Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի Գլխաւորած Պատուիրակութեան Կազմին ՄԷջ Այցելած Է Անթիլիաս

Մարտ 12-ին Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան վարչապետ Կ. Կարապետեանի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մէջ ներկայ գտնուած է Հայաստանի եւ Լիբանանի կառավարական պատուիրակութիւններու ընդլայնուած կազմով հանդիպման:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան մասնակցած է նաեւ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի եւ Լիբանանի նախագահ Միշել Աունի հանդիպման, որուն ընթացքին երկուստեք կարեւոր համարուած է լիբանանահայ համայնքի դերակատարութիւնը` որպէս երկու երկիրները կապող եւ յարաբերութիւններն ամրապնդող օղակ:

Այնուհետեւ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան վարչապետի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մէջ այցելած է Անթիլիաս, հանդիպում ունեցած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին հետ:

Հանդիպումէն առաջ պատուիրակութեան անդամները Կաթողիկոսի ուղեկցութեամբ այցելած են Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճար, այնուհետեւ` մայրավանքի հարեւանութեամբ կառուցուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող մատուռ:

Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ներկայ  գտնուած է նաեւ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի հարցուպատասխանին, ուր մասնաւորապէս քննարկուած են ՀՀ տնտեսական օրակարգին, ԼՂ հիմնահարցի կարգաւորման հեռանկարներուն, Հայաստան-Եւրոմիութեան փոխգործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Scroll Up