ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Գանատայէն Հայրենադարձուած Նաճարեաններու Ընտանիքը

Օգոստոս 23-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Գանատայէն հայրենադարձուած Նաճարեաններու ընտանիքը:

 Նախարարը ջերմօրէն ողջունեց բարեկեցիկ Գանատայէն Հայրենիք գալու եւ հաստատուելու անոնց որոշումը, յոյս յայտնեց, որ անոնք օրինակ պիտի  ծառայեն բազմաթիւ սփիւռքահայերու: Ան մասնաւորապէս ըսաւ. «Տեղեկանալով Հայաստան տեղափոխուած ձեր ընտանիքի մասին` ես անչափ ուրախացայ, բարով էք եկել, վստահ եմ, որ արդէն վայելել էք տանտիրոջ, երկրի տիրոջ  զգացողութիւնը:  Գիտեմ, որ այս հրաշալի որոշման նախաձեռնութիւնը ձեր զաւակներինն է, յատկապէս ձեր դուստր Թամարի` հայրենիքում որպէս կամաւոր ծառայելու գաղափարն է շրջադարձային եղել ձեր կեանքում: Ուրախ ենք, որ Թամարն այստեղ ընտանիք է կազմել, եւ սպասում էք նրա առաջնեկին: Դուք արժանի էք Հայրենիքում կառուցելու ձեր տաք օճախը եւ վայելելու ընտանեկան երջանկութեան պտուղները: Ես հիացած եմ ձեր արարքով, որովհետեւ դուք եկել էք` խորապէս գիտակցելով, որ հողն ու երկիրը եւ այնտեղ ապրող ու արարող հայ ընտանիքն է ազգի յաւերժութեան գրաւականը: Ինձ համար Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակի լաւագոյն նուէրն էր Հայրենիքում ձեր հաստատուելը»:

 Շանթ Նաճարեանը շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ ըսաւ, որ, ըլլալով տնտեսագէտ եւ տեղեկացուած ըլլալով Հայաստանի առաւելութիւններու եւ խնդիրներու մասին, վստահ է, որ պիտի կարենայ յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները եւ պիտի կայանայ որպէս մասնագէտ, պիտի ստեղծէ իր գործը` նպաստելով երկրի զարգացմանը: «Հպարտ եմ, որ իմ ծնողներս մեզի դաստիարակած են իբրեւ իսկական հայ, եւ պատահական չէ, որ այսօր մենք եկած ենք դառնալու այս մեծ տան մէկ մասնիկը: Մեր որոշումը յուզած է մեր շատ ընկերներու ու բարեկամներու, անոնք կը սպասեն մեր կանչին, մեր յաջողած օրինակին, ուրեմն մեր ինքնահաստատումը Հայրենիքի մէջ կարեւոր է եւ պարտաւորեցնող:  Վստահ եմ, որ անոնք բոլորը եւս կը կայացնեն այս կարեւոր որոշումը եւ կը բռնեն Հայրենիքի ճանապարհը: Իսկ իմ հարսնցուս կը սպասէ Ամերիկայի մէջ, եկող տարի բոլորդ կը հրաւիրեմ մեր հարսանիքին»:

 Տէր եւ տիկին Նաճարեանները եւս իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին Հայրենիքի մէջ հաստատուելու առիթով եւ վստահեցուցին, որ պիտի ըլլան աշխոյժ, նախաձենող ու գործունեայ քաղաքացիներ:

 Քննարկուեցան ընտանիքի մասնագիտական վերապատրաստման, գործարար միջավայրին, օրէնքներուն ծանօթանալու եւ հայրենիքի մէջ ընդելուզուելու հետ կապուած հարցեր:

12 13

Scroll Up