Սփիւռքի Նախարարը Մասնակցեցաւ Ամերիկահայ Հայագէտ Գէորգ Պարտակչեանի 75 ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկին Եւ Գիրքի Շնորհանդէսին

Յունուար 29-ին ՀՀ ԳԱԱ նիստերու դահլիճին մէջ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան մասնակցեցաւ Հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ամերիկահայ ճանչցուած հայագէտ, ՀՀ ԳԱԱ արտասահմանեան անդամ Գէորգ Պարտակչեանի ծննդեան 75 ամեակին նուիրուած ձեռնարկին եւ  անոր «Պատմաբանասիրական յօդուածներ» աշխատութեան շնորհանդէսին:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ ԳԱԱ նախագահ Ռադիկ Մարտիրոսեան: Շնորհաւորելով յոբելեարը` ան նշեց, որ անուանի հայագէտը այն բացառիկ սփիւռքահայ գիտնականներէն է, որ մշտապէս կապուած է հայրենիքին եւ մեծապէս նպաստած  Հայաստանի գիտակրթական համակարգի զարգացման, անգլիախօս հասարակութեան ներկայացուցած  հայոց պատմութեան ու գրականութեան վերբերող աշխատութիւններ, ղեկավարած եւ իր գործուն մասնակցութիւնը բերած է  շարք մը հայագիտական միջազգային կազմակերպութիւններու, ներառեալ` Հայագիտական ուսումնասիրութիւններու ընկերակցութեան գործունէութեան:

Շնորհաւորելով վաստակաշատ գինականը` ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան  բարձր գնահատեց Գէորգ Պարտակչեանի գործունէութիւնը եւ մասնաւորապէս ըսաւ. «Ես շատ ուրախ եմ, որ կրկին հաւաքուել ենք գիտութեան այս կաճառում` ներկայ լինելու  հայագէտ, բազմաթիւ արժէքաւոր աշխատութիւնների հեղինակ, ՀՀ ԳԱԱ արտասահմանեան անդամ` դոկտոր-պրոֆէսոր Գէորգ Պարտակչեանի 75-ամեակին նուիրուած միջոցառմանը  եւ «Պատմաբանասիրական  յօդուածներ» ժողովածուի շնորհանդէսին: Գէորգ Պարտակչեանի կենսագրութիւնն ու 75 տարիների անցած ուղին տպաւորիչ է: Այն անցնում է Մերձաւոր Արեւելքից դէպի Եւրոպա, այնուհետ ԱՄՆ եւ լի է մասնագիտական ու, յատկապէս, հայագիտական ուսումնասիրութիւններով, բացայայտումներով, հայոց պատմութիւնն ու հայ գրականութիւնը աշխարհին ճանաչելի դարձնելու դժուարին առաքելութեամբ: Կարծում եմ` այս հայագիտական ուղին ստեղծուեց շնորհիւ պարոն Պարտակչեանի որոշման. գալ եւ ուսանել Խորհրդային Հայաստանում` Երեւանի պետական համալսարանի Բանասիրութեան ֆակուլտետում, լինել սանը Ջահուկեանի, Բարսեղեանի, Մկրեանի: Այս մեծանուն մասնագէտների ուսանողը յետագայում իր գիտելիքներով փայլեց Օքսֆորդի համալսարանում` որպէս ուսանող, իսկ Հարվարդի համալսարանում արդէն` որպէս դասախօս եւ մատենագէտ: Այսօր էլ Միչիգանի համալսարանի ուսանողները նրա շնորհիւ ծանօթանում են հայոց, հայ գրականութեանը, մշակոյթին, Հայաստանեայց եկեղեցու պատմութեանը»:

Բարձր գնահատելով ամերիկահայ գիտնականի  ներդրումը Սփիւռքի մէջ հայագիտութեան զարգացման եւ մայրենի լեզուի անաղարտութեան պահպանման գործին մէջ` Սփիւռքի նախարարը Գէորգ Պարտակչեանին պարգեւատրեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի դեսպան» մետալով:

Հայագէտը ողջունեց նաեւ ՀՀ ԳԱԱ հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս քարտուղար Եուրի Սուվարեանը:

ԵՊՀ տնօրէն Արամ Սիմոնեանի շնորհաւորական խօսքը փոխանցեց տնօրէնի տեղակալ Արարատ Մալխասեան:

Վաստակաշատ հայագէտը շնորհաւորեցին նաեւ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի տնօրէնի պաշտօնակատար Վահան Տէր-Ղեւոնդեան, ՀՀ ԳԱԱ Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի տնօրէն Վարդան Դեւրիկեանը եւ այլք:

Ձեռնարկի աւարտին շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ Գէորգ Պարտակչեանը:

 

Scroll Up