Վաղարշակ Օհանեան. «Ամէն անգամ բեմ բարձրանալուս հայ ըլլալուս համար հպարտութեամբ կը պարուրուիմ»
Օփերայի երգիչ Վաղարշակ Օհանեան երաժշտական առաջին փորձերը մանկութենէն սկսած է: Յաճախած է Երեւանի թիւ 17 ձայնի պահպանման դպրոցը, ընդունուած Երեւանի Ռոմանոս Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարանի վոկալ բաժինը, ապա երաժշտական կատարեալ գիտելիքներ ստանալու նպատակով 1986-1993թթ. ընդունուած եւ աւարտած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժտանոցի վոկալ բաժինի ասպիրանտուրան` Սուետլանա Կոլոսարեանի դասարանը: Ծառայած է Խորհրդային Միութեան Անդրկովկասի երգի-պարի խումբին մէջ` որպէս մեներգիչ:
Ապա 1993 թուականին շահելով կրթաթոշակ` մեկնած է ԱՄՆ-ի Նիւ Եորք քաղաք` կատարելագործուելու համար Jualliard անուանի դպրոցի` Դանիէլ Ֆերրոյի դասարանին մէջ: Հէնց Նիւ Եորքի մէջ ալ երգիչը առ այսօր կ’ապրի եւ բեմական բեղուն գործունէութիւն կը ծաւալէ, որուն մասին հետեւեալը ըսաւ. «Ճիշդ է, արդէն երկար տարիներ է, որ հաստատուած եմ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, ԱՄՆ-ի քաղաքացի եմ, սակայն ինքզինքս լիարժէք երկու երկիրներու քաղաքացի կը համարեմ: Երբ կը հարցնեն, թէ որ երկիրը առաւել հոգեհարազատ է, առանց վարանելու կը պատասխանեմ` եւ՛ Հայաստանը, եւ՛ ԱՄՆ-ն. սահմանազատում երբեք չեմ դներ. երկուքն ալ սրտիս մէջ են»:
Վաղարշակ Օհանեան Նիւ Եորքի փորձագէտ կատարողական արուեստի դպրոցի վոկալ ամպիոնի տնօրէնն է, ուր ձայներ կը մարզէ, միաժամանակ կը հանդիսանայ որպէս խմբավար, կը ղեկավարէ 120 հոգինոց երգչախումբ: Այս դպրոցին մէջ երաժշտական կրթութիւն ստանալէ բացի, ուսումը աւարտելէ յետոյ սաներուն վկայական կը յանձնեն, իսկ կրթական ամբողջ ծախսերը պետութիւնը կը հոգայ: Դպրոցը բաւականին յայտնի է ԱՄՆ-ի մէջ, կը գտնուի Պրոտուէյ փողոցին վրայ:
Օփերայի երգիչը Նիւ Ճերսի քաղաքին մէջ կը ղեկավարէ նաեւ «Արեգակ» մանկական երգչախումբը, ուր երեխաներուն կը սորվեցնէ հայ երգահաններու երգերը: Քառասուն հոգիէ բաղկացած երգչախումբին հետ ան ամէն ինչ կ’ընէ, որ հայ երեխաները օտար միջավայրի մէջ չկտրուին հայկականութենէն, պահպանեն իրենց արմատներն ու ինքնութիւնը: Ի դէպ, այս տարի կը լրանայ երգչախումբի գործունէութեան 10 տարին:
Վաղինակ Օհանեան անունը ինչպէս Նիւ Եորքի, այնպէս ալ արտասահմանեան շարք մը երկիրներու մէջ դասական երաժշտութեան բնագաւառին մէջ շատոնց ճանչցուած է: Ան առաջին օփերայի պայմանագիրը ստացած է «Պայացներ» օփերայի Սիլուիոյի դերերգով: Երեք տարի աշխատած է New Your City oփերային մէջ` որպէս մեներգիչ, իսկ «Mid American prodaction»-ի հետ պայամանագիր կնքած է` կատարելով Ռախմանինովի գործերը: Վաղինակի նուաճումներէն մէկն ալ այն է, որ Carnegie Hall-ին մէջ հիմնադրած է երիտասարդ երաժիշտներու միջազգային մրցոյթը: Մրցոյթին մասնակցելու նախապայմաններէն մէկն ալ հայ երաժշտահաններու ստեղծագործութիւնները կատարելն է:
Շարունակելով երաժշտական բուռն գործունէութիւնը` մայեստրոն 1993 թուականին Նիւ Եորքի մէջ արուեստանոց բացած է, ուր կը կրթուին եւ կը մշակուին միջազգային ձայներ: Ան իր արուեստանոցի սաներուն կը ներկայացնէ ձայնարուեստի հիմունքները եւ, որ ամենակարեւորն է, կը ծանօթացնէ հայ մշակոյթը:
Վաղարշակ ոգեւորութեամբ կը խօսի իր այլազգի ուսանողներուն մասին, որոնց հայկական երգեր կը սորվեցնէ. «Նիքոլ Նիւտելման անունով հրեայ ուսանողուհի մը ունիմ, որուն պէտք է տեսնէք, թէ ինչ յոյզերով եւ ապրումներով հայկական երգերը կ’երգէ, նոյնիսկ երգելուն կ’արտասուի եւ պարբերաբար կ’ըսէ, որ հիացած է հայկական երգերով եւ, առհասարակ, մեր մշակոյթով: Իսկ սեւամորթ ուսանողս` Իսեհա Կրինը, ջանք ու եռանդ չի խնայեր դասընթացներուն ժամանակ, որպէսզի լաւ սերտէ հայկական գոհարները. Անոր հետ արդէն չորս տարի կը պարապիմ: Ինծի համար այս տարուան ընթացքին ամենամեծ նուաճումը այն էր, որ աղջիկ մը կրկին իր մասնագիտական ուղիին վրայ դրի: Ան, երաժշտական կրթութիւն ունենալով հանդերձ, 10 տարի ռուսական խանութի մէջ նպարեղէն կը վաճառէր. Համայնքէն ներս տեղի ունեցող համերգներէն մէկուն ժամանակ մօտեցաւ ինծի եւ խնդրեց համագործակցիլ հետս: Սիրայօժար ընդառաջեցի խնդրանքին: Բացի մասնագիտական դասընթացներէն, սկսայ անոր հետ հոգեբանական զրոյցներ ունենալ, խորհուրդներ տալ, որպէսզի դուրս գար այդ ընկճուած վիճակէն: Ան աւարտեց Պրուքլինի քոլեջը եւ հիմա կը դասաւանդէ մանկական պետական դպրոցին մէջ»:
Ամէն անգամ բեմ բարձրանալուն մայեստրոն հայ ըլլալուն հպարտութեամբ կը պարուրուի: Գիտակցութեան մէջ մշտավառ է, որ հազարաւոր հանդիսատեսի առջեւ իր ազգը կը ներկայացնէ: Ի դէպ, ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան կողմէ 2014 թուականին արտերկրի մէջ հայ մշակոյթը տարածելու եւ պահպանելու համար արժանացած է «Նարեկացի» մետալին: Վաղարշակ կը հաւաստիացնէ, որ միշտ փորձած է իր ճանաչումը, վաստակն ու հնարաւորութիւնները օգտագործել ի շահ Հայաստանի, նոյնիսկ տարբեր ծրագիրներ իրականացուցած է Հայաստանի մէջ:
Յուլիս 25-26 ժիւրիի կազմին մէջ ընդգրկուած եղած է Թենոր արուեստի համաշխարհային ընկերակցութեան «Ոսկէ ձայն 2015» միջազգային մրցոյթին, որուն ժամանակ հիացած է երիտասարդներու արհեստավարժ կատարումներով, եւ մէկ անգամ եւս համոզուած, որ տաղանդաւոր հայ երիտասարդութիւն ունինք: Այս տարի Հայաստանի մէջ «Նարեկացի» մշակութային միութեան հետ համատեղ վարպետութեան դասընթացներ կազմակերպած է, որուն մասնակցած են շուրջ 150 հոգի:
Երգիչի հոգիի պարտքը եղած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ծիրէն ներս համերգային ծրագիրով հանդէս գալը: Յունիս ամսուն Պրոտուէյի մէջ իր ղեկավարած երիտասարդական երգչախումբին հետ տարեկան հաշուետու համերգ ունեցած է` նուիրելով այն Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ նահատակներու յիշատակին: Համերգին 700 հանդիսատես ներկայ եղած է: Ատիկա մեծ հնարաւորութիւն տուած է, որ ներկաները իրազեկուին Հայոց ցեղասպանութեան մասին:
Պրոտուէի մէջ Վաղարշակի ջանքերով նաեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը խորհրդանշող մեծ ցուցապաստառ փակցուած է, եւ այնտեղ այցելող մեծաթիւ զբօսաշրջիկներ ակամայէն առերեսուած են հայոց վիշտին:
Պարզուեցաւ, որ Վաղարշակ Օհանեանի` Հայոց ցեղասպանութեան շուրջ աշխոյժ քարոզչութենէն յետոյ տեղուոյն դպրոցներու ուսումնական ծրագիրներուն մէջ ներառուած է նաեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Գէորգ Չիչեան