«Մարտիրոս Սարեան» Միութեան Նախագահն Այցելեց ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութիւն
Յուլիս 18-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ԱՄՆ «Մարտիրոս Սարեան» միութեան նախագահ Աշոտ Գեղամեանը, Քրիստինա Գեղամեանը եւ նկարիչ Կայծակ Վանիկեանը: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Արժանթինի Հայոց թեմի Պուէնոս Այրէսի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ տէր Մաղաքիա վարդապետ Ամիրեան:
ԱՄՆ-ի մէջ գործող «Մարտիրոս Սարեան» միութիւնը 2017թ. մայիս 28-ին Փասատենայի ՀԲԸՄ կեդրոնին մէջ կազմակերպած էր տաղանդաւոր հայ նկարիչ Կայծակ Վանիկեանի նկարներու բարեգործական ցուցահանդէս-վաճառքը, որ նուիրուած էր Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան օրուան:
Նկարներու վաճառքէն ստացուած ամբողջ հասոյթը պիտի փոխանցուի զոհուած զինուորներու ընտանիքներու անդամներուն:
«Մարտիրոս Սարեան» միութեան նախագահ Աշոտ Գեղամեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան եւ արդիւնաւէտ զրոյցի համար, խնդրեց աջակցիլ նուիրատուութիւնը կազմակերպելու հարցով: