Զարաքօլուն Թուրքիոյ ՄԷջ Հրատարակած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Ականատեսներու Վկայութիւններու Թրքերէն Տարբերակը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/07/02.07.14-7997Ռագըփ-Զարաքոլու.jpg)
Լոյս տեսած է «Հայոց ցեղասպանութիւնը Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ. ականատեսներու վկայութիւններ» եռահատոր փաստաթուղթերու ժողովածուի թրքերէն տարբերակը:
«Վան» հասարակական կազմակերպութեան հրապարակած առաջին ուսումնասիրութենէն ետք, որ կ’ամփոփէր Վանի, Պիթլիսի, Էրզրումի, Խարբերդի, Տիարպեքիրի, Սեբաստիոյ, Տրապիզոնի նահանգներու եւ Պարսկահայքի շրջանի վերապրողներու` 1916 թուականին հաւաքած 602 վկայութիւններ, 2013 թուականին առանձնացուեցաւ եւ մէկ գիրքով անգլերէն տպագրուեցաւ 145 վկայութիւն:
Իսկ հիմա արդէն Թուրքիոյ մէջ Ռակըփ Զարաքօլուն հրատարակած է ատոր թրքերէն թարգմանութիւնը: Նիւթերը վերցուած են Հայաստանի ազգային արխիւէն:
Թրքերէն տարբերակի հայաստանեան շնորհանդէսին նախորդած ասուլիսին հրատարակիչ Զարաքօլուն ըսած է, որ 1500 օրինակով տպագրուած գիրքը կը նախատեսէ տարածել Թուրքիոյ մէջ, որուն համար ոչ միայն քաղաքական, այլեւ տնտեսական արգելքներ կան, սակայն ցանկացողը կրնայ ձեռք բերել նաեւ համացանցի միջոցով: Հրատարակիչը նշած է, որ Թուրքիան կը ցանկայ պատմութեան ցեղասպանութիւն իրագործել. հին փաստաթուղթերը ոչնչացնելով, կը ստեղծէ նորերը` իր նոր չափանիշներուն համահունչ, եւ քարտէզներէն, բառարաններէն, գիրքերէն, գրաւոր բոլոր վկայութենէն կը ցանկան ջնջել հայերու մասին տեղեկութիւնները:
«Երբ սկսանք Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ առաջին գիրքի հրատարակութիւնը, թուրք հանրութեան մէջ միայնակ էինք. Տպագրելէ ետք մեր դռնէն ներս մտնելու համարձակութիւն ունեցան միայն երկու տարեց
հայեր: Գիրքը արգիլուեցաւ, յետոյ գաղտնի տպագրեցինք: Երրորդ քաջը, որ ներս եկաւ, Հրանդ Տինքն էր: Ան յանձն առաւ 1000 օրինակ գաղտնի տարածել: Հրանդ Տինքը իր պայքարը շարունակեց եւ կեանքով հատուցեց գաղափարներու համար:
Բայց թուրք հանրութեան մէջ արդէն կը նկատուին փոփոխութիւններ` հէնց վերնախաւէն սկսած»,- ըսաւ իրաւապաշտպան, հրատարակիչ Ռակըփ Զարաքօլուն:
yerkirmedia.am