Տեղի կ’ունենայ «Հայերէնի եւ հայագիտութեան համացանցային կեդրոնի» բազմալեզու թարգմանիչ ծրագիրի շնորհանդէսը

Ապրիլ 29-ին, ժամը 15:00-ին տեղի կ’ունենայ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան ու Հայերէնի եւ հայագիտութեան համացանցային կեդրոնի» (ISMA) բազմալեզու թարգմանիչ ծրագիրի շնորհանդէսը, որուն կարգախօսն է` «Հայոց լեզուն հասանելի դարձնել Թուրքիոյ տարածքին մէջ բնակող ծպտեալ հայերուն» (հասցէն` Վ.Սարգսեան 26/1, «Էրեբունի պլազա» բ/կ, 5-րդ յարկ, 503 սրահ):

Ողջոյնի խօսքով հանդէս կու գայ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

Ծրագիրի հեղինակ, ՀՊՃՀ փրոֆէսոր, գիտարուեստական գիտութիւններու դոկտոր Էդուարդ Մանուկեան կը ներկայացնէ բջջային հեռախօսով աշխատող համացանցային բազմալեզու թարգմանչական-բացատրական բառարանները:

Ստեղծուած է շտեմարան, որ թոյլ կու տայ ներառել առկայ հայերէն բացատրական եւ թարգմանչական բոլոր բառարանները:

Ներկայիս մէկտեղուած է մօտ 25 բառարան:

Ստեղծուող բառարանը արդէն առցանց հասանելի է բջջային հեռախօսներու համար եւս:

Scroll Up