Նուիրեալները. Անոնք Կը Դասաւանդեն Հայաստանի Համար
Լոս Անճելըսէն` Լոռիի մարզի Մետովկա գիւղ: Անհաւանակա՞ն տեղափոխութիւն է: «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին Խաչիկ Չուխաճեան կ’ապացուցէ հակառակը: Թողած ամերիկեան երազանքը` ան այսօր Մետովկայի միջնակարգ դպրոցին մէջ «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան» ծրագիրին շնորհիւ պատմութիւն կը դասաւանդէ ու կ’ըսէ. «Ես օր մը վերջնականապէս պիտի հայրենադարձուիմ»: Կը հարցնեմ` դժուա՞ր չէր հրեշտակներու քարէ քաղաքէն յետոյ Լոռիի բնութեան ու միամտութեան մէջ ապրիլը: Երկար չի մտածեր, կը պատասխանէ. «Ասիկա լաւ առիթ էր դրսեւորելու իմ կարողութիւններս, շատ հաճելի գործ է, երբ կը փոխանցես գիտելիքներդ ու դուն ինքդ նոր գիտելքներ կը ստանաս: Ես կը ցանկայի ներդրում ունենալ Հայաստանի ապագայի կառուցման գործին ու պարզապէս Հայաստան գալ: Ահա ցանկութիւններս համատեղուեցան, ու արդէն 2 տարի է` այստեղ եմ»:
Խաչիկին հետ կը զրուցենք իր աշակերտներուն մասին: Լաւ գիտեմ, որ իր օրինակը ոգեշնչած է աշակերտներուն, որ փոխուած է երեխաներու աշխարհայեացքը, մտքերը, երազանքները… «Երեխաներն աւելի հետաքրքրասէր դարձած են, աշխարհն աւելի բաց կը տեսնեն: Ես կարծես դարձայ օղակ անոնց եւ մեծ աշխարհի միջեւ: Շատ կը հարցնեն Երեւանի, Արցախի մասին: Կը պատմեմ»,-համեստօրէն կ’ըսէ Խաչիկը: Յետոյ հպարտօրէն կ’ըսէ, որ երկքաղաքացիութիւն ձեռք բերած է, որ պիտի երթայ արտերկիր ուսանելու ու ետ պիտի գայ: Այդ պահուն կը մտածեմ` եթէ Մուրացանը հիմա ապրէր ու ստեղծագործէր, պիտի որ իր «Առաքեալ»-ը այլ վերջաբան ունենար:
Գեղարքունիքի մարզի սահմամերձ Գեղամասար գիւղի դպրոցին մէջ արդէն 2 տարի կ’ապրի ու կենասբանութիւն կը դասաւանդէ Գայեանէ Անդրեսեանը: Պահ մը բարի նախանձով կը նայիմ իրեն, իր աշխուժութեան, եռանդով լեցուն կենսակերպին: «Շնորհակալ եմ, որ ինծի ուղարկած են հէնց այդ գիւղը: Մինչ այդ ունեցած եմ հնարաւորութիւն Հայաստանի շատ գիւղերու մէջ դասաւանդելու: Իմանալով գիւղերու մէջ ապրող երեխաներու կարիքներն ու խնդիրները, 2016-ին առաջիններէն մէկը եղած եմ, որ դիմած եմ «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան» ծրագիրին: Սա լաւ հնարաւորութիւն էր մեկնելու հեռաւոր գիւղ, աշխատելու այնտեղ, ապրելու: Ոչ բոլորը կրնան նման հնարաւորութիւն ունենալ»,-կ’ըսէ Գայեանէն: Կը հարցնեմ` փոշեհատիկի մը չափ զղջու՞մ կայ: Երիտասարդ ուսուցչուհին արդէն անիմաստ հարցիս վստահօրէն կը պատասխանէ` մէկ վայրկեան անգամ չէ փոշմանած: «Նախ եւ առաջ ես գացած եմ սորվելու, յետոյ նոր աշակերտներուն սորվեցնելու, ծառայելու հայրենիքին: Իրօք, ամէն օր կը սորվիմ իմ աշակերտներէս: Եթէ մէկ օր համակարգիչս չտանիմ դպրոց, կ’ըմբոստանան: Մենք մեր դասերը պատկերաւոր կ’իրականացնենք, ֆիլմեր, տեսանիւթեր կը դիտենք, նոր բացայայտումներ կ’ընենք»: Զրոյցի ընթացքին Գայեանէն կարեւոր կը համարէ` պէտք է խրախուսել ու խթանել գիւղին մէջ դասաւանդող ուսուցիչներուն: «Ուսուցիչը պէտք է հաւատայ իր դասաւանդած առարկայի կարեւորութիւնը եւ լաւագոյնը ընէ աշակերտներուն համար»,- կը նշէ ուսուցչուհին, որ իր աշակերտներուն սորվեցուցած է սորվիլը սիրել: Հպարտութեամբ կ’ըսէ` կենասբան ու բժիշկ դառնալու մտադրութեամբ աշակերտներ ունի: Գայեանէի 71 աշակերտներէն շատերն առաջ չէին հաւատար սեփական երազանքներուն, իսկ այսօր կ’ապրին ու կը սորվին յանուն իրենց փոքր ու մեծ, համեստ կամ յաւակնոտ երազանքներու իրագործման:
«Դասաւանդի՛ր, Հայաստան»-ի սփիւռքահայ մասնակիցի` Արշալոյս Ամսիհի մասին «Հայերն այսօր»-ը արդէն առիթ ունեցած է պատմելու: Պէյրութէն եկած 25-ամեայ աղջնակն անգլերէն կը դասաւանդէ Տաւուշի մարզի ներքին Կարմիրաղբիւր գիւղին մէջ: Լաւ կը յիշէ` գիւղին մէջ ինչ սիրով ու ջերմութեամբ ընդունեցին զինք: Ամիսներ անց արդէն այն զգացումն ունէր, կարծես սահմանապահ Ներքին Կարմիրաղբիւրի մէջ ծնած էր: Կը խնդրեմ, որ նկարագրէ իր աշակերտները: «Պայծառներ, փայլուններ են անոնք, բոլորէն տարբեր են, բառերով չեմ կրնար նկարագրել: Իրենք իրենց հողին տէրն են, ունին նպատակներ իրենց գիւղին հետ կապուած: Ես կը փորձեմ օրինակ ծառայել, որ վերջնակէտը հայրենիքն է, որ որեւէ տեղ այնպէս չես զգար, ինչպէս Հայաստանի մէջ: Այն զգացողութիւնն է, կարծես հազար տարի այստեղ եմ»,-կ’ըսէ պէյրութահայ երիտասարդը:
Արշալոյսին հետ զրոյցի աւարտին գլխուս մէջ հետեւեալ միտքը կը պտտի «թող Ներքին Կարմիրաղբիւրի աշակերտներն առանց Արշալոյսին իրենց արշալոյսները չդիմաւորեն…»:
Ամալիա Կարապետեան