Անժէլա Սահակեան Հիւրընկալուեցաւ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ

Յուլիս 18-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ֆրանսաբնակ հայ գրող, հրապարակախօս, Հայաստանի եւ Արցախի գրողներու միութեան անդամ, Փարիզի AYP FM հայկական ռատիոյի «Արցախապատում» եւ «Բաց նամակ` ճշմարտութեան պարտադրանքով» հաղորդաշարերու հեղինակ եւ մեկնաբան Անժէլա Սահակեանը:
Ողջունելով հիւրը` նախարարը կարեւոր համարեց Սփիւռքի մէջ լեզուի եւ ինքնութեան պահպանութեան ուղղուած գրողի հայանպաստ գործունէութիւնը, անդրադարձաւ անոր հաղորդաշարերուն Հայոց ցեղասպանութեան, Արցախի հերոսամարտի թեմաներուն պարբերաբար անդրադառնալու անհրաժեշտութեան, հրաւիրեց մասնակցելու սեպտեմբեր 18-20 Երեւանի մէջ կայանալիք «Հայրենիք-Սփիւռք» համահայկական 6-րդ համաժողովին:
Անժէլա Սահակեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ նշեց, որ ինք ծնունդով Արցախէն է, եւ մօտ օրերս Երեւանի Գրողներու միութեան եւ Արցախի մէջ տեղի կ’ունենայ իր հեղինակած «Ճշմարտութեան պարտադրանքով» գիրքի ֆրանսերէն հրատարակութեան շնորհանդէսը: «Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի Արցախի մէջ», – աւելցուց ան: