Հայկական Գաւառներու Ասեղնագործութեան Ցուցահանդէս
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու ծիրէն ներս, Հալէպի մէջ Հովանաւորութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի Սուրիոյ Կեդրոնական Մարմնին, կազմակերպութեամբ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութեան, նախագահութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Շահան Սրբ․ Արք․ Սարգիսեանին, Երեքշաբթի 17 Մարտ 2015-ի առաւօտեան ժամը 11։00-ին Ս․Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս բացումը կատարուեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ հայկական գաւառներու ասեղնագործութեան ցուցահանդէսին։ Այս մասին կը յայտնէ «Գանձասար»-ը:
Ցուցահանդէսին բացման հանդիսութեան ներկայ էին սուրիահայ երեք համայնքապետները, Հ․Հ․ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսը, Հ․Օ․Մ․-ի Կ․ Վարչութեան ներկայացուցիչը, օգնութեան խաչի անդամուհիներ եւ հրաւիրեալներ։
Ցուցահանդէսի ընթացքին ներկայացուեցան հայկական գաւառներու պատմութիւնը, աւանդութիւններն ու սովորութիւնները, ասեղնագործութիւնը, բարբառներն ու համադամ ճաշերը։
Ասեղնագործութեան կողքին Ս․Օ․Խ․-ի յանձնախումբերը ցուցադրած էին ձեռարուեստի ընտիր կտորներ, աւանդական ճաշատեսակներ եւ զարդեղէններ։
Յատկանշական էր յայտագրի մասնակից երիտասարդ խաչուհիներու մեծ ներդրումը, ինչ որ կը վկայէր, թէ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը բծախնդրօրէն կը սատարէ հայկական մշակութային արժէքներու պահպանման եւ նորահաս սերունդներու փոխանցման, որպէսզի անոնք իրենց կարգին յիշեն, պահպանեն ու պահանջեն մեր ժողովուրդի իրաւունքները։