Սփիւռքի Նախարարն Ընդունեց Տայք Միրիճանեանը

Մարտ 1-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց պոլսահայ գործարար Տայք Միրիճանեանը: Ողջունելով հիւրը` Հրանոյշ Յակոբեան բարձր գնահատեց Տայք Միրիճանեանի գործունէութիւնը, անոր դերակատարութիւնը պոլսահայ մշակութային կեանքէն ներս:
«Կարեւոր է, որ հայ մնանք, հայերէն խօսինք, հայկական թերթեր կարդանք, ամէն վայրկեան մէնք մեզ հայ զգանք, մեր արմատն ունենանք Հայրենիքի մէջ»,- նշեց Տայք Միրիճանեանը:
Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց, որ նախ եւ առաջ իւրաքանչիւր հայու ոգիի ծառն իր արմատներով կապուի Հայաստանին, սնուի հայկականութեամբ:
Քննարկուեցան համայնքի ներկայ իրավիճակին, զարգացումներուն ու մարտահրաւէրներուն, Սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան»