Հունգարիոյ Հայ Ազգային Ինքնավարութեան Փոխնախագահ Ալէքս Աւանէսեանը Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն

Յունուար 25-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Հունգարիոյ Հայ ազգային ինքնավարութեան փոխնախագահ Ալէքս Աւանէսեանը:
Ողջունելով հիւրը` նախարարը կարեւոր համարեց Հունգարիոյ հայ համայնքի պահպանման ու համախմբուածութեան ուղղուած` ազգային գործիչի հայանպաստ գործունէութիւնը, մշակութային ծրագիրներու ու ձեռնարկներու կազմակերպումը, աշխոյժ մասնակցութիւնը երիտասարդ սերունդի կրթական գործընթացի կազմակերպման ու հայեցի դաստիարակութեան, պատշաճ ուշադրութիւնը լեզուի եւ ինքնութեան պահպանութեան հետ կապուած հարցերուն:
Ալէքս Աւանէսեան ներկայացուց համայնքին մէջ իրականացուցած աշխատանքները, խօսեցաւ յառաջիկայ ընելիքներուն ու ծրագիրներուն մասին: Քննարկուեցան Հունգարիոյ եւ Թրանսիլվանիոյ մէջ 2018թ. Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100, Երեւանի 2800 ամեակներու յոբելենական ձեռնարկներու կազմակերպման հետ կապուած հարցեր:
Հունգարիոյ Հայ ազգային ինքնավարութեան փոխնախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց հանդիպման եւ յոբելենական ձեռնարկներու կազմակերպման համար նախարարութեան կողմէ տրամադրուած տեսանիւթերուն, գիրքերուն, տեղեկատուական նիւթերուն համար: Որոշուեցաւ կազմակերպել մշակութային շաբաթ, որուն ծիրէն ներս տեղի կ’ունենան ֆիլմերու ցուցադրութիւններ, ցուցահանդէսներ, շնորհանդէսներ, ընթերցումներ եւ ընդունելութիւններ: