Սուրիոյ Մէջ Տիրող Իրավիճակի Պատճառով Ալեքս Քալայճեանը Չի Կրնար Մասնակցիլ «Սփիւռք Ամառնային Դպրոցին»

Յուլիս 9-ին Ծաղկաձորի Երիտասարդական կեդրոնին մէջ կայացաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք ամառնային դպրոց»-2013թ ծրագիրի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

 Այս տարի ծրագիրին կը մասնակցի 210 սփիւռքահայ աշխարհի աւելի քան 25 երկրէ:

Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակի պատճառով Սփիւռքի լրագրողներու դասընթացքին չի կրնար մասնակցիլ Հալէպ բնակող մեր հայրենակից Ալեքս Քալայճեանը: Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը  յայտնեն ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մամուլի եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Կը ներկայացնենք Ալեքս Քալայճեանի նամակը ամբողջութեամբ.

«Սիրելիներ,  ցաւօք  սրտի  պիտի  չկարենանք մասնակցիլ  «Լրագրողներու  ամառնային դպրոցի  դասընթացներ»  ծրագիրին,  որովհետեւ  ինչպէս  տեղեակ էք,  թէ  ես  Հալէպ  կը բնակիմ:  Հալէպը  ամբողջապէս  շրջապատուած  է  ահաբեկիչներով  եւ  անոնք  քաղաքի բոլոր  ճանապարհները  փակած  են:  Չկայ  օդանաւ  եւ  ոչ  ալ  հանրակառք,  որպէսզի կարենայի  գալ  Հայաստան:  Մէկ խօսքով`  ոչ  ոք  կրնայ  դուրս  գալ  քաղաքէն  որեւէ տեղ երթալու համար:

Լրջօրէն  ժողովուրդը  սովի  մէջ  է  եւ  շատ  դժուար  կը  գտնենք  մեր  օրուան  հացը:

Առ  այդ,  իմ  կանխայայտ  շնորհակալութիւնները  կը  յայտնեմ  ձեզի,  եւ  նամանաւանդ տիկ.  Հրանոյշ  Յակոբեանին,  որ    առիթ  տուաւ ինծի  մասնակցելու  սոյն  դասընթացներուն»:

 Նշենք, որ «Սփիւռք ամառնային դպրոցը» հայերէնի ուսուցման եւ Սփիւռքի մասնագէտներու վերապատրաստման ծրագիր է, որ  արդէն երկրորդ տարին է կ’իրականացուի:

Ծրագիրը կ’իրականացուի 5 ուղղութիւներով` Հայոց լեզուի արագացուած դասընթացներ, որոնք կը տեւեն յուլիս 8-էն օգոստոս 2, Սփիւռքի ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացներ (յուլիս 15-օգոստոս 2), Սփիւռքահայ երիտասարդ առաջնորդներու դասընթացք (յուլիս 22 – օգոստոս 2), Սփիւռքի լրագրողներու դասընթացք (յուլիս 22 – օգոստոս 2), Ազգային երգի ու պարի դասընթացք ( յուլիս 24 – օգոստոս 2):

Scroll Up