դասարանը, դաշնամուրը` Նինա Օսեւսկայայի մօտ: Երկրորդ կարգէն սկսած, երգագրութեան դասեր ստացած եմ Ազատ Շիշեանի դասարանին մէջ: Խորացուցի խմբավարական գիտելիքներս, ուսումնարանն աւարտեցի փայլուն գնահատականներով, պետական քննութիւններուն նաեւ նուագախումբ ղեկավարեցի: Ինծի նկատեց Ռոբերտ Աթայեանը, խորհուրդ տուաւ անպայման շարունակել երաժշտական կրթութիւնս, Ռուբէն Ալթունեանը եւս պարտաւորեցուց, որ շարունակեմ ուսումս երաժշտանոցին մէջ:
1985թ. ընդունուեցայ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցը` փրոֆէսոր Ալվարդ Միրզոյեանի դասարանը: Վերջինս փայլուն քանոնահարուհի է, անոր կատարողականութիւնը, հնչիւնի խորութիւնը, երաժշտականութիւնն ինծի համար օրինակ դարձան: Միաժամանակ սորվեցայ խմբավարութիւն, որպէս երկրորդ մասնագիտութիւն` փրոֆէսոր Կարինէ Աթանէսեանի դասարանին մէջ: 1993թ աւարտեցի երաժշտանոցի ասպիրանտուրան:
– Ելոյթ, բեմեր, որ Ձեզ` որպէս երաժիշտ կատարողի, ճանաչում բերաւ եւ դարձաւ Ծովինար Յովհաննիսեան քանոնահարուհիի այցեքարտը երաժշտական աշխարհին մէջ:
– Երաժշտական դպրոցին յաճախելու տարիներէն մասնակցած եմ համերգներու, հանրապետական մրցոյթներու: Ուսումնարան յաճախելու տարիներուն եւս բազմաթիւ ելոյթներ ունեցած եմ, կը նուագէի գործուածքներու պալատի ժողովրդական նուագարաններու ինքնագործ անսամպլին մէջ, նաեւ ազգային եւ ժողովրդական նուագարաններու նուագախումբին մէջ` Ջիւան Խաչատրեանի ղեկավարութեամբ: Նուագախումբն այդ տարիներուն պետականացաւ, դարձայ նուագախումբի մենակատարը:
Ինծի ճանաչում բերած կատարումը` Սայաթ-Նովայի անուան առաջին մրցոյթին Գրիգոր Հախինեանի քանոնի կոնսերտն է, որ ինքս փոխադրեցի` յարմարեցնելով գործիքին, յաղթող ճանչցուեցայ, գրաւեցի առաջին մրցանակային տեղը: Համագործակցութեան հրաւէրներ ստացայ` ներառեալ պարի պետական անսամպլէն, ցաւօք, հրաժարեցայ, քանի որ երաժշտանոցի ուսանող էի: Յետագային աշխատեցայ Թաթուլ Ալթունեանի անուան երգի- պարի պետական անսամպլին մէջ:
– Խորհրդային կարգերու փլուզում, անկախութիւն, շրջափակում, Արցախեան ազատամարտ: Եթէ շատերուս համար պատերազմը սահմանին էր եւ Արցախի մէջ, Ձեզի համար պատերազմը մօտ էր ու շօշափելի: Պատերազմական տարիներուն եւ յետոյ, ինչպէ՞ս դասաւորուեցաւ Ձեր մասնագիտական գործունէութիւնը:
– Երաժշտանոցին մէջ ուսանելու տարիներուս ընտանիք կազմեցի: Զաւակներս փոքր էին, երբ սկսաւ պատերազմը: Մէկ կողմէն առկայ էին բոլոր այն խնդիրներն ու դժուարութիւնները, որ ունէր իւրաքանչիւր հայ կին` մութ ու ցուրտ տարիներուն: Միւս կողմէն` պատերազմը: Ամուսինս`Գեղամ Գաբրիէլեանը, հերոս օդաչու է (ուղղաթիռային ջոկատի հրամանատար էր) եւ պատերազմի առաջին օրէն մինչեւ վերջ` մարտական գործողութիւններու մասնակից:
Համերգային գործունէութիւնս աշխուժացաւ, երբ զաւակներս մեծցան: Սկսաւ Յունաստանէն, ապա` Ֆրանսա, Զուիցերիա, Իտալիա, Ռուսաստան, Վրաստան, ԱՄՆ, Չինաստան, Հարաւային Քորէա, Ճափոն, Աւստրալիա, Լիբանան, Պուլկարիա եւ այլն:
– ի՞նչ զգացողութիւններ ունիք, երբ կը ներկայացնէք հայ ազգային արուեստն օտարազգի ունկնդիրին: Արդեօ՞ք ծանօթ են քանոնին: Տպաւորիչ ելոյթ կամ դիպուած համերգէն:
– Տարբեր է հանդիսատեսը, քանոնի մասին անոր իմացութիւնը` եւս: Եղած է, որ քանոնին քիչերը ծանօթ ըլլան, շատերը կը մտածեն քանոնի` արաբական կամ թրքական ըլլալուն մասին: Մենք կը բացատրենք, որ հայկական ազգային նուագարան է` արեւելեան ծագումով:
2000թ. Յունաստանի մէջ համերգներէն մէկուն ժամանակ, մէկ ժամէն աւելի բեմին վրայ պիտի ըլլայի` առանց նուագակցութեան, առանց կողքէն որեւէ երաժշտական գործիքի օգնութեան: Ստիպուած էի մտածելու ինչպէս նուագել, որ չձանձրացնեմ ունկնդիրը: Գրեցի ու մշակեցի ստեղծագործութիւններ, ուր ես ինծի կը նուագակցէի քանոնով: Այդպէս ծնաւ մատնային տեխնիկան` բոլոր մատներու կիրառելու տեխնիկան քանոնով: Այս նորամուծութեան անդրադարձ եղաւ նաեւ Ռիտա Շառոյեանի «Հնագոյն նուագարաններ» ֆիլմին մէջ` նուիրուած անուանի քանոնահարուհի Անժէլա Աթաբէկեանին: Այնտեղ` դրուագի մը մէջ, ես կը ներկայացնեմ քանոնի մատնային տեխնիկան:
– Ունիք հրատարակուած մօտ քսան անուն ձեռնարկ քանոնի համար, ուր ընդգրկուած են ինչպէս փոխադրումներ, այնպէս ալ հեղինակային ստեղծագործութիւններ, ձայնասկաւառակներ, Ձեզի ներկայացուցած է նաեւ աշխարհահռչակ Վինսէնթ Մունը:
– Ունիմ սկաւառակներ, ներառեալ «Փերիա» մշակութային կեդրոնի հետ` «Կարօտի կանչ 8» եւ «Ծովինար եւ Լիանա», «Իմպրովիզ», «Ես», «Գուսան», սկաւառակ մը Շուշանիկ Սաղաթելեանի հետ ձայնագրած ենք, ցաւօք, չէ բազմացուած, առայժմ:
Վինսենթ Մունը կը շրջի տարբեր երկիրներով, կը ներկայացնէ աշխարհի ժողովուրդներու ազգային, հոգեւոր, ֆոլկ երաժշտութիւնը: Մեր տան մէջ յանպատրաստէն նկարեց եւ ձայնագրեց «Հայաստանի ձայնը» սկաւառակը, նաեւ փոքրիկ ֆիլմ` Շուշանիկ Սաղաթելեանի ու Գագիկ Մուրադեանի հետ:
– Մեծ ու շնորհակալ աշխատանք կ՛ընէք. Ձեր մասնագիտական նուիրուածութեան շնորհիւ քանոնի այբուբենը կ՛ իւրացնեն բազմաթիւ երեխաներ եւ ուսանողներ, կը ղեկավարէք նաեւ քանոնահարներու անսամպլ: Ինչպէ՞ս կը համատեղէք համերգները, շրջագայութիւններն ու մանկավարժական աշխատանքը: Ին՞չ ձեռբերումներ, նորարարութիւններ կան ուսումնական մեթոտներու մէջ այսօր:
– Վերջին տարիներուն մեծ է հետաքրքրութիւնը դէպի ժողովրդական նուագարանները, մասնաւորապէս` դէպի տուտուկը, քանոնը: Երեխաները շատ մեծ ոգեւորութեամբ կը մասնակցին դասերուն: Դիտարկումս կը վերաբերի ոչ միայն Երեւանին, այլ նաեւ մարզերուն, ուր տեղի կ՛ունենան մեթոտական աշխատանք, վարպետաց դասեր, ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացներ:
1990-էն կը դասաւանդեմ երաժշտանոցին մէջ: Մեծ սիրով կ՛աշխատիմ բոլոր սաներուս հետ:
Այսօր քանոնով անգամ ճազ կը կատարեմ, ի դէպ, առաջին ճազային փոխադրումներու կատարողն ու հեղինակն եմ: Ճիշդ է, քանոնի առաքելութիւնը հայ ազգային երաժշտութեան ներկայացումն ու քարոզչութիւնն է, բայց սա ալ խթանող ու ոգեւորող միջոց մըն է երեխաներուն համար: Քանոնն ունի կատարողական լայն հնարաւորութիւններ, եւ այսօր կը համոզուինք ատով:
Քանոնի հայկական պատմութեան մէջ չէ եղած տասնհինգ հոգիէ աւելի մեծ կազմով անսամպլ. 1957թ. Մոսկուայի մէջ, Խաչատուր Աւետիսեանի ղեկավարութեամբ հայ քանանոնահարները ներկայացած են առաւելագոյն կազմով`տասնհինգ երաժիշտ: 2010թ անսամպլս քսանհինգ քանոնով բարձրացած է բեմ, վերջերս, Մերի Մուսինեանի համերգին, բեմին վրայ միաժամանակ երեսունինը քանոնահար էր:
Ունիմ տաղանդաւոր ու շնորհալի աշակերտներ, որոնք արդէն կայացած երաժիշտներ են` Իսկուհի Կարապետեանը, Լիանա Բաղդասարեանը, Աստղիկ Սնեցունցը, նոր սերունդէն` Էթերի Յովհաննիսեանը, Մերի Մուսինեանը, Քրիստինէ Ենգոյեանը եւ այլոք: Մշակոյթի նախարարութեան խնդրանքով աշխատած եմ Նարեկ Կազազեանի հետ` Եւրոտեսիլի դասական գործիքներու մրցոյթին նախորդող երկու ամիսներուն ընթացքին:
– Ի՞նչ խորհուրդ կու տաք հայ մայրերուն, որ դեռ կ՛երկմտին` այս տեղեկութիւններով լեցուն դարուն, երաժշտական դպրոցներուն մէջ ու երաժշտութեան պարապմունքներով յաւելեալ ծանրաբեռնելու իրենց երեխաներուն:
– Հայ մայրերէն շատերը ունեցած են երազանքներ, որոնք ինչ-ինչ պատճառներով չեն իրականացած: Այսօր անոնց զաւակներու երաժշտական յաջողութիւնները նաեւ՛ մայրերու երազանքներու իրականացումն է:
Զրուցեց Աղաւնի Գրիգորեան