Նախագահ Արմէն Սարգսեանը Ընդունած Է Սուրիահայ Համայնքի Խումբ Մը Ներկայացուցիչներ

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այսօր ընդունած է Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայ համայնքի  խումբ մը ներկայացուցիչներ, որոնց հետ քննարկուած են համայնքը յուզող խնդիրները եւ ատոնց լուծման ուղիները: Հանդիպման մասնակցած է նաեւ Հայաստանի մէջ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան դեսպան Մուհամմատ Ահմատ Հաճի Իպրահիմը:

Բաց եւ անմիջական զրոյցի ժամանակ արծարծուած են Հայաստանի մէջ սուրիահայերու ընդելուզման, կրթութեան, առողջապահութեան, ինչպէս նաեւ տնտեսութեան եւ գործարարութեան ոլորտներու հարցեր, ուր շատ յաճախ սուրիահայերն իրենց հմտութեամբ եւ աշխատասիրութեամբ կը փոխեն մթնոլորտը: Սուրիահայերը բարձր  գնահատած են ճգնաժամի օրերուն Հայաստանի կառավարութեան անփոխարինելի օգնութիւնը: Հանդիպման ժամանակ բարձրացուած են նաեւ հայ-սուրիական առեւտրատնտեսական համագործակցութեան խթանման, Հայաստանի մէջ սուրիական ներդրումներու համար առաւել նպաստաւոր պայմաններ ապահովելու եւ գործարարներու տեղաշարժի դիւրացման հետ կապուած որոշ հարցեր:

Պայմանաւորուածութիւն  ձեռք բերուած է այս հարցերու շուրջ յետագային եւս շարունակել քննարկումները տարբեր ձեւաչափերով:

Հանրապետութեան նախագահը յոյս  յայտնած է, որ սուրիական ճգնաժամը յաղթահարելէ ետք հայերը լիովին կը լծուին իրենց զոյգ հայրենիքներու շէնացման գործին:

Scroll Up