Իրաքի Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներն Այցելեցին Սփիւռքի Նախարարութիւն
Փետրուար 19-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Իրաքի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Աւագ արք. Ասատուրեանը եւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մելքոն Մելքոնեանը:
Ողջունելով հիւրերը` նախարարը կարեւոր համարեց անոնց ազգանուէր եւ հայապահպան գործունէութիւնը, նախանձախնդիր վերաբերմունքը համայնքային եւ եկեղեցական հարցերու լուծմանը:
Քննարկուեցան համայնքին առջեւ ծառացած խնդիրները, մարտահրաւէրները, անդրադարձ կատարուեցաւ երկրի խորհրդարանին մէջ ներկայացուցչական տեղ ունենալու հնարաւորութիւնը:
Նախարարը հանգամանօրէն ներկայացուց Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման, ներդրումներու խթանման, հայրենադարձութեան խրախուսման ուղղուած ձեռնարկները, առաջարկեց մասնակցիլ սահմանապահ գիւղերուն աջակցելու ծրագիրին:
Հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին արդիւնաւէտ հանդիպման համար, նախարարին ներկայացուցին իրականացուած աշխատանքները, յետագայ ծրագիրները, պատրաստակամութիւն յայտնեցին մասնակցելու նախարարութեան նախաձեռնած «Սահմանապահ գիւղերու աջակցութիւն» շարժման: