Սփիւռքեան Կառոյցները` Համահայկական Մրցանակաբաշխութեան Մրցանակակիրներ

ՀԲԸՄ  Փարիզի «Ալեք Մանուկեան» մշակութային կեդրոնի «Ահազանգ» թատերախումբի ղեկավար Մկրտիչ Պասմաճեան եւ Պաթումի «Ալեքսանդր Մանթաշեանց»-ի անուան կրթամշակութային եւ երիտասարդութեան կեդրոնի հայոց լեզուի ուսուցչուհի Ելէնա Սրաբոնեան «Հայերն այսօր»-իհետ զրոյցին կը խօսին ոչ միայն իրենց ծաւալած գործունէութեան, այլեւ սփիւռքի նախարարութեան «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» 2017թ.-ի մրցանակաբաշխութեան արդիւնքներու ամփոփման եւ վկայագիրներու  յանձնմանհանդիսաւոր արարողութեան մասին:

«Մայրենիի պաշտպան» անուանակարգին մէջ 1-ին կարգի մրցանակի  արժանացած է ՀԲԸՄ  Փարիզի «Ալէք Մանուկեան» մշակութային կեդրոնի «Ահազանգ» թատերախումբի ղեկավար Մկրտիչ Պասմաճեանի աշխատանքները` թատերական ստեղծագործութիւններն ու մանկավարժական ծրագիրները:

Մկրտիչ Պասմաճեան  ըսաւ, որ մեծ սիրով  ցանկացած է  մասնակցելու մրցանակաբաշխութեան, քանի որ իրեն  անգամ մը եւս Հայրենիք գալու հրաշալի առիթ  ընձեռնուած է:

Խօսելով թատերախումբի ծաւալած գործունէութեան մասին` ան ըսաւ, որ ամէն ինչ սկսած է այն բանէն, երբ 1986թ. Մհեր Մկրտչեան Փարիզ կը գտնուէր` «Պաղտասար ախպար» թատերախաղը բեմադրելու նպատակով: Հրաժեշտի ժամանակ սեղանի շուրջ մեծանուն դերասանը անոնց խորհուրդ տուած է թատերական խմբակ բանալու` առօրեայ, կենցաղային թեմաներու ու համայնքին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու հիման վրայ ներկայացումներ բեմադրելով:

 Թատերախումբի կազմին մէջ Հայաստանէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն եւ Թուրքիայէն եկած հայ դերասաններ եւս ընդգրկուած են: Ստեղծման պահէն ձեւաւորուած դերասանական հիմնական «Կորիզը» մինչեւ այժմ կը պահպանուի:

Մկրտիչ Պասմաճեան տեղեկացուց նաեւ, որ «Ահազանգ»-ի ներկայացումները բացառապէս արեւմտահայերէնով կը կայանան: Բեմադրուած առաւել յայտնի ներկայացումներն են Յակոբ Պարոնեանի «Մեծապատիւ մուրացկանները», Մուշեղ Իշխանի  «Մեռնիլը որքան դժուար է»,  Երուանդ Օտեանի «Թիւ 17 Խաֆիեն», Պերճ Զէյթունցեանի ստեղծագործութիւնները եւ այլն:

Պաթումի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Վիրահայոց թեմի «Ալեքսանդր Մանթաշեանցի» անուան կրթամշակութային եւ երիտասարդութեան կեդրոնը «Լաւագոյն հայկական կրթօճախ» անուանակարգին մէջ  արժանացած է  1-ին կարգի մրցանակի, որ ստացաւ դպրոցի հայոց լեզուի ուսուցչուհի Ելէնա Սրաբոնեան:

Ուսուցչուհին իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ իրենց համար, իսկապէս, կարեւոր է Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ այսպիսի  մրցանակ ստանալը:

Ան տեղեկացուց, որ կեդրոնի շէնքը ձեռք  բերուած է 2015 թուականին` ՀՀ կառավարութեան, ի մասնաւորի`  Սփիւռքի նախարարութեան նիւթական աջակցութեամբ, վերանորոգման աշխատանքները կատարուած են «Ճինիշեան» հիմնադրամի հովանաւորութեամբ, իսկ ներքին յարդարումը եւ գոյքը ձեռք բերուած է Վիրահայոց թեմի առաջնորդարանի եւ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ծխական համայնքի միջոցներով: Այն  կը գործէ Պաթումի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ կից:

Ելէնա Սրաբոնեան նաեւ ընդգծեց, որ կեդրոնի գործունէութեան նպատակը Պաթումի մէջ ապրող երեխաներու ազգային ինքնութեան ու Մայրենիի պահպանման, ինչպէս նաեւ հայ-վրացական բարեկամական յարաբերութիւններու խորացման նպաստելն է:

Գէորգ Չիչեան

 

Scroll Up