«Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց Վարժարանն Ու Ընծայարանը Հայապահպանութեան Գործին Մէջ Մեծ Դեր Ունեցած Է». Տէր Կորիւն Վարդապետ Պաղտասարեան

Ապրիլ 21-ին տեղի ունեցաւ Սփիւռքի նախարարութեան «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» 2017թ.-ի մրցանակաբաշխութեան արդիւնքներու ամփոփման եւ վկայագիրներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Մրցանակաբաշխութեան ընթացքին Երուսաղէմի  Ժառանգաւորաց վարժարանը եւ Ընծայարանը «Լաւագոյն հայկական կրթօճախ» անուանակարգին մէջ 1-ին կարգի մրցանակին արժանացաւ, որ ստացաւ Երուսաղէմի Հայոց պատրարքարանի դիւանապետ, Ժառանգաւորաց վարժարանի եւ Ընծայարանի տնօրէն Տէր Կորիւն վարդապետ Պաղտասարեան:

«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին Հայր սուրբն ըսաւ` Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ պարտաւորեցնող` Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար մրցանակ ստանալն իրենց համար մեծ պատիւ եւ ուրախութիւն է:

«Այս տարի կը լրանայ 1843 թուականին հիմնադրուած  վարժարանի 175-ամեակը, եւ այս պարգեւատրումը մեր յոբելենական ձեռնարկներու ծիրէն ներս իւրայատուկ է իր տեսակին մէջ: Ժառանգաւորաց վարժարանն ու Ընծայարանը, իրօք, Սփիւռքի ամենահին կրթօճախներէն մէկն է, որ մեծ դեր  ունեցած է հայապահպանութեան գործին մէջ»,-նշեց Տէր Կորիւն վարդապետ Պաղտասարեան` աւելցնելով, որ այդ տարիներուն ընթացքին կրթօճախն այնպիսի շրջանաւարտներ  տուած է, որոնք սփիւռքեան տարբեր համայնքներու մէջ զգալիօրէն նպասատած են ազգային, կրթական եւ եկեղեցական գործի զարգացման եւ Հայոց թեմերուն մէջ հոգեւոր սպասաւորութիւն կատարելով:

Scroll Up