Ախալքալաքի Երիտասարդական Կրթամշակութային Կեդրոնը 10 Տարեկան է

Մարտ 17-ին Ախալքալաքի Երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոնը տօնական ձեռնարկ մը կազմակերպած էր` նուիրուած ԱԵԿ-ի ստեղծման 10-ամեակին, որուն ներկայ  եղած են Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեան` թեմի հովուապետերու խումբով, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Մերձաւոր Սփիւռքի հետ կապերու վարչութեան պետ Տարօն Շագոյեան, Գիւմրիի «Ընտանիք» մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնի պատասխանատուները, ՎՀՕՄ-ի Միաւորի շատ անդամներ եւ բազում այլ հիւրեր: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ը կը տեղեկանայ ԱԵԿ-էն

Հայաստանի եւ Վրաստանի պետական օրհներգներէն ետք  ձեռնարկի մասնակիցները ստացած են Սրբազան հօր օրհնութիւնը: Վերջինս իր խօսքին մէջ շնորհաւորած է ԱԵԿ-ի 10-ամեակը, բարձր  գնահատած հայ երեխաներուն հայեցի դաստիարակութիւն եւ կրթութիւն տալու, Մայրենին պահպանելու կեդրոնի մանկավարժներու բարեխիղճ աշխատանքը` մաղթելով յաջողութիւն եւ նորանոր ձեռքբերումներ:

ՎՀՕՄ-ի ատենապետուհի Կարինէ Թադեւոսեան, ողջունելով ներկաները, շնորհաւորանքի ու բարեմաղթանքի խօսքեր  յղած է ԱԵԿ-ի աշխատակազմին:

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի շնորհաւորական խօսքը փոխանցած է  Տարօն Շագոյեան:

Վրաստանի մէջ  ՀՀ-ի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռուբէն Սադոյեանի, ՀՀ ԿԳ նախարար Լեւոն Մկրտչեանի, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Աշոտեանի շնորհաւորական խօսքը  ընթերցած  է ԱԵԿ-ի սան Լիլիթ Գաբրիէլեան:

Ձեռնարկին  ընթացքին հաղորդավարները ներկայացուցած են կեդրոնի 10 տարիներու գործունէութիւնը: Գեղարուեստական մասին մէջ ելոյթ  ունեցած են ԱԵԿ-ի «Հայք» համոյթը, կեդրոնի միւս սաները, Գիւմրիի «Ընտանիք» մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնի սաները, ինչպէս նաեւ` «Շանթ» հեռուստաընկերութեան «Ժողովրդական երգիչ» նախագիծի մասնակից Կարէն Աթոյեան:

Ձեռնարկին աւարտին Ախալքալաքի ԵԿ-ն հիւրերուն համար կազմակերպած էր հիւրասիրութիւն:

 

Scroll Up