“Հրանոյշ Յակոբեան՝ Երկաթեայ Կինը”. Եգիպտական Լրատուամիջոցի Հարցազրոյցը ՀՀ Սփիւռքի Նախարարի հետ

Եգիպտոսի «Մասաիյէ” օրաթերթի մէջ հրապարակուած է՝ Ապտ ալ Նապի Նատիմի հարցազրոյցը ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ։

“Երկաթեայ կինը` Հրանոյշ Յակոբեան. ՀՀ սփիւռքի նախարարի զրոյցը. ան կ’ակնկալէ Նախագահ Սիսիի այցը՝ մասնակցելու հայոց ջարդերու յիշատակի ոգեկոչման”. այսպէս վերնագրուած է հրապարակուած հարցազրոյցը, ուր մասնաւորապէս ըսուած է.

“Ան յայտնի է երկաթեայ կին անունով, ունի դիպուկ ու կանխատեսող կարծիքներ, շրջահայեաց է եւ ազդեցիկ … Նախարարը բծախնդրութեամբ կ’ուսումնասիրէ իրեն ներկայացուած խնդիրները… եւ ինչո՞ւ ոչ, ան պատասխանատու է միլիոնաւոր գաղթած հայերուն, որոնք կը գտնուին իրենց երկրէն դուրս եւ բռնագաղթուած են՝ 100 տարի առաջ Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած ոչնչացումէն ետք….”:

Անդրադառնալով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ստեղծման կարեւորութեան, նախարարը նշած է, որ Հայաստանի տնտեսութեան մէջ մեծ ներդրում ունի սփիւռքահայութիւնը, եւ պէտք է կապող օղակ մը ըլլար՝ երկրէն ներս եւ դուրս գտնուող հայերուն միջեւ, որպէսզի սերունդները կարենային պահպանել հայկական ինքնութիւնն ու լեզուն։

“Մասաիյէ”-ն կը յայտնէ, որ ինք հանդիպում ունեցաւ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ, որ իտէալն է իւրաքանչիւր հայուն, ով հայ ժողովուրդի իրաւունքները պաշտպանելու եւ Թուրքերու կողմէ թալանուած հայոց իրաւունքները վերադարձնելու պայքար կը մղէ։

Նախարարը հարցերուն պատասխանելով անդրադարձած է Ցեղասպանութեան 100- ամեակի ոգեկոչման նուիրուած նախապատրաստական աշխատանքներուն՝ յայտնելով, որ “այդ աշխատանքներուն սկսած ենք 2011 թուականին, երբ յանձնախումբ յառաջացուցինք աշխարհի բոլոր երկիրներու մէջ, մենք ոչ միայն կ’ոգեկոչենք նահատակներու յիշատակը, այլեւ բռնագաղթուած հայերու։

“Յանձնախումբեր յառաջացուած են 50 երկիրներու մէջ, հարիւրամեակի ոգեկոչման կը մասնակցին հայկական բոլոր կուսակցութիւնները, կառոյցները, միութիւններն ու անհատակութիւնները՝ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ”,- ըսած է նախարարը աւելցնելով, որ Եգիպտոսի նախագահ Ապտուլ ֆաթթահ Սիսիին եւս հրաւէր պիտի ուղարկուի՝ ներկայ գտնուելու 100 ամեակի ոգեկոչման, “անոր ներկայութեամբ մենք մեր գլուխը կը բարձրացնենք”,- ըսած է նախարարը։

Անդրադառնալով Հայ-եգիպտական կապերուն նախարարը յայտնած է, որ երկու կողմերու յարաբերութիւնները շատ խորն են ու բարձր մակարդակի վրայ, երկու երկիրներու միջեւ փոխյարաբերութիւնը կուգայ պատմութենէն, այդ մասին կը վկայեն հնագիտական պեղումներն ու թանգարաններուն մէջ գտնուող մետաղադրամները։ Հայերը ներդրում ունեցած են Եգիպտոսի պատմութեան մէջ՝ գլխաւորութեամբ Նուպար Փաշային, իսկ Եգիպտոսը իր դռները բացաւ ջարդերէն մազապուրծ փախած հայերուն եւ անոնց հետ վերաբերուեցաւ այնպէս, ինչպէս հայրը կը վերաբերի իր զաւակին։

Նախարարը անդրադարձած է նաեւ նախարարութեան դերակատարութեան Սփիւռք-Հայրենիք կապերու մերձեցման գործին մէջ, եւ հայապահպանման նպաստող ծրագրերուն։

Այն հարցին թէ ի՛նչ է կեցուածք ունիք արաբական աշխարհի մէջ իրականացուող ահաբեկչական գործողութիւններուն հանդէպ եւ յատկապէս ի՞նչ կ’ըսէք վերջերս Սուրիոյ մէջ, Տէր Զօրի եկեղեցին պայթեցնելու գործողութեան մասին, նախարարը պատասխանած է, “ահաբեկչութիւնը որեւէ տեղ դատապարտելի է եւ որեւէ կրօնքի մէջ ընդունուած չէ, իսկ այն ինչ տեղի կ’ունենայ այսօր, պէտք է կասեցուի եւ վճռակամութեամբ դէմ դրուի այդ գործողութիւններուն, իսկ Տէր Զօրի եկեղեցին պայթեցուցին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի յայտարարութենէն երկու օր ետք, երբ ան յայտնեց, որ Սիսի Կաթողիկոսութեան սեփականութեան համար դատի պիտի տայ Թուրքիան, սա մտածելու տեղիք կու տայ։ Ըսեմ նաեւ, որ քրիստոնեաներն ու իսլամները նոյն Աստուածները ունին, պարզապէս տարբեր ձեւով կը պաշտեն, ես վստահ եմ, որ այս արարքը գործողները կրօնք չունին, ահաբեկիչները հրաժարած են իրենց մարդկայնութենէն, իսկ ահաբեկչութիւնները, բոլոր դարաշրջաններուն միշտ մերժուած են։ ՀՀ նախագահը ՄԱԿ-ի ժողովի իր ելոյթի ժամանակ ըսաւ,- “Հայաստանի պետութիւնը բարիդրացիական լաւ յարաբերութիւններ ունի իսլամական մերձակայ երկիրներուն հետ” իր նպատակն էր հաստատել, որ Հայաստան կը դատապարտէ ահաբեկչութեան բոլոր ձեւերն ու որոշ երկիրներու աջակցութիւնը այդ գործողութիւնները իրականացնող խմբաւորումներուն։

Հարցազրոյցի ընթացքին նախարարը յայտնած է նաեւ իր տպաւորութիւնը՝ Եգիպտոսի նախագահ Սիսիի եւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի՝ ՄԱԿ-ի ժողովին ունեցած ելոյթներու մասին,-“ Ես լաւ տպաւորութիւն ունիմ նախագահ Սիսիի մասին, ինչ կը վերաբերի Էրտողանին, ան ուր որ գտնուի խնդիրներ կը յառաջացնէ, պէտք է սահման դնել անոր (կասեցնել զինք) ՝ համագործակցելով խաղաղութեան ձգտող երկիրներուն հետ։ Անձնապէս շատ գոհ եմ ՄԱԿ-ի բուռն ծափահարութիւններէն, որոնք լսուեցան նախագահ Սիսիի ելոյթի ժամանակ, եւ Եգիպտոսի նախագահին հանդէպ ունեցած այս ընդունելութիւնը պէտք է զգուշացում ըլլայ Էրտողանին , որ անտեղի սկսաւ վիրաւորել եւ միջամուխ ըլլալ Եգիպտոսի խնդիրներուն, որոնք իրեն չէին վերաբերեր, ան պէտք է ետ կանգնի ահաբեկչութեան եւ զայն իրականացնող խմբաւորումներուն սատարելու գործէն։

Նախարարը անդրադարձած է Եգիպտոսի` ցեղասպանութիւնը ճանչնալու խնդրի կարեւորութեան եւ յատնած, որ Եգիպտոսի հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը պիտի ըլլայ արաբական աշխարհի ճանաչման նոր հանգրուան։

Scroll Up