Սփիւռքի Նախարարը Վիեննայի ՄԷջ Մասնակցած Է Ճրագալոյցի Սբ. Պատարագի
«Հայերն այսօր»-ի տեղեկացմամբ, ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Աւստրիա կատարած աշխատանքային այցի ծիրէն ներս Աւստրիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Արման Կիրակոսեանի ուղեկցութեամբ այցելած է Վիեննայի Հայ Առաքելական Սբ. Հռիփսիմէ եկեղեցի եւ մասնակցած սբ. Յարութեան Ճրագալոյցի պատարագին: Պատարագիչը եղած է Աւստրիոյ Հայ Առաքելական եկեղեցական համայնքի հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տէր Անդրէաս քահանայ Իսախանեան, որ աւարտին կատարած է Տնօրհնէքի արարողութիւն: Պատարագին ներկայ գտնուած է նաեւ Կեդրոնական Եւրոպայի եւ Շուէտի հայրապետական պատուիրակի պաշտօնակատար Հոգեշնորհ Տէր Տիրան վարդապետ Պետրոսեան, աւստրահայ հաւատաւոր ժողովուրդը եւ այլ հիւրեր:
Յիշեցնենք, որ մինչ այդ նախարարը հանդիպումներ ունեցած է Վիեննայի հայ համայնքի կառոյցներու ներկայացուցիչներու եւ Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան անդամներու հետ, ինչպէս նաեւ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է Եւրոհայկական 23-րդ խաղերու բացման պաշտօնական արարողութեան: Այսօր երեկոյեան կը նախատեսուի Սփիւռքի նախարարի հանդիպումը Եւրոհայկական խաղերու մասնակիցներուն հետ: