Կը Շարունակուին Սուրիահայերու Մասնագիտական Դասընթացները
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի հայաստանեան Կլոր սեղան հիմնադրամի ֆինանսաւորմամբ կը շարունակուին սուրիահայերու մասնագիտական դասընթացները` «Հալէպ» ԲՀԿ եւ «Արտ հաուս» ուսումնական կեդրոնի հետ սերտ համագործակցութեամբ: 29 սուրիահայ երիտասարդներ եւ կանայք այս պահուն կը մասնագիտանան վարսայարդարներու, դիմայարդարներու, մատնայարդարներու, սեղանի ձեւաւորման, ինչպէս նաեւ` հագուստի ձեւաւորման եւ կարի խումբերու մէջ: Դասընթացներու աւարտին իւրաքանչիւրը կը տիրապետէ մասնագիտական որակաւորման հմտութիւններուն եւ կը կարենայ դրամ վաստակել կարիքները հոգալու եւ Հայաստանի մէջ արժանապատիւ կեանք ունենալու համար:
Աշխատուժի զարգացման այս նախաձեռնութիւնը Կլոր սեղան հիմնադրամը կ’իրականացնէ արդէն 4-րդ տարին` հնարաւորութիւն տալով 150-է աւելի կանանց ու երիտասարդներու ստանալու ծրագրաւորման, տարբեր արհեստներու, արուեստներու եւ լեզուներու կարողութիւններու զարգացման հնարաւորութիւն, անով իսկ նպաստելով անոնց մրցունակութեան հայաստանեան աշխատաշուկային, եւ հետեւաբար` բարեկեցութեան ապահովման:
Ընկերաին-հոգեբանական աջակցութիւնը կ’իրականացուի Սբ. Զօրաւոր Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուր ամէն ուրբաթ 50-60 սուրիահայ կը մասնակցի հոգեւոր ձեռնարկներու, որմէ յետոյ անոնք կը խօսին իրենց խնդիրներու ու ընելիքներու մասին, ձեռք կը մեկնեն իրար` յաղթահարելու դժուարութիւնները: Տէր Գրիգոր քհն. Գրիգորեանի գլխաւորութեամբ սուրիահայերու համար կազմակերպուած բազմաբնոյթ ձեռնարկները կը նպաստեն շահառուներու բարոյահոգեբանական խնդիրներու լուծման եւ անոնց հզօրացման: