«Չնայած Ես Լիբանանցի Եմ, Բայց Ինծի Կը Թուի` Ներքին Կարմիրաղբիւրի ՄԷջ Ծնած Եմ. Արշալոյս Ամսիհ

Հայրենադարձութիւնը խթանելու լաւագոյն միջոցներէն մէկն ալ կրթական աշխատանքային ծրագիրներու ստեղծումն է, որոնցմէ մէկուն` «Teach for Armenia»` «Դասաւանդիր Հայաստան»–ի ծիրէն ներս Լիբանանի Պէյրութ քաղաքէն Հայաստան` Տաւուշի մարզի Ներքին Կարմիրաղբիւր գիւղի դպրոցին մէջ, անգլերէն լեզու կ’ուսուցանէ Արշալոյս Ամսիհը` 25-ամեայ երիտասարդ աղջիկ մը, որուն հետ «Հայերն այսօր»-ի համար ըրած զրոյցիս ընթացքին այնչափ տպաւորուած էի Արշալոյսի` իր մասնագիտութեան ու աշխատանքի հանդէպ ունեցած այդչափ նուիրուածութեամբ:
Ստորեւ մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կը ներկայացնենք այդ հարցազրոյցը:
–Արշալո՛յս, ինծի շատ հետաքրքրեց Ձեր ազգանունը. ի՞նչ ըսել է` Ամսիհ…
–Ազգանունս արաբական ծագում ունի, բայց հայրս հայ է, ես ալ զտարիւն հայուհի եմ. մեր անձնագիրներուն մէջ գրուած է` հին հայ, հայրական կողմէն ոչ մէկը ազգանունին մէջ «եան» ունի: Հայրս բացատրած է, թէ ինչ կը նշանակէ Ամսիհ բառը` բաժնելով այն 2 բաղադրիչներու. ապըտ` արաբերէն կը նշանակէ ստրուկ, մեսիհը Յիսուսն է, այսինքն` Յիսուսի ծառայ. ահա՛ մեր ազգանուան բացատրութիւնը:
–Ո՞ւր նախնական եւ բարձրագոյն կրթութիւն ստացած ես:
-Ծնած, մեծցած եմ Պէյրութ, այնտեղ ալ կրթութիւն ստացած: Ազգային դպրոց յաճախած եմ, 7-րդ դասարանէն յաճախած եմ Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեաններու ազգային քոլեջ, որ աւարտելէ յետոյ ընդունուած եմ Լիբանանի պետական համալսարանի անգլերէնի բաժինը: Անկեղծ ըսեմ` երկար ժամանակ մասնագիտութեան ընտրութեան հարցով չէի կողմնորոշուիր, դպրոցի աւագ դասարանին մէջ ես ընտրած էի տնտեսագիտութիւնը, սակայն հասկցայ, որ ատիկա իմս չէ եւ ընտրեցի մանկավարժութիւնը, անգլերէնը: Չեմ զղջար. ես, իսկապէս, իմ տեղս եմ:
–Հասցուցա՞ծ էք Լիբանանի մէջ աշխատիլ Ձեր մասնագիտութեամբ:
-Ոչ, քննութիւններս յանձնելէ անմիջապէս յետոյ Հայաստան եկած եմ` «Դասաւանդիր Հայաստան» երկու տարուայ ծրագիրով: Քանի մը ամիս անց ժամկէտս կ’աւարտի, սակայն մեծ ցանկութիւն ունիմ` մնալու արդէն հարազատ դարձած Ներքին Կարմիրաղբիւրի մէջ. կապուած եմ եւ՛ տեղանքին, եւ՛ մարդոց, իսկ ամէնէն շատ` իմ աշակերտներուս. Ինծի կը թուի, թէ ես այնտեղ ծնած եմ:
–Արշալո՛յս, դուն արեւմտահայերէնի կրող ես, իսկ այդ շրջանի, գիւղի բնակիչները, երեխաները բարբառախօս են, կրցա՞ք իրար հասկնալ, յաղթահարել լեզուական ինչ-ինչ խոչընդոտները, երկա՞ր տեւեց այդ ընթացքը:
-Սկիզբը դժուարութիւններ ունեցայ, սակայն կրցայ արագութեամբ յաղթահարել: Երբեմն, երբ երեխաներուն կ’ըսեմ` գնացէ՛ք դուն(տուն), զարմացած կը նային ինծի, յետոյ աւելի փափուկ կ’ըսեմ` տուն…եւ կը հասկնան, սակայն ես սկսած եմ հասկնալ նաեւ Տաւուշի բարբառը, իրենք ալ արդէն իմ խօսքս կը հասկնան: Գիւղի երեխաները շատ պարզ են, յաճախ` միամիտ: Երբ Ամանորի առիթով Երեւան եկած էին` Նախագահի մօտ ընդունելութեան, ամբողջ ճանապարհին զարմացած կը նայէին հսկայական շէնքերուն, կառավարական շէնքին, շքեղ առանձնատուներուն ու մեքենաներուն եւ գիւղի բարբառով զարմանք ու հիացմունք արտայայտող բացականչութիւններ կը վանկարկէին…
–Լեզուական դժուարութիւնները յաղթահարեցիք կարճ ժամանակուան մէջ, իսկ հեռաւոր գիւղի մէջ ապրելու եւ աշխատելու ընթացքի՞ն, գիւղական պայմաններուն կրցա՞ք հեշտութեամբ յարմարիլ:
–Երբ պէտք է գայի Հայաստան, ծնողներս կը կարծէին, թէ Երեւան պէտք է գամ եւ համաձայն էին, բայց, իմանալով, որ ես գիւղի մէջ պիտի ապրիմ, համաձայն չէին. ի վերջոյ, ընդունեցին, յարգեցին իմ որոշումս, մայրս անգամ մը եկած է մօտս: Ան այդ գեղատեսիլ տեղանքը նմանցուց Սուրիոյ իր ծննդավայրին, իրենց գիւղին: Սկիզբը շատ դժուարութիւններ ունեցայ կենցաղին. ես սովոր չէի նման հարցերով զբաղուելու, ջուրի, հոսանքի, կազի վարձ մուծել, դրամատան մէջ հերթ կանգնիլ, տունը փչացած իրերը վերանորոգել, կամ ալ` վերանորոգող մասնագէտ փնտռել…Լիբանանի մէջ ես երբեք ցեխոտ փողոցներով չեմ քալած, ամէնուր ասֆալտ է այնտեղ, իսկ գիւղին մէջ, երբ դպրոց կ’երթամ, կօշիկներս ցեխի մէջ կը կորչին, երեխաները նոյնպէս ցեխերու միջով կու գան, ցեխոտած կօշիկներով կը մտնեն դպրոց: Շատ կարեւոր է գիւղի փողոցներու ասֆալտապատումը, սակայն այնքա՜ն ուրիշ խնդիրներ կան, որ այդ թեմայի վրայ ալ չես կեդրոնանար: Մեր դպրոցը շատ լաւ պայմաններ ունի, կեդրոնական ջեռուցում կայ, ամբողջովին եւրոնորոգուած են բոլոր դասասենեակները, դպրոցն` ամբողջութեամբ: Հրաշալի տնօրէն ունինք, որ մեծ ուշադրութիւն, հոգատարութիւն կը ցուցաբերէ դպրոցին, ուսումնական գործընթացին: Երբ օր մը գաք մեր գիւղ, կը զարմանաք, որ այդպիսի դպրոց կայ հեռաւոր սահմանապահ Ներքին Կարմիրաղբիւրին մէջ: Սահման պահող գիւղերն արժանի՛ են լաւագոյնին:
–Երբ առաջին անգամ մտաք գիւղ, դպրոց, ինչպիսի՞ ընդունելութեան արժանացաք:
-Շա՜տ լաւ. ինծի դպրոցին մէջ շրջապատեցին սիրով, ջերմութեամբ. հիմա, երբ քանի մը ամիս մնացած է ծրագիրով աշխատելու իմ ժամկէտին, բոլորը կը ցանկան, որ ես մնամ, տնօրէն Նարա Պապեանն ալ շատ շահագրգռուած է: Գիւղի բնակիչներու մասին ըսեմ, որ անոնք շատ բարի են, հիւրասէր, սիրալիր, ամէն անգամ կը հրաւիրեն ինծի սուրճ խմելու, հիւրընկալուելու, մնալու իրենց օճախներուն մէջ: Ես գիւղ ու դպրոց կը մտնեմ `կարծես հարազատներուս մօտ: Կը կարծեմ, որ վատ մարդ չկայ, պէտք է սիրով վերաբերուիս մարդուն եւ անոր մէջ եղած ոչ լաւ, ոչ դրական գիծերու պատճառը գտնես: Ես ոչ մէկ խնդիր չունիմ մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ, կ’ապրիմ խաղաղ հոգիով ու սիրող սրտով:
– Կարո՞ղ ես գիւղի երեխաներուն, քու աշակերտներուդ գիքորային միամտութիւնն ու պարզութիւնը, անմիջականութիւնն ընդգծող ինչ-որ հետաքրքիր բաներ պատմել:
-Այո, շատ…այնքա՜ն պարզ ու անմիջական են, որ հարցեր կու տան իմ անձնական կեանքիս վերաբերեալ, նոյնիսկ իրենց հարազատներէն փեսացուներ կ’առաջարկեն ինծի, կը հարցնեն` միսս Արշալո՛յս, ընկեր ունիս…ի հարկէ՞, կը ժպտիմ, նաեւ` կը բացատրեմ, թէ աշակերտներն ինչպէս պէտք է պահեն իրենց:
–Արշալո՛յս, երբ առաջին անգամ եկար դասաւանդելու այդ դպրոցին մէջ, ո՞ր լրատուամիջոցներն անդրադարձան Լիբանանէն եկած ու Հայաստանի հեռաւոր գիւղերէն մէկուն մէջ դասաւանդող երիտասարդ աղջկան:
-Առաջինը հետս զրուցեց Ամերիկեան համալսարանէն երիտասարդ աղջիկ մը եւ զարմացաւ, որ ես իմ կամքովս որոշած եմ մասնակցիլ ծրագիրին, աշխատիլ գիւղի մէջ, յետագային հետս զրուցեց «Անկախ» թերթի լրագրողը. Մարդիկ կը զարմանան, որ գիւղի մէջ կ’աշխատիմ եւ կ’ուզեմ մնալ գիւղի մէջ: Գիտէ՞ք, ես ծնած ու մեծցած եմ քաղաքի մէջ, սակայն գիւղն ինծի համար խորթ չէ, այնտեղ հրաշալի մարդիկ կ’ապրին, չքնաղ բնութիւն կայ, լռութիւն, հեռու ենք քաղաքի յոգնեցնող աղմուկէն:
–Իսկ սահմանապահ գիւղին մէջ ապրելու վտանգը…չե՞ս վախնար: Երբեք երկմտա՞ծ ես` ես ի՞նչ գործ ունիմ այստեղ…
– Առաջին տարին ես աշխատած եմ Բերդի վարժարանին մէջ, սակայն յետագային վարժարանը միացաւ աւագ դպրոցին եւ ինծի ուղարկեցին Ներքին Կարմիրաղբիւր: Ի հարկէ, վտանգը կայ, յատկապէս ձմեռը կը վախնամ մեքենայով, հանրակառքով երթալուս, որովհետեւ բնութիւնը մերկացած է, ծառերու կանաչ սաղարթը չի քօղարկեր մեքենաները, իսկ թշնամիի դիրքերը շատ մօտ են, եւ անոնք ամէն պահի պատրաստ են մեզի նշանառութեան տակ առնելու…չեմ ըսեր, թէ չեմ վախնար, սակայն գիւղի բնակիչներու, երեխաներու անվախութիւնը նաեւ ինծի կը փոխանցուի, ես ինքզինքս անոնցմէ մէկը կը համարեմ, ատիկա նաեւ իմ գիւղս է, իմ Երկրի սահմանը. չնայած Լիբանանէն եմ, սակայն կարեւորն այն է, որ ես Հա՛յ եմ, որ իմ սիրտս ու հոգիս Հայաստանի հետ են:
–Քանի մը ամիսէն ծրագիրը կ’աւարտէ, կը լրանայ քեզի տրուած աշխատանքային ժամկէտը. դուն երիտասարդ ես, անձնական կեանքը դասաւորելու խնդիր կայ…մնալու՞ ես Տաւուշ, կա՞յ հնարաւորութիւն` քեզի դպրոցի մէջ պահելու, կը վերադառնաս Լիբանա՞ն, թէ՞ կը մնաս Հայաստան, ո՞րն է ճանապարհը…
-Տնօրէնը կը ցանկայ, որ ես մնամ դպրոցին մէջ, սակայն ծրագիրն ինծի այլեւս չի հովանաւորեր, տան վարձը, վրճակային (communal) վճարումները ես պէտք է ընեմ: Ըսի, որ Բերդի մէջ կ’ապրիմ եւ դասի կու գամ այնտեղէն, սակայն հիմա կ’ուզեմ տեղափոխուիլ գիւղ, որպէսզի աւելի մօտ ըլլամ գիւղի մարդոց, շփուիմ անոնց հետ: Հիմա տեսակ մը խառն ու անորոշ իրավիճակ է, չեմ կրնար կողմնորոշուիլ. ամէնէն կարեւորն ինծի համար այն է, որ ես շարունակեմ աշխատիլ, դասաւանդել, չկորսնցնել ներուժս: Դպրոցին մէջ բոլորը շահագրգռուած են, որ ես շարունակեմ դասաւանդել, որ մնամ գիւղը. անգամ ամուսնացնելու ճանապարհով կը ցանկան պահել զիս:
Հիմա ես կ’ուսանիմ մագիստրատուրայի 2-րդ կարգը, պայմանագիր ունիմ, որուն համաձայն միայն մոտուլներու ժամանակ պէտք է մէկ շաբաթով գամ Երեւան, մնացած աշխատանքն առցանց կ’ընեմ, տեսակապով կը կապուիմ դասախօսներուս հետ:
–Ինչ՞ը քեզի կը զարմացնէ, կը հիացնէ տաւուշցիներուն մօտ:
-Երբ դեռեւս չէի ապրիր Հայաստանի մէջ, տարածուած կարծիք մը կար լիբանանցիներէն շատերուն մօտ, որ հայաստանցիները ծոյլ են, սակայն հասկցայ, որ այդպէս չէ, որ հայ մարդը միշտ արարող է. տաւուշցիներուն մէջ ինծի կը հիացնէ անոնց աշխատասիրութիւնը, անոնք ամէն ինչ կը ստեղծեն` կը ցանեն ու կը վարեն, իրենց արդար բերքէն, անտառներու տուած բարիքներէն ձմեռուան պաշար կը հաւաքեն. Երբ անոնցմէ իւրաքանչիւրին տունը մտնես, քեզի տեսակ-տեսակ անուշեղէն, կերակուրներ կը հրամցնեն:
–Աստուած չընէ, սակայն թշնամիին կողմէն պատերազմական գործողութիւն սկսելու պարագային ո՞ւր կ’ըլլաս…
-Իմ աշակերտներուս կողքին:
–Ին՞չ է քեզի համար Հայրենիքը, ինչպիսի՞ զգացումներ կ’ունենաս, երբ կ’արտաբերես այդ թանկ բառը:
-Շատ դժուար հարց է…հայրենիքն ինծի համար մէկ կողմէն ցաւ է, անհանգստութիւն. մենք շատ յաճախ կ’արթննանք ու կը քնանանք կրակոցներու ձայներու ներքոյ, միւս կողմէն հայրենիքն ինծի համար մեծ ուրախութիւն է: Հայրենիքն ինծի համար դէպի Տաւուշ տանող ճանապարհն է. երբ քաղաքէն դէպի գիւղ վերադարձի ճանապարհին մեքենան Սեւանի ներքնուղին անցնելէն յետոյ արդէն կը մտնէ Դիլիջան, Իջեւան, ես ինքզինքս տունը կը զգամ, ինծի կը թուի, թէ ես Պէյրութ` Պուրճ Համուտ հարազատ թաղամաս կը մտնեմ: Ճանապարհի բոլոր ծառերն ու ժայռածերպերը ծանօթ են ինծի, ես ջերմութիւն ու լո՛յս կը ստանամ այդ տեսարաններէն: Բնութեան աշնանային այդպիսի գոյներ չես գտներ որեւէ տեղ:
Այս լուսաւոր տողերով ու զգացումներով ալ կ’աւարտուի իմ հարցազրոյցս Ներքին Կարմիրաղբիւրի մէջ դասաւանդող երիտասարդ, հայրենասէր ուսուցչուհիին հետ, ով ոչ միայն սիրահարուած է այդ գիւղին, այդ պարզ ու մաքուր աշխարհին, այլեւ սկսած է իր արեւմտահայերէնով ու արեւելահայերէնով շաղախուած խօսքին մէջ գործածել տեղի բարբառն ու բարբառային խօսքին իւրայատուկ հնչերանգները:
Կարինէ Աւագեան