Մեկնարկեցին Մայրենիի Օրուան Նուիրուած Ձեռնարկները
Փետրուար 21-ին մեկնարկեցին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ իրականացուող Մայրենիի օրուան նուիրուած ձեռնարկները Օշականի մէջ: Տօնի մասնակիցները` ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ այցելեցին Մեսրոպ Մաշտոցի շիրիմին, իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին եւ ծաղիկներ խոնարհեցին:
Այնուհետեւ եկեղեցւոյ դպրատան մէջ տեղի ունեցաւ մայրենիին նուիրուած աւանդական ձեռնարկը` Օշականի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան դպրոցի աշակերտներու եւ Երեւանի Մխիթար Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարանի օտարազգի ուսանողներու մասնակցութեամբ:
Ողջունելով ձեռնարկի մասնակիցներն ու կազմակերպիչները` սփիւռքի նախարարը մասնաւորապէս նշեց. «Յարգելի ներկաներ, սիրով եւ ջերմութեամբ ուզում եմ շնորհաւորել բոլորիս մեր ոսկեղենիկ լեզուի տօնի առթիւ: Արդէն աւանդոյթ է դարձել օրը սկսել Մեսրոպ Մաշտոցի գերեզմանին ծաղիկ խոնարհելով: Մաշտոցը ամենամեծ հայն է, պէտք է մեծարենք ու խնկարկենք նրա յիշատակը, նոյնը պէտք է սովորեցնենք մեր երեխաներին: Օշականը սրբատեղի է հայ ժողովրդի համար եւ գրկաբաց ընդունում է բոլոր հայերին, շնորհակալ ենք ձեզ այս տօնի համար: Մայրենիի պահպանութիւնը յատկապէս կարեւոր է Սփիւռքում: Լեզուի պահպանութիւնը հայապահպանութեան գրաւականն է: Եթէ հայ մանուկը դրսում խօսում է հայերէն, ուրեմն յաղթել ենք: Երեխայի գլխաւոր ուսուցիչը հայ մայրն է, եւ ես խնդրում եմ սփիւռքում ապրող բոլոր մայրերին, որ երեխաների հետ խոսէն միայն հայերէն: Խօսքս ուզում եմ աւարտել լեզուի մասին Համօ Սահեանի տողերով.
«Մեր լեզուն արիւնն է մեր,
Արիւնից աւելի թանկ,
Մեր բուրմունքն ու գոյնն է մեր,
Մեր լեզուն մենք ենք, որ կանք…»:
Ձեռնարկը սկսաւ Օշականի Սբ.Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Վիգէն քհն. Մանուկեանի աղօթքով եւ օրհնութեամբ:
Օշականի դպրոցի աշակերտները փոքրիկ բեմադրութիւն ներկայացուցին մայրենի լեզուի, Մեսրոպ Մաշտոցի մասին, նուագեցին երգեցին ու արտասանեցին: Ելոյթ ունեցան նաեւ Երեւանի Մխիթար Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարանի հնդիկ, պարսիկ եւ սփիւռքահայ ուսանողները:
Ձեռնարկին մասնակիցներն այցելեցին նաեւ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարան, ծաղկեպսակ խոնարհեցին Մեսրոպ Մաշտոցի արձանին: Տօնին առթիւ Երեւանի Խ. Աբովեանի անուան N 2 դպրոցի աշակերտները մայրենիին նուիրուած բանաստեղծութիւններ արտասանեցին:
Մայրենիի օրուան նուիրուած ձեռնարկները շարունակուեցան ՀՀ ԳԱԱ Հ. Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկին մէջ կազմակերպուած` 2016-2017 թթ. ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պատուէրով հրատարակուած արեւմտահայերէնին նուիրուած գիրքերու շնորհանդէսով եւ արեւմտահայերէնի խնդիրներուն նուիրուած կլոր սեղան-քննարկումով: