Մայրենիի Տօնին Ընդառաջ, «Հայերէնը մշակութային մեծ արժէք է, այն զարմանալի ճկուն եւ հզօր լեզու է». Յովհաննէս Զաքարեան

Շատ կը խօսուի հայոց լեզուի խնդիրներուն առնչուող թեմաներու մասին, լեզուն անաղարտ պահելու համար կ’առաջարկուին տարբեր միջոցներ, որոնցմէ ամէնէն շատ կարեւոր կը համարուի լեզուի հարցն իրաւական հարթակ տանիլը, պետական մակարդակով լուծումներ տալը, սակայն շարունակաբար զարգացող, ժամանակի խօսակցական շերտաւորումն իր վրայ կրող հայոց լեզուն, այնուամենայնիւ, կը շարունակէ աղաւաղուիլ, յաճախ ալ` ոտնահարուիլ…մայրենիի օրն այս առումով ինչ-որ տեղ զգօնութեան կոչ է, հոգատարութեան, սիրոյ տօն, որ, սակայն, ցաւօք, կ’աւարտի օրուան ծիրէն ներս…մինչդեռ Մայրենին հա՛ցն է մեր հանապազօրեայ, բանաստեղծի բառերով ըսուած` «Սուրբ հացը մեր սեղանի»: Մեր լեզուն պահպանողները մե՛նք պէտք է ըլլանք, մեր հասարակութիւնը. այս եւ նման այլ հարցերու շուրջ ալ «Հայերն այսօր»- ի համար ընթացաւ իմ զրոյցս` բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, դոցենտ, «Տաթեւ» գիտակրթական համալիրի լեզուաբանութեան բաժանմունքի ղեկավար Յովհաննէս Զաքարեանի հետ:

Պարո՛ն Զաքարեան, Դուք երկար տարիներ լեզուաբանութեան բնագաւառին մէջ էք, գիտութիւններու թեկնածու էք, որքանով տեղեակ եմ` պատրաստ է նաեւ Ձեր դոկտորական աշխատանքը, այսինքն` մշտապէս կ’առնչուիք լեզուի խնդիրներուն. ներկայացուցէ՛ք, խնդրեմ, հայոց լեզուի արդի խնդիրներուն առնչուող Ձեր դիտարկումները:

-Մեր նախնիներէն մենք լաւ զարգացած, կատարեալ լեզու  ժառանգած ենք, ի հարկէ, միշտ ալ ընելիք կայ. եթէ լեզուն կենդանի է, բնականաբար, անընդհատ կը փոխուի, կը զարգանայ, պէտք է հասցնենք այդ ամէնը ժամանակի պահանջներուն համապատասխան ընել, այլապէս այն կը դառնայ յետամնաց լեզու. ատիկա որոշ չափով կ’ըլլայ: Մենք կրնանք համեմատաբար մաքուր պահել լեզուն, զարգացնել, կատարելագործել այնքան, որ նոյնիսկ օտար հայագէտները երբեմն կը զարմանան, թէ ինչպէս է, որ հայերէնն այդքան կատարեալ է. սակայն ատիկա քիչ է, լեզուն միայն կառուցուածքը չէ, այլեւ` գործառոյթը, եթէ գործառոյթը չեղաւ, լեզուն կը դառնայ մեռած լեզու: Ըսեմ, որ գործառոյթի առումով մենք շատ խնդիրներ, բացեր, թերացումներ ունինք, որուն համար պատասխանատու են թէ՛ հանրութիւնը, թէ՛ պետական համապատասխան մարմինները, հոգեւոր իշխանութիւնները, նաեւ` մեր հասարակութիւնը, մեր մտաւորակութիւնը, որոնք  տեսակ մը անտարբեր են: Երբ ետ կը նայինք, կը տեսնենք, որ պետականութիւն չունեցած ժամանակներուն լեզուի համար երբեմն աւելի շատ բան  կ’ըլլայ, աւելի շատ ջանքեր  գործադրած են, պայքարած…այսօր, այդ առումով, կը թուի, թէ խնդիրներ պէտք չէ ունենայինք, պէտք է աւելի մեծ ուշադրութիւն դարձուէր լեզուին, աւելի շատ միջոցներ պէտք է տրամադրէին լեզուական խնդիրներուն, սակայն այսօր լեզուին ու մշակոյթին աւելի քիչ ուշադրութիւն կը դարձուի, շատ անտարբեր  դարձած է նաեւ մեր հասարակութիւնը: Ատոր պատճառը կու գայ վերին օղակներէն, որովհետեւ մեր լեզուն, մեր մշակոյթն այնքան ալ կարեւորուած չեն, հեղինակութիւն չունին: Այդ ամէնը կու գայ  նաեւ դուրսի ազդեցութիւններէն, ի վերջոյ, մենք մշակութային մեծ պատերազմներու մէջ ենք, ով կրնայ, այստեղ կը բերէ իր մշակոյթը, ինչ–որ ձեւով այն կը պարտադրէ մեզի, կը գայթակղէ մարդոց, որ սորվին իրենց լեզուները, նուիրուին օտարի մշակոյթին. սա ալ հոգեորսութեան  տեսակ մըն է  եւ մարդիկ, այսպէս ըսած, «դասալիք» կը դառնան, կ’երթան  ու կը նուիրուին օտարի մշակոյթին, կը դառնան անգլախօս, ռուսախօս` հէնց Հայաստան ապրելով: Մենք պայքարելու շատ բան ունինք. լեզուն պէտք է գործածես, պէտք է հետեւիս լեզուի կիրառութեան, որ այն զարգանայ: Այսօր համացանցին մէջ հայերէնը պէտք է լիարժէք կիրառուի, որպէսզի մարդիկ կարենան հայերէնով իրենց անհրաժեշտ տեղեկատուութիւնը ստանալ եւ ստիպուած չըլլան ռուսալեզու, անգլալեզու կայքեր մտնել: Ցաւօք, մենք այսօր բաւականին հեռու ենք ատկէ. ճիշդ է, անհատներու, հասարակական կազմակերպութիւններու ջանքերով ահագին գործ կ’ըլլայ, սակայն ատիկա քիչ է, պետութեան աջակցութեան կարիքը կայ: Օրինակ մը բերեմ` Ռատիոյի եւ հեռուստատեսութեան մասին օրէնքին համաձայն` եթերով վաղուց պէտք է օտարալեզու շարժանկարներ, մանկական ֆիլմեր չըլլային, ժամկէտ  սահմանուած էր, ատոնց քանակը պէտք է նուազէր եւ, ի վերջոյ, վերանար, սակայն ժամկէտը լրանալու ժամանակ, չես գիտեր ինչու, այդ օրէնքը փոխեցին: Այժմ միայն Հանրային հեռուստաընկերութիւնը կը հետեւի, որ իր հեռարձակած ֆիլմերը թարգմանուին հայերէն:

Չէ՞ք կարծեր, որ Մայրենիի օրը շատ աւելի մեծ ` համահայկական տօնախմբութեան պէտք է վերածել, առաւել կարեւորել ու նշանակալի դարձնել:

– Ի հարկէ, օրինակ` Սուրբ Սարգիսի տօնին համար շարունակ գովազդ կ’ընեն հեռուստատեսութեամբ, քաղաքի տարբեր հատուածներուն մէջ գովազդային պաստառներ կը փակցնեն, իսկ Մայրենիի տօնին առիթով նոյնը չէք տեսներ: Մայրենիի համար այդքան ջանքեր չեն գործադրուիր, գումարներ չեն ծախսուիր. անգամ Վալենտինի տօնին առիթով  միջոցներ կը ծախսուին…մինչդեռ ամէնէն կարեւորը հէ՛նց Մայրենիի տօնն է, ի վերջոյ, այն ազգային արժէք է:

Գաղտնիք չէ, որ հայոց լեզուն այսօր կ’աղաւաղուի ամէնուր` փողոցին մէջ, տունը, կենցաղին, հեռուստաեթերովպայքարի ի՞նչ միջոցներ կառաջարկէք:

-Եկէք շատ ցաւով չնայինք այդ` աղաւաղում ըսածին. եթէ լեզուն կենդանի լեզու է, ուրեմն, այն նաեւ աղաւաղուած տեսք ալ պէտք է ունենայ, չեմ ըսեր` ամբողջովին աղաւաղուած. նայած` որ ոլորտին մէջ…իւրաքանչիւր երկրի մէջ կան լեզուական աղաւաղումներ: Վերցնենք Մեծ Բրիտանիան, ուր պէտք է ըլլար դասական, անխառն, մաքուր անգլերէնը, բայց այդպէս չէ, ամէնուր աղաւաղուած անգլերէնն է, առաւելապէս` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ժամանակին Ամերիկայի մէջ անգլերէնի լաւագոյն  գիտակը Լեւոն-Զաւէն Սիւրմելեանն էր, բնիկ անգլո-սաքսերու մէջ այդքան լաւ իմացող չկար, բնական է, որ հասարակ ժողովուրդը պէտք է աղաւաղէ լեզուն: Մենք ատիկա կը համեմատենք կատարելատիպի հետ, իսկ կատարելատիպը կայ միայն որոշ անհատներու գլխուն մէջ, մտքին, նոյնիսկ` ոչ կենցաղին մէջ, որովհետեւ նոյն այդ անհատները որքան ալ լաւ իմանան հայերէն, կրնայ տան մէջ խօսին առօրեայ-խօսակցական հայերէնով, իսկ փողոցին մէջ` հնարաւոր է նաեւ խօսին ժարկոնով: Բնական է, այդպէս ալ պէտք է ըլլայ, կարեւորն այն է, որ այդ կատարելատիպի հասցուած հայերէնը ունենանք` որպէս գրական լեզուի կատարեալ տարբերակ եւ ատիկա չափանիշ ըլլայ բոլորին համար: Ինչ կը վերաբերի եթերով փողոցային հայերէնի գործածութեան, ես ատիկա կը համարեմ չտեսութեան հետեւանք եւ կը կարծեմ, որ ժամանակին հետ կ’անցնի: Ցաւալին այն է, որ միայն հայկական արտադրութեան շարժանկարներուն մէջ այդպէս է, բարեբախտաբար, երբ կը թարգմանեն ուրիշ երկիրներու դրուագաշարեր, ուրիշ լեզուներէ, շատ աւելի մաքուր, գրական հայերէնով կը թարգմանեն: Կը թուիի, թէ այդ ֆիլմերու հերոսները` հասարակ խաւի մարդիկ, պէտք է խօսէին ժարկոնով, սակայն այդպէս չէ:

Պարո՛ն Զաքարեան, վերջին տարիներուն արեւմտահայերէնի հարցով մտահոգուած մարդոց թիւն աւելցած է. վախ կայ` այն կորսնցնելու, այդպէ՞ս է…

-Ի հարկէ, կայ…երկու պատճառով` արեւմտահայերէնի կիրառութեան ասպարէզը կը նուազի, մեր աւանդական Սփիւռքի գաղթօճախները կը քիչնան, թուլնան, փոքրաթիւ կը դառնան, որովհետեւ նաեւ ձուլում կ’ընթանայ, այսինքն` երթալով կը նուազի նաեւ արեւմտահայերէնի կրողներու թիւը, որոշ տեղեր հայախօսներու թիւը անհամեմատ աւելի քիչ է, օրինակ` Ֆրանսայի մէջ, իսկ Լեհաստանի մէջ ընդհանրապէս վերացած են հայախօսները: Երկրորդ պատճառն արտագաղթն է. այստեղէն կ’երթան ու իրենց հետ կը տանին արեւելահայերէնը, եւ դուրսը տեղի կ’ունենայ ատոնց խառնուրդը, կ’երթան եւ դուրսը կը բանան արեւելահայերէն ուսուցմամբ  դպրոցներ, եւ կրնայ արեւմտահայերէնով խօսող ընտանիքի երեխան յաճախել այդ դպրոց, տեղի  կ’ունենայ երկու ճիւղերու մրցակցութիւն, որմէ աւելի շատ կը տուժէ արեւմտահայերէնը:

Արեւմտահայերէնը չկորսնցնելու որոշակի ի՞նչ միջոցներ կ’առաջարկէք:

-Արեւմտահայերէնը Հայաստանի մէջ չէ, որ պէտք է պահենք. յիշենք, որ շատ տարիներ առաջ, երբ եկան առաջին հայրենադարձները, անոնք արեւմտահայերէնի կրողներ էին, սակայն անոնց երկրորդ, երրորդ սերունդն այլեւս չի գիտեր արեւմտահայերէն:

Պարո՛ն Զաքարեան, Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէնը պահելու, սորվելու անհրաժեշտութիւնն, այնուամենայնիւ, կայ. Դպրոցին մէջ աշակերտները կ’անցնին նաեւ արեւմտահայ գրականութիւն, կը կարդան, անգիր կընեն արեւմտահայ գրողներու գործերը եւ յաճախ` առանց հասկնալու. հետեւութիւն, որ դպրոցական ծրագիրներուն մէջ պէտք է անպայման ներառել նաեւ արեւմտահայերէնի ուսուցումը. համամի՞տ էք:

–Անշու՛շտ, համամիտ եմ. դպրոցական ծրագիրներուն մէջ որոշ չափով կան արեւմտահայերէնի ուսուցման տարրեր,  քանի մը ժամ. եթէ ուսուցչուհին կը տիրապետէ այդ հայերէնին, կ’անցնին դասաժամերու ընթացքին, եթէ չի տիրապետեր, կը շրջանցէ: Անգամ դպրոցին մէջ անցնելով` արեւմտահայերէնը չի պահպանուիր, ընդամէնը ատիկա կ’օգնէ կարդալ ու հասկնալ արեւմտահայ, սփիւռքահայ գրողի գործերը: Այսինքն` արեւմտահայերէնը պէտք է պահպանել ի՛ր միջավայրին մէջ, մեր ա՛յն գաղթօճախներուն մէջ, որոնք աւանդաբար արեւմտահայերէնի կրողներ են…բայց կը տեսնէ՞ք, թէ ինչ պատուհասներ կու գան այդ գաղթօճախներու գլխուն: Իսկապէս, արեւմտահայերէնի վրայ սեւ ամպեր  կախուած են. մեր երկիրը պէտք է աւելի ուժեղ, ազդեցիկ ըլլայ հայրենակիցներու շրջանին մէջ, որպէսզի դուրսը ապրողները ցանկան հայ մնալ, ձգտին պահպանել լեզուն:

Մեր պետական լեզուն հայերէնն է. ուրեմն, ինչու պատկան մարմինները թոյլ կու տան ամէնուր` խանութներու, գրասենեակներու եւ այլ շինութիւններու վրայ տեղադրել միայն անգլերէնով եւ հայերէնատառ անգլերէնով ցուցանակներ, ովքե՞ր եւ ի՞նչ լիազօրութիւններ ունին այդ հարցին մէջ:

-Օրէնքը կը պահանջէ, որ ամէնէն առաջ պէտք է հայերէն գրուի, բայց օրէնքին մէջ չկան այդքան մանրամասներ: Ժամանակ մը ես կ’աշխատէի Լեզուի պետական տեսչութեան մէջ եւ կրցանք քաղաքապետարանին մէջ հասնիլ այն բանին, որ յատուկ կարգ սահմանուի, թէ ինչպէս պէտք է գրուին ցուցանակները, բայց ամէն   նոր քաղաքապետ իր պաշտօնավարման ժամանակ մինչ այդ եղած որոշումները չեղեալ կը համարէր, եւ պէտք է ամէն անգամ այդ հարցով մեր գործադրած ջանքերը դարձեալ կրկնէինք: Տուգանքներ ալ նախատեսուած են օտարագիր ցուցանակներու համար, սակայն ատիկա երկար, դժուար գործընթաց է, պէտք է դատական հայց ներկայացնել, դատական լսումներու մասնակցիլ, հասնիլ արդար վճիռի կայացման: Այդ հարցով լիազօրութիւններ ունի Լեզուի պետական տեսչութիւնը` քանի դեռ կայ… անշուշտ, գիտէք, թէ վերջերս ինչ խօսակցութիւններ կը շրջանառուէին տեսչութեան ըլլալ-չըլլալու շուրջ:

Սովորաբար, մեր հարցազրոյցներուն ժամանակ մե՛նք մաղթանքներ կը յղենք մեր հիւրերուն, սակայն այս պարագային  ցանկալի կըլլայ լսել հայո՛ց լեզուին, մեր մայրենիի՛ն յղուած Ձե՛ր մաղթանքը:

-Հայերէնը մշակութային մեծ արժէք է, այն զարմանալի ճկուն եւ հզօր լեզու է, մենք պէտք է կարենանք մեր լեզուի արժանի կրողները ըլլալ, ժողովուրդը պէտք է կարենայ գնահատել այդ մեծ հարստութիւնը:

Շնորհակալութիւ՛ն, պարո՛ն Զաքարեան, յուսանք, որ մեր Մայրենին, բանաստեղծի բառերով` մեր մեծ երթի գաւազանակիրը, բոլոր ժամանակներուն կըլլայ  սերունդներու, ժողովուրդի, պետութեան ուշադրութեան ու հոգածութեան կեդրոնին մէջ :

Կարինէ Աւագեան

Scroll Up