Սփիւռքի Նախարարը Ընդունեց Ֆրանսայի Դեսպան Ժան-Ֆրանսուա Շարպանտիէն

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ժան-Ֆրանսուա Շարպանտիէն: Հանդիպման կը մասնակցէր նաեւ դեսպանի տեղակալ Նիկոլա Ֆայ:

Զրոյցի ընթացքին դեսպանը նշեց, որ Ֆրանսան ընդունած է ցեղասպանութենէն հրաշքով փրկուած բազմաթիւ հայեր, եւ այսօր 500 000-անոց հայկական համայնքի ներկայացուցիչները գործունեայ են, շատ լաւ կազմակերպուած եւ լիովին ընդելուզուած ֆրանսական իրականութեան: Ան փաստեց, որ Ֆրանսայի գնահատանքը արտայայտուեցաւ հայկական կազմակերպութիւններու ամենամեայ հաւաքին Ֆրանսայի նախագահ Ֆ. Օլանտի մասնակցութեամբ եւ այնտեղ հնչած անոր խօսքով: Հայկական համայնքը հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու բարձր մակարդակի մասին վկայող կարեւոր օղակ է:

Դեսպանը կարեւորեց տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացումը եւ համագործակցութեան յետագայ խորացումը եւ այդ գործընթացի մէջ Ֆրանսայի հայկական համայնքի ներուժի արդիւնաւէտ օգտագործումը:

Շնորհաւորելով Ֆրանսայի դեսպանը պաշտօնավարման առիթով` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ըսաւ. «Ուրախ եմ, որ Դուք կարեւորում էք տնտեսական համագործակցութիւնը, ցանկալի կը լինէր, որ այն կարողանայինք բարձրացնել մեր երկրների քաղաքական երկխօսութեան մակարդակին:

Պատահական չէ, որ «Շարլիէբդոյի» ողբերգութիւնը մեր ժողովուրդը համարեց իր ցաւը: Այդ առիթով ես եւս իմ խորին ցաւակցութիւնն եմ յայտնում:  Այդ կրակոցներն ուղղուած էին ոչ միայն խօսքի ազատութեան, այլեւ մարդկութեան եւ բարձր ժողովրդավարութեան հասած ժողովրդի դէմ:  Ակնյայտ է, որ այսօր ոչ մի երկիր ապահովագրուած չէ նման ահաբեկչական գործողութիւններից: Մենք բոլորս միասնաբար պէտք է պայքարենք այդ չարիքի դէմ: Ես առնչւում եմ աշխարհի 100 երկրի 7 մլն. հայութեան հետ: Պէտք է ասեմ, որ ֆրանսիահայերն առանձնայատուկ հպարտութեամբ են խօսում իրենց եւ՛ ազգային արմատի, եւ՛ Ֆրանսիայի քաղաքացի լինելու մասին, որը հրաշալի է բանաձեւել աշխարհահռչակ շանսոնյէ Շարլ Ազնաւուրը` ասելով,- «Ես 100 տոկոսով ֆրանսիացի եմ եւ 100 տոկոսով` հայ»»:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ներկայացուց այն աշխատանքները, որոնք կը տարուին Ֆրանսայի առեւտրաարդիւնաբերական պալատներու, մասնաւորապէս Մարսէլի պալատի հետ: Ան կարեւորեց Հայ առեւտրաարդիւնաբերական պալատներու ցանցի (ՀԱՑ) գործունէութիւնը, որուն մասնաճիւղերը տարածուած են աշխարհի տարբեր երկրներու մէջ,  եւ որուն վերջին երկու համաժողովները կայացած են Փարիզի եւ Մարսէլի մէջ, իսկ 2015թ. Մայիսին համաժողովը պիտի կայանայ Երեւանի մէջ:

Նախարարը յոյս յայտնեց, որ դեսպանը կը մասնակցի համաժողովին եւ իր հեղինակաւոր խօսքով  կ’ոգեւորէ գործարարները, եւ այդ մէկը կը նպաստէ ինչպէս նոր ներդրումներ բերելու Հայաստան, այնպաս ալ երկու պետութիւններու առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման:

Նախարարը անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսական համալսարանի հետ նախարարութեան համագործակցութեան եւ նշեց, որ ուսանողները կրնան իրենց գործնական դասերը իրականացնել Սփիւռքի նախարարութենէն ներս` նպաստելով նախարարութեան կայքերու եւ էլեկտրոնային պարբերականի ֆրանսերէն տարբերակի ստեղծման:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւորեց Ապրիլ 24-ին Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի մասնակցութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներուն:

Ան ներկայացուց  նաեւ Մարսէլի մէջ Հայաստանի տարուայ ձեռնարկները:

Դեսպան Ժան-Ֆրանսուա Շարպանտիէ շնորհակալութիւն յայտնեց առանձնայատուկ ջերմ ընդունելութեան համար եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց հայ-ֆրանսական գործարար կապերու եւ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնններու զարգացման  ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքներու վերաբերեալ:

Աւարտին նախարար Հրանոյշ Յակոբեան  հիւրերուն նուիրեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի խորհրդանիշ անմոռուկը եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ տեղադրուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշակոթողներու` «Ցաւի, յիշողութեան եւ պայքարի կոթողներ» պատկերագիրքը:

Scroll Up