Լաթաքիահայութիւնը Իր Յարգանքի Տուրքը Մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան Սրբադասուած Նահատակներուն Յիշատակին

Գանձասար- Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդին, Երեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2018-ին, Ազգ. Ս. Նահատակաց վրժ.-ի «Արարատ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 103-ամեակին նուիրուած ոգեկոչական հանդիսութիւն, ներկայութեամբ Արժ. Տ. Եզնիկ Քհնյ. Զղջանեանի, ազգային մարմիններու, միութիւններու ներկայացուցիչներուն ու հոծ բազմութեան:
Հանդիսութիւնը սկսաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան զոյգ քայլերգներով, ապա ներկաները յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին Հայոց Ցեղասպանութեան մէկ ու կէս միլիոն սրբադասուած նահատակներուն յիշատակը:
Օրուան հանդիսավար Ռիթա Կաղեան Տիքպիքեան իր արտասանած բացման խօսքով դիտել տուաւ, որ. «Սովորաբար Ապրիլը կ’աւարտէ բնութեան զարթօնքը: Գարունը իր հետ կը բերէ խինդ ու ծիծաղ, անսահման բարութիւն ու երանութիւն: Սակայն, 1915 այդ աղիտալի տարին, գարունը մահ սփռեց մեր չքնաղ երկրին վրայ: Այսպէս, հայ ժողովուրդին բեկորները պատմութեան ընթացքին ակամայ ձգած են իրենց տունը եւ գաղթականի ցուպը ձեռքին, ինկած են երկրէ երկիր եւ շինած իրենց բոյնը, ստեղծած մեծ կամ փոքր գաղթօճախներ: Սակայն հայութեան ամենամեծ եւ ողբերգական գաղթը տեղի ունեցաւ 1915-ի Ապրիլ ամսուն, երբ վայրագօրէն տիրացան մեր հողերուն, մեր սեփականութեան եւ ողջ ժողովուրդ մը քշուեցաւ դէպի անապատ, դէպի ստոյգ մահ: Ոմանք միայն բախտ ունեցան դահլիճի սուրէն ազատելու: Անոնք ցրուեցան աշխարհով մէկ եւ ստեղծեցին հայկական Սփիւռք»:
Այնուհետեւ հանդիսավարուհին յաջորդաբար բեմ հրաւիրեց յայտագիրին մասնակիցները, օրուան խորհուրդը ներկայացնող բանաստեղծական քառեակներ եւ պատգամներ մէջբերելով:
Օրուան բացման պատկերը ներկայացուցին Սուրիոյ Երիտասարդական եւ Պատանեկան միութիւններու անդամները, բաղկացած երեք բաժիններէ՝ հայ ժողովուրդի տառապանքը (ջարդ, կոտորած, աքսոր), Ցեղասպանութեան 100-ամեակ (նահատակներու սրբադասում) եւ վերականգնում (պահանջատիրութիւն եւ հատուցում), պատկերը կ’ընդգրկէր նաեւ խմբերգ, պար եւ յուշարձանի տեղադրում:
Ներկաները արցունքոտ աչքերով հետեւեցան բացման պատկերին, ուր շատ հարազատօրէն ներկայացուեցաւ թուրքին բարբարոսութիւնը, հայ ժողովուրդի զաւակներուն իրենց հարազատ օրրանէն տեղահանութիւնը, ապա աքսորի երկար ճանապարհը դէպի Սուրիոյ տաք անապատներ, ուրկէ ոմանք բախտ ունեցան փրկուելու եւ հայը կրկին յարութիւն առաւ, կրկին ծաղկեցաւ, ճիշդ այնպէս, ինչպէս անձրեւէն ետք տաք արեւով կը թարմանան ցորենի հասկերը:
Ապա Համազգայինի «Վահան Նաւասարդեան» մասնաճիւղին կողմէ Յովսէփ Գաթրճեան տպաւորիչ առոգանութեամբ ասմունքեց Յովհաննէս Շիրազի «Հայոց Տանթէական»էն հատուած մը:
Բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօս Աւօ Գաթրճեան՝ ներկայացնելու օրուան խորհուրդն ու հրամայականը:
«Այսօր հոս մեզ համախմբողը անգամ մը եւս 24 Ապրիլն է, մեր պատմութեան ամէնէն ցաւալի թուականը, բոլորս քաջ գիտենք, որ 24 Ապրիլը սոսկական օր մը չէ. ան նահատակութեան, վերապրումի եւ իրաւունքի պատմութիւն է: 1915-1923 տարիներուն գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքը եղաւ հայ ժողովուրդի բնաջնջումը, պատմական հողերու մեծամասնութեան կորուստը եւ վերապրողներու սփռումը (ցրւումը) աշխարհի զանազան երկրամասեր»: Գաթրճեան այնուհետեւ աւելցուց. «Անմարդկային հալածանքի եւ զանգուածային տեղահանութեան հետեւանքով արեւմտեան Հայաստանէն կտրուած Հայ ժողովուրդի արեւմտահայ հատուածը դարձաւ տարագիր, հաստատուեցաւ աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ, դարձաւ Սփիւռք»:
Բանախօսը իր խօսքը եզրափակելով ըսաւ. «Եղեռնի զոհերուն յիշատակը վառ պահելու եւ յարգելու համար, առանց պայքարելու անհնար է ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման հասնիլ: Հաւատք, համոզում եւ նուիրում պէտք է մեր աշխարհներուն մէջ մեր ծրագիրներուն իրականացման համար, չհաւատանք լոզունքներու, չտարուինք մեծ խօսքերով, մենք մեզ չխաբենք անցեալի բարքերով, եւ վճռենք փոխուիլ եւ փոխել, մեր երիտասարդ բազուկներով ներդնենք մեր կարելին»:
Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան երիտասարդներուն եւ պատանիներուն պատրաստած յայտագիրով: Անոնք ներկայացուցին Գէորգ Էմինի «Յաւերժի Ճամբորդ» բանաստեղծութիւնը, յայտագիրին մասնակցութիւն բերին Արվին Գաբթանեան «Կիլիկիա» մաղթերգով, ինչպէս նաեւ Ներսէս Մուրատեան «Տէր, Ողորմեա» շարականով, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Լիլիթ Նաճճարի: Յայտագիրը աւարտին հասաւ նազ պարով:
Ապա Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի «Շուշի» Մասնաճիւղի անդամուհի Դալար Սեփէթճեան-Մեյխանաճեան ինքնավստահ շեշտով ասմունքեց Դանիէլ Վարուժանի «Ձօն» բանաստեղծութիւնը:
Գեղարուեստական յայտագիրին վերջին բաժինով ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Վահան Նաւասարդեան» մասնաճիւղէն Յակոբ Արզումանեան (դաշնամուր), հրաշալիօրէն նուագելով «Տլէ Եաման» եւ «Երեւան Էրեբունի» կտորները:
Գեղարուեստական յայտագիրէն ետք, բեմավարուհին բեմ հրաւիրեց Արժ. Տ. Եզնիկ Քհնյ. Զղջանեանը՝ յղելու իր սրտին խօսքը:
Ոգեկոչական հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով:

Հերմիկ Տողրամաճեան-Գաբրիէլեան

Scroll Up