Դեսպան Փոլատեանի հանդիպումը Սուրիոյ մշակոյթի նախարարի հետ

Ապրիլ 8-ին Սուիրիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Արշակ Փոլատեան հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ մշակոյթի նախարար Իսսամ Խալիլի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկկողմ մշակութային համագործակցութեան առնչուող շարք մը հարցեր: Մտքեր փոխանակուեցան հայ-սուրիական բարեկամական եւ մշակութային յարաբերութիւններու յետագայ աշխուժացման ու խորացման ուղղուած ձեռնարկներու կազմակերպման վերաբերեալ:
Նախարարի խնդրանքով դեսպան Փոլատեան հանգամանօրէն ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առնչութեամբ նախատեսուող ձեռնարկնները` շեշտելով անոնց կարեւորութիւնը հայ ժողովուրդի եւ մարդկութեան համար` իբրեւ միջոց ցեղասպանութիւններու դատապարտման եւ անոնց կանխարգիլման համար: