ՀՀ Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Մասնակցեցաւ «Արի Տուն» Ծրագիրի 2-րդ Փուլի Փակման Հանդիսաւոր Արարողութեան
Յուլիս 4-ին Ծաղկաձորի «Արի տուն ճամբարին մէջ կայացաւ Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն ծրագիրի 2-րդ փուլի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Ձեռնարկին մասնակցեցան ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Կոտայքի մարզպետ Արամ Յարութիւնեան, այլ պաշտօնատար անձիք:
Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան ողջունեց ներկաները, կարեւոր համարեց ծրագիրի դերը հայապահպանութեան գործին մէջ եւ վստահեցուց, որ այն յառաջիկային առաւել կ’ընդլայնուի եւ կը կատարելագործուի:
Արիտունցիները ողջունեցին հիւրերը, ներկայացուցին իրենց տպաւորութիւնները, ծրագիրի ծիրէն ներս իւրացուցած ազգային երգն ու պարը, ասմունքը եւ ստացած գիտելիքները: Կատարումներու, հայրենիքին ձօնուած բանաստեղծութիւններու միջոցով անոնք արտայայտեցին իրենց սէրն ու նուիրուածութիւնը Հայրենիքին, անոր մշակոյթին հանդէպ եւ վստահեցուցին, որ պիտի դառնան հայապահպանութեան ու Հայրենիքի յառաջընթացի երաշխաւոր-յառաջամարտիկներ, ընդմիշտ պիտի պահեն կապը նոր ընկերներուն, հիւրընկալ ընտանիքներուն հետ: Անոնց զգացողութիւններու խտացուած արտայայտութիւնը կարելի է համարել արիտունցիներէն մէկուն բանաստեղծութեան հետեւեալ տողը` «Քո սէրն եմ ես, իմ Հայաստան, որ ծնած եմ օտար հողի վրայ»:
Ծրագիրի այս փուլը Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան իւրայատուկ խորհուրդ ունէր. «Արի տունը» հիւրընկալած էր նաեւ Արցախի ներկայացուցիչներուն եւ երիտասարդութեան քաղաք հռչակուած Սիսիանի լաւագոյն աշակերտներուն, պատանիներու եւ աղջիկներու Ռուսաստանէն, Ուքրանիայէն, Վրաստանէն, ԱՄՆ-էն, Ֆրանսայէն, Շուէտէն, Լատվիայէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն: Ծրագիրի այս փուլին կը մասնակցէր 185 պատանիներ եւ աղջիկներ:
Անոնք բոլորը իրենց կուրծքին կը կրէին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի խորհրդանիշ անմոռուկը` հաւատ ներշնչելով, որ հայոց պահանջատիրութեան կրողները պիտի ըլլան:
Հիւրընկալ ընտանիքներու անունէն ներկաներուն ողջունեց իր օճախին մէջ երեք երեխայ հիւրընկալած բ.գ.թ., փրոֆէսոր Լաւրենտի Միրզոյեանը:
Իր ելոյթով ներկաներուն հիացուց Իմ Հայաստան ծրագիրի մասնակից, Լիբանանի Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան «Արին» պարախումբը:
Երեխաներուն իրենց խօսքով ու հայրենասիրական երգերով ոգեւորեցին ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ Շուշան Պետրոսեան եւ երգիչ Անտրէն:
Վերջաւորութեան հրաժեշտի աւանդական խարոյկին շուրջ թնդաց հայոց աւանդական քոչարին, խարոյկ, որ կը խորհրդանշէ աշխարհացրիւ հայ պատանիներու ու երիտասարդներու հոգիի ջերմութիւնը, որ անոնք կը ստանան` մասնակցելով «Արի տուն» ծրագիրին: