Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Շաբաթօրեայ Վարժարանի 24 Ապրիլի Ոգեկոչումը
Փասաինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Շաբաթօրեայ Վարժարանը ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան 101ամեակը: Պատանեկան այս համեստ արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Քաիորնիոյ Փասատինա քաղաքի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին մօտ՝ Շաբաթ, 23 Ապրիլ 2016ին:
Աշակերտները հանդէսին համար պատրաստած էին շարականներ, ազգային եւ հայրենասիրական երգեր ու բանաստեղծութիւններ: Անոնք նաեւ Արցախի մէջ, Ապրիլի սկիզբը հայրենիքը պաշտպանելու համար զոհուած հայ քաջերու յիշատակին համար, խունկի մխացող գուլաներու հետ՝ միաբերան երկինք բարձրացուցին «Տէր Ողորմեա»ն: Իսկ աւագ դասարանը, արտասանեց պոլսահայ բանաստեղծ Զահրատի «Մեսրոպաբոյր»ը ու խոստացաւ հայոց լեզուի եւ գրականութեան զինուորներ մնալ միշտ:
Վարժարանի ուսուցչուհիներէն Օր. Մարալ Դաւիթեանը փոքրիկներուն հասկնալի լեզուով բացատրեց, թէ ի’նչ է Ցեղասպանութիւնը եւ ինչո’ւ հաւաքուած են բոլորը: Ան շեշտեց, թէ ամէն տարի նո’ր թափով պէտք է շարունակել ազգային պահանջատիրութիւնը:
Վերջաւորութեան աշակերները զոհերու յիշատակը միշտ թարմ տահելու համար ծաղիկներ զետեղեցին յուշարձանին մէջ:
Յիշեցնենք, թէ Փասաինային Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Շաբաթօրեայ Վարժարանը, որպէս գաղութիս ամենահին վարժարաններէն մէկը, 15 Մայիս իրաի օր, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ կը տօնէ իր 50ամեակը: