Լիոնի Քաղաքապետ Ճորճ Քեպենէկեանի Գլխաւորած Պատուիրակութիւնն Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն

Մարտ 6-ին Լիոնի քաղաքապետ Ճորճ Քեպենէկեանի  գլխաւորած պատուիրակութիւնն այցելեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն:

Պատուիրակութեան կազմին մէջ էին Լիոնի փոխքաղաքապետ Կարին Տոնին-Սոզը, Լիմոնեստի քաղաքապետ, Լիոնի քաղաքապետարանի ապակեդրոնացուած համագործակցութեան հարցերով փոխնախագահ Մաքս Վենսանը, Լիոն 3 համալսարանի նախագահ  ժաք Քոմբը, Լիոնի քաղաքապետարանի աշխատակազմի  շարք մը պաշտօնեաներ, ֆրանսական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ֆրանսայի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճոնաթան Լաքոտը:

Ողջունելով հիւրերը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շնորհաւորեց Երեւան եւ Լիոն քաղաքներու միջեւ ստորագրուած համագործակցութեան յուշագիրին առթիւ եւ այն հայութեան համար յոբելենական այս տարուան մէջ համարեց պատմական իրողութիւն: «Ֆրանսիայում ապրում է 150 հազար հայ, որից 50 հազարը բնակւում է Լիոնում: Խորին շնորհակալութիւն քաղաքային իշխանութեանն այն պայմանների համար, որոնց շնորհիւ հայ փոքրամասնութիւնը կարողանում է պահպանել իր լեզուն, մշակոյթը, կրօնը: Ես շատ ուրախ եմ, որ հայերը Ֆրանսիայի հպարտ քաղաքացիներ են, բայց շարունակում են հաւատարիմ մնալ իրենց արմատներին, ազգային պատկանելիութեանը: Հայ համայնքը իր ներդրումն ունի Ֆրանսիայի մշակոյթի, տնտեսութեան եւ այլ ոլորտների զարգացման գործում»,-նշեց Սփիւռքի նախարարը: Հրանոյշ Յակոբեան ընդգծեց նաեւ, որ Երեւանի մէջ հոկտեմբերին կայանալիք Ֆրանքոֆոնիայի գագաթնաժողովը մեծագոյն իրողութիւն է, եւ այնչափ ոգեւորիչ է, որ խորհրդանշական այս տարուան ընթացքին կը մեկնարկէ նաեւ Երեւան-Լիոն–Երեւան կանոնաւոր ուղիղ չուերթը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` Լիոնի քաղաքապետ Ճորճ Քեպենէկեան նշեց, որ վերջին տասնամեակներուն Հայաստան յաղթահարած է  շարք մը դժուարութիւններ, եւ սփիւռքը մշտապէս ներկայ  եղած է  հայրենիքի մէջ: «Նոր էջ մը բացուած է հայ-ֆրանսական համագործակցութեան  պատմութեան մէջ, եւ այս նոր շրջափուլին մենք պէտք է փորձենք աւելի գործնական ըլլալ, նպաստել մեր երկու քաղաքներու փոխգործակցութեան»: Ճորճ Քեպենէկեան ընդգծեց, որ պատուիակութեան կազմին մէջ են մշակոյթի, կրթութեան, բժշկութեան, նորագոյն արհեստագիտութիւններու, տնտեսութեան ոլորտի ներկայացուցիչներ, եւ այսպիսի հանդիպումները, քննարկումները կը բանան համագործակցութեան դռներ ու հեռանկարներ: Անդրադարձ կատարելով ֆրանքոֆոնիայի ձեռնարկներուն` Լիոնի քաղաքապետը նշեց, որ  ատոնք ոչ միայն կը ներկայացնեն ֆրանսերէնը, այլեւ  ամբողջ մշակոյթ ու արժեհամակարգ:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան բարձր գնահատեց Ճորճ Քեպենէկեանի ազգանուէր գործունէութիւնը Սպիտակի երկրաշարժի, Արցախեան պատերազմի, Հայաստանի անկախացման տարիներուն. ան, ըլլալով Ֆրանսայի ազդեցիկ քաղաքացի, գործիչ, չմոռցաւ իր արմատները:

Երկուստեք կարեւորուեցաւ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի կառավարութիւններուն կողմէ Հայաստանի մէջ հիմնուած Ֆրանսական համալսարանի գործունէութիւնը: Սփիւռքի նախարարը նշեց, որ դեռեւս մէկ ամիս առաջ ՀՀ-ի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ճոնաթան Լաքոտի հետ հանդիպման ընթացքին կարեւորուած է Երեւանի մէջ ֆրանսական համալիր կրթօճախ ստեղծելու գաղափարը` ամբողջացնելով մանկապարտէզ, տարրական, հիմնական եւ աւագ դպրոց եւ ֆրանսական համալսարան  շղթան:

Քննարկուեցան Հայաստանի մէջ ներդրումային քաղաքականութեան, գործարար ոլորտին վերաբերող հարցեր: «Մենք Եւրոպայի եւ Ասիայի հատման խաչմէրուկում ենք, սակայն հայ ժողովուրդը եւրոպական մշակոյթի կրողն է, մի մեծ կամուրջ երկու աշխարհամասերի միջեւ, ասել է թէ` հնարաւորութիւնների երկիր»,-նշեց Սփիւռքի նախարարը: Հրանոյշ Յակոբեանը ֆրանսացի ճարտարապետները հրաւիրեց մասնակցելու հոկտեմբերին կայանալիք Ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու 4-րդ համահայկական համաժողովին, որ կը նպաստէ երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու միջեւ արուեստի եւ գիտութեան յառաջընթացին:

SOS գրուպի (հասարակական ընկերութիւն) արտաքին յարաբերութիւններու հարցերով ազգային պատուիրակ Ժիւլ Պոյաճեան ներկայացուց աշխարհի մէջ 480 մասնաճիւղ ունեցող ընկերութեան գործունէութիւնը: «Մեր գործարարութեան նպատակը բոլորի բարօրութիւնն է, եւ կը պատրաստուինք գործունէութիւն ծաւալել նաեւ Հայաստանի մէջ»,-նշեց Ժիւլ Պոյաճեան:

Հանդիպման աւարտին Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Լիոնի քաղաքապետ Ճորճ Քեպենէկեանին յանձնեց խորհրրդանշական յուշանուէր եւ «Հայկական սփիւռք» տարեգիրքը:

 

Scroll Up