Տեղի Ունեցաւ Տեսաժողով Փորթուկալիոյ Հայկական Համայնքին Հետ

Մարտ 20-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ տեսաժողով Փորթուկալիոյ հայկական համայնքի հայ եւ փորթուկալացի ներկայացուցիչներուն հետ:

Օրակարգին մէջ էին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան 2017թ. ծրագիրներու ներկայացման, Սեպտեմբեր 24-29-ը կայանալիք «Կ’երգենք Կոմիտաս» համահայկական փառատօնին Փորթուկալիոյ հայկական «Քոնսոնանսիա» նուագախումբի մասնակցութեան հարցերը:

Համայնքին ներկայացուցիչները ողջունեց ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Ուրախ եմ, որ Փորթուկալիայի փոքրաթիւ հայութիւնը համախմբուեց եւ 2016թ. ստեղծեց «Փորթուկալիա–Հայաստան բարեկամութեան միութիւն»-ը, որը փորձում է իր շուրջ համախմբել տեղի հայութեանը: Լիսապոնում գործում է նաեւ «Գալուստ Կիւլպէնկան» հիմնարկութեան հայկական բաժինը: Հայ մեծանուն բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի անունն արդէն իսկ մեզ ճանաչելի է դարձնում ամբողջ աշխարհում: Մենք պէտք է միջոցներ ձեռնարկենք ուծացած հայերին իրենց արմատներին վերադարձնելու ուղղութեամբ: Առաջին միջոցը հայ մշակոյթի տարածումն է եւ Հայրենիք այցելութիւնները»:

ՀՀ սփիւռքի նախարարը «Փորթուկալ-Հայաստան բարեկամութեան միութեան»-ը առաջարկեց համագործակցիլ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան, ինչպէս նաեւ եւրոպական այլ երկիրներու հայ համայնքներուն հետ` հայապահպան համատեղ ծրագիրներ իրականացնելու նպատակով:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի մէջ հայ եւ փորթուկալացի գործարարներուն կողմէ ներդրումներ կատարելու հնարաւոր ուղիներուն:

Երկուստեք կարեւոր համարուեցաւ փորթուկալացի գործարարներուն Հայաստան ճանաչելի դարձնելու հանգամանքը:

Համահայկական ծրագիրներու վարչութեան պետ Գագիկ Գեանջումեան ներկայացուց 2017թ. Սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրները:

«Փորթուկալ-Հայաստան բարեկամութեան միութեան» ղեկավար Վահէ Մխիթարեան խօսեցաւ փորթուկալական «Քոնսոնանսիա» նուագախումբին մասին եւ կարեւոր համարեց Հայաստանի մէջ այն ճանաչելի դարձնելու հարցը:

«Փորթուկալ-Հայաստան բարեկամութեան միութեան» ղեկավարի տեղակալ Նարինէ Տելլալեան նշեց, որ կառոյցը եւ 1995թ. գործող «Տելալեան թրիոյ» երաժշտական խումբը կը զբաղուին հայկական երաժշտութեան հանրահռչակմամբ:

«Մեր ընկերակցութեան հովանիին ներքոյ կը գործէ «Քոնսոնանսիա» արհեստավարժ նուագախումբ` բաղկացած 12 երաժիշտներէ, որոնց մէջ կան թէ՛ հայեր եւ թէ՛ փորթուկալցիներ: Ուրախ ենք փաստելու, որ 2017թ. «Քոնսոնանսիա» նուագախումբը պիտի մասնակցի Սփիւռքի նախարարութեան «Կ’երգենք Կոմիտաս» համահայկական փառատօնին», – աւելցուց Նարինէ Տելլալեան:

 

Scroll Up