Փըրմի Հայկական Համայնքը Հայապահպանութեան Գործին ՄԷջ Նշանակալի Աւանդի Համար Երեք Մրցանակ Ստացած Է
ՌԴ Փըրմի երկրամասի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հայկական կիրակնօրեայ դպրոցն արդէն տասնվեց տարի է` ռուսաստանաբնակ երիտասարդներուն համար հայապահպանութեան իւրայատուկ կեդրոն դարձած է : Բանիմաց ու հայրենասէր ուսուցիչներու շնորհիւ համայնքին մէջ միշտ կը թեւածէ հայու ոգին, հայկական երգն ու պարը, երիտասարդ սերունդին մէջ կը սերմանուին ազգային արժէքներն ու Մայրենին անաղարտ պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:
Դպրոցի տնօրէն Ժասմենա Հայրապետեան «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ, որ ամէն ջանք կը գործադրեն` համայնքը կենսունակ պահելու եւ զարգացնելու համար: Տարաբնոյթ մշակութային ձեռնարկներ կը կազմակերպեն, ազգային, եկեղեցական եւ պետական տօները կը նշեն, կրթօճախ այցելող շուրջ 300 աշակերտներու համար հայկական պատմական ֆիլմերու ցուցադրութիւն կը կազմակերպեն:
Ձեւաւորուած աւանդոյթներէն է հայկական պարախումբի` մայիս ամսուն Փըրմի Կորքիի անուան հրապարակին վրայ ֆլեշ-մոբի իրականացումը, որուն նպատակը անցորդներուն հայկական մշակոյթին ծանօթացնելն է:
Ժասմենա Հայրապետեան Հայաստանի մէջ կը գտնուէր` մասնակցելու Սփիւռքի նախարարութեան «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» 2017թ.-ի մրցանակաբաշխութեան արդիւնքներու ամփոփման եւ վկայագիրներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութեան, որուն ընթացքին երեք անուանակարգերու մէջ` «Մայրենիի պաշտպան», «Լաւագոյն երիտասարդական կազմակերպութիւն», «Ազատ Արցախ» եւ «Մայիս` յաղթանակներու ամիս» մանկապատանեկան ստեղծագործութիւններու մրցոյթին, իբրեւ յաղթողներու ներկայացուցիչ, ստացաւ մրցանակներ:
Շնորհակալութիւն յայտնելով Սփիւռքի նախարարութեան հետաքրքիր եւ բովանդակալից ծրագիրներու իրականացման համար` Ժասմենա Հայրապետեան նշեց, որ արդէն 10 տարի է` նախարարութեան ստեղծման առաջին ամիսներէն նախարարութեան հետ արդիւնաւէտ համագործակցութեան մէջ կը գտնուին եւ կը մասնակցին բոլոր նախաձեռնութիւններուն:
«Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմը միշտ բարձր գնահատած է մեր աշխատանքը եւ միշտ մեր կողքին գտնուած: Համոզուած եմ` յետագային նոյնպէս կը շարունակենք համագործակցութիւնը, քանի որ դպրոցի գործունէութիւնն ու ուսուցչուհիներու գործելաոճն աւելի աշխուժացած է»,-զրոյցն աւարտեց դպրոցի տնօրէնը:
Գէորգ Չիչեան